Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերվար Միջազգայնականի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մարդասիրական Ճգնաժամի Վերաբերեալ

August 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ՀՅ Դաշնակցութեան արտաքին քարտուղարութիւնը ստացած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերեալ Ընկերվար միջազգայնականի յայտարարութիւնը, որ ամբողջութեամբ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս մտահոգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ահագնացող մարդասիրական ճգնաժամով:  Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շարունակական շրջափակումը պատճառ հանդիսացած է անտանելի իրավիճակի եւ քանի մը ամիս տեւած շրջափակման: Հայաստանէն սնունդի, դեղորայքի, կազի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումներէն զրկուածութիւնը արագօրէն կը յանգեցնէ շրջանին մէջ սովի եւ մարդասիրական աղէտի իրավիճակի:

12 դեկտեմբեր 2022-էն Լաչինի միջանցքի փակման ուղղուած ազրպէյճանական քաղաքականութիւնը, 9 յունուար 2023-էն Հայաստանէն Արցախը սնուցող միակ բարձր լարային ելեկտրագիծի խափանումը, 21 մարտ 2023-էն կազի մատակարարումներու խափանումը եւ աւելին` 15 յունիս 2023-էն ամբողջական շրջափակումը Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայ ժողովուրդի կենսապայմաններուն վրայ աղէտալի ազդեցութիւն ունին:

Մենք նկատի կ՛առնենք այն, որ 15 յունիս 2023-էն սնունդի, դեղորայքի եւ այլ առաջնային ապրանքներու մատակարարումը, ինչ որ նախապէս կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան կողմէ, դադրեցուած է Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով: Այս շարունակական շրջափակումը կը խախտէ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի Լաչինի միջանցքին վերաբերող իրաւականօրէն պարտադիր կատարում ենթադրող որոշումները:

Ընկերվար միջազգայնականը խորապէս անհանգստացած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին նկատմամբ վերահաս ցեղասպանութեան սպառնալիքի վերաբերեալ ահազանգներէն` բարձրացուած հեղինակաւոր մասնագէտներու եւ համապատասխան հիմնարկներու կողմէ, ինչպիսիք են Ցեղասպանութեան կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը եւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին գլխաւոր դատախազ ԼուիսՄորենօ Օքամփոն:

Ընկերվար միջազգայնականը Ազրպէյճանի կառավարութեան կը յորդորէ անյապաղ եւ անվերապահօրէն բանալ Լաչինի միջանցքն ու ապահովել մարդոց ու ապրանքներու տարանցումը երկու ուղղութիւններով` համաձայն իր միջազգային պարտաւորութիւններուն եւ միջազգային դատարաններու կողմէ պարտադիր իրաւակիրարկութիւն ենթադրող որոշումներու: Մենք նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մեր անդամ կուսակցութիւններուն կը յորդորենք միասին աշխատիլ` ապահովելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կայուն լուծումը:

Մենք միջազգային լայն հանրութեանը կոչ կ՛ուղղենք արագացնելու ջանքերը` յորդորելու Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի շրջափակումը:

Համերաշխութեամբ` յանուն յառաջընթացի»:

18 օգոստոս 2023

Նախորդը

Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն Կոչ Ուղղած Է Փոխզիջում Կատարելու Եւ Կարելի Դարձնելու Արցախ Հրատապ Անհրաժեշտ Մարդասիրական Մատակարարումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (21 Օգոստոս 2023)

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.