17 օգոստոսին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան ընդունած է Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սամուէլ Շահրամանեանը: Կողմերը քննարկած են հանրապետութեան մէջ առկայ խնդիրները, ներառեալ անվտանգային իրավիճակին առնչուող հարցերը:
Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձ եղած է կազմակերպչական աշխատանքներու թերացման եւ արտախորհրդարանական որոշ ուժերու անհեռատես ու պետական անվտանգութեան վնաս հասցնող քայլերուն:
Դաւիթ Իշխանեան կարեւորութեամբ շեշտած է հրատապ հարցերու օրակարգով Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրելու անհրաժեշտութեան մասին:
Սկսած հանդիպումներու շարքը, ըստ Ազգային ժողովի նախագահին, նպատակ կը հետապնդէ վերականգնել միջհամագործակցային կապը օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան մէջ գործող տարբեր կառոյցներուն հետ:


