Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յ. Բագրատունի Չյուսալքուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Երիտասարդութեան

Օգոստոս 19, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հինգշաբթի, 17 օգոստոս 2023-ին դարձաւ «Վանայ Ձայն»-ի «Շապապ էլ եաում» յայտագիրին հիւրը:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ սերունդներուն միջեւ տարբերութիւններուն, եւ այս հարցի մասին խօսելով Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ անիկա բնական երեւոյթ է` նոյնիսկ հօր եւ որդիին կամ դստեր միջեւ:

«Անշուշտ սերունդներուն միջեւ այդ տարբերութիւնները ժխտական իմաստով տագնապ կարելի չէ նկատել, որովհետեւ անոնք խորքին մէջ տարբեր մօտեցումներ են` որոշ հարցերու շուրջ: Այսինքն` որոշ պայմաններու եւ միջավայրի մը մէջ որոշ սերունդի մը մօտ վարուելակերպն ու մտածողութիւնը կ՛ըլլայ բան մը, սակայն որոշ ժամանակ ետք, օրինակ` երեք տասնամեակ ետք, կը վկայենք, որ սերունդը փոխուած է, միջավայրը փոխուած է եւ հետեւաբար մտածողութիւնն ու վարուելակերպը կը փոխուին: Այսօր ես չեմ կրնար մտածել այնպէս, ինչպէս հայրս կը մտածէր, իւրաքանչիւր սերունդ իր մտածելակերպը ունի, սակայն սերունդներու միջեւ տագնապը լուրջ ընդունիլ եւ անոր հետ վարուիլ այնպէս, որ կրնայ երկիրը քանդել, իրատեսական չէ», ըսաւ ան:

Ակնարկելով կուսակցութիւններուն մէջ տիրող այդ իրականութեան` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ սերունդներու տարբերութիւնը հոն ալ կ՛երեւի եւ անիկա պէտք է ծառայէ նոր սերունդներուն կողմէ միջավայրը բարելաւելու եւ կուսակցութիւնը ամրապնդելու նպատակին: «Այս իրականութիւնը կը վերաբերի նաեւ հայկական կուսակցութիւններուն. եթէ տարբերութիւններ չըլլան, ապա զարգացում, յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճում չ՛ըլլար` աշխատանքի եւ աշխատելաոճի իմաստով: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով կարելի է հաստատել, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 133 տարեկան է, եւ ի միջի այլոց ընդգծեմ, որ անիկա Լիբանանի մէջ առաջին կուսակցութիւնն է, որ կազմակերպական կերպով սկսած է գործել 1902-էն սկսեալ, իսկ 1904-էն սկսեալ` պաշտօնապէս: Սերունդներուն միջեւ տարբերութիւնները կարեւոր են, որպէսզի տարբեր մօտեցումներ ըլլան եւ կարելի ըլլայ յստակ նպատակներու յանգիլ` ծառայելով կուսակցութեան գաղափարաբանութեան», հաստատեց ան:

Այսօրուան երիտասարդներուն կողմէ կուսակցութիւններէն եւ քաղաքական կեանքէն հեռու մնալու իրականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ անիկա համաշխարհային երեւոյթ մըն է:

«Այնպէս չէ, որ երիտասարդները քաղաքականութենէն հեռու կը մնան, սակայն կայ դաւադրութիւն մը կամ որդեգրուած միջազգային ծրագիր մը, որ կը միտի երիտասարդները մղել կեդրոնանալու իրենց անձերուն վրայ` անհատական հարցեր, ընկերային խնդիրներ եւ այլն: Եթէ մենք նկատի ունենանք 1968-ի Ֆրանսայի ուսանողական յեղափոխութիւնը, կամ վաթսունական ու եօթանասունական թուականներուն լատինական ու ափրիկեան երկիրներու մէջ բռնկած յեղափոխութիւնները, ապա պիտի տեսնենք, թէ անոնք երիտասարդական շարժումներ էին` յստակ մտածողութիւններ փոխելու: Հետեւաբար այսօր երիտասարդութիւնը թիրախաւորուած է` քաղաքական հարցերու, դասակարգերու տարբերութիւններուն, ժողովուրդներու դատերու հետապնդման իր կարողութիւններէն պարպուելու իմաստով: Ընդհանրապէս կը խօսուի տարբեր հարցերու մասին, ինչպէս` կենսոլորտի պահպանում, աղբերու հարց, ուժանիւթի խնդիրներ, միասեռականութիւն, տարբեր սեռերու իրաւունքներ, անասուններու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, Օզոն: Ճիշդ է, որ այս հարցերը կարեւոր են, սակայն պէտք է զգուշանալ եւ նշմարել, որ նման հարցեր հետապնդելով մենք կը շեղինք հիմնական դատերու հետապնդումէն, բան մը, որ մութ ուժեր կը փորձեն գործադրել: Նախապէս այդ փորձերը կը կատարուէին առեւանգումով եւ ահաբեկումով, սակայն այսօր որդեգրուած են կակուղ դիւանագիտութեան միջոցներ, որոնք կը մղեն քանդելու մշակոյթները, ժողովուրդը եւ քաղաքացիին մէջ մարդկութիւնը` զայն վերածելով թիւի եւ ապրանքի, որ ըստ այնմ կը գործածուի կամ կը վաճառուի: Եւ որովհետեւ տագնապալի երկիրներու մէջ մարդ արարածը ունակութիւնը ունի ենթարկուելու նման առաջարկներու, ապա կ՛ենթարկուի արտաքին աշխարհէն եկած բոլոր առաջարկներուն», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ կամ աւանդապահ հասարակութիւններու պարագային տակաւին չենք գիտեր արդիականութեան եւ Արեւմուտքին միջեւ տարբերութիւնը: «Կը մտածենք, որ արդիականութեան աղբիւրը Արեւմուտքն է եւ հոնկէ եկած ամէն բան լաւ է ու որակաւոր: Անշուշտ Արեւմուտքը ունի թեքնիք ու ընկերային բարգաւաճում եւ ունի յաւելեալ իրաւունքներ, սակայն Արեւմուտքէն եկած ամէն բան կարելի չէ գործադրել մեր երկիրներուն, ընկերութիւններուն ու միջավայրին մէջ` ըսելով, որ ասիկա արդիականութիւն է», յայտնեց ան:

Յ. Բագրատունի պատասխանելով հարցումի մը, որ կ՛անդրադառնայ քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին հայութեան որդեգրած դրական չէզոքութեան կեցուածքին, հաստատեց, որ ինք կը նախընտրէ այդ կեցուածքը կոչել յանձնառու չէզոքութիւն:

«Մենք յանձնառու մնացինք մեր չէզոքութեան, որ մեր համոզումէն կը բխէր: Լիբանան կ՛ուղղուէր դէպի պատերազմ, եւ պատերազմը Լիբանանի հարցերը պիտի չլուծէր: Մենք յանձնառու մնացինք եւ կը մնանք Լիբանանի անկախութեան, գերիշխանութեան, միասնականութեան ու համերաշխութեան: Մեր եւ այլ ուժերու միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ հայրենիք կորսնցուցած հայը լաւ գիտէր հայրենիքին եւ անկախութեան արժէքը, հետեւաբար կառչած կը մնար անոր հողին: Հետեւաբար Լիբանանի հայկական կուսակցութիւնները համաձայնեցան յանձնառու չէզոքութեան շուրջ: Նաեւ պէտք է աւելցնեմ, որ 1974-ին, երբ կը զգայինք լարուածութեան չափը եւ պատերազմի բռնկելու հաւանականութիւնը, այդ օրերէն մնայուն կերպով կոչ ուղղեցինք երկխօսութիւն կատարելու: Մենք կրցանք մեր կեցուածքին տէր կանգնիլ եւ այդ կեցուածքին գինը սուղ վճարեցինք, ո՛չ իսլամական եւ ո՛չ ալ քրիստոնէական ուժերը ըմբռնեցին մեր կեցուածքին ազգային ու հայրենասիրական տարողութիւնը: Մեր ակումբներուն վրայ յարձակումներ գործուեցան, սակայն աւելի ուշ բոլորը շեշտեցին, որ հայերը իրաւունք ունէին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ 1975-ի պատերազմը իրեն համար քաղաքացիական պատերազմ չէ, այլ` Լիբանանի մէջ այլոց պատերազմը: «Տարբեր ուժեր իրենց հաշիւներէն մեկնած լիբանանցիները մղեցին պատերազմի մէջ ներքաշուելու: Դժբախտաբար պատերազմը պատճառեց մեծաթիւ զոհեր, ժողովուրդը տառապեցաւ,  ապա ղեկավարները համաձայնութիւն գոյացուցին», աւելցուց ան:

7 մայիսի նախօրեակին դարձեալ ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով զգուշացուց լիբանանեան քաղաքական ուժերը, թէ երկիրը կ՛ուղղուի դէպի սադրանքի մթնոլորտ: Իւրաքանչիւր յայտարարութեան եւ յօդուածի մէջ անդրադարձայ այս իրականութեան, սակայն ոչ ոք անսաց, մինչեւ որ ստիպուեցանք ուղղուիլ Տոհա, եւ ապա ճնշումի տակ համաձայնիլ:

«Այսօր պատկերը նոյնն է, որեւէ հարց, որուն համայնքային կամ յարանուանական գունաւորում կը տրուի, կրնայ սադրանքի վերածուիլ: Լիբանանի հողը բերրի է` սադրանքներու իմաստով: Պէտք է հասնիլ այն համոզումին, որ քաղաքացիութիւնը կրօն եւ յարանուանութիւն չունի, հացի եւ դեղի պէտք ունեցող քաղաքացիին կարիքները առաջնահերթութիւն են եւ ոչ թէ անոր համայնքն ու յարանուանութիւնը: Կը մաղթեմ, որ անցեալէն օրինակներ քաղենք եւ եղբայրասպան կռիւներն ու արիւնահեղութիւնը երկրին հարցերուն լուծում չնկատենք: Վերջը ի՞նչ: Սադրանքէն եւ սպանութիւններէն ետք երիտասարդներուն պիտի ըսենք, որ այս երկիրը անյոյս է, արտագաղթեցէ՛ք: Վերջը` օր մը կը վերադառնաք եւ ձեր ծննդավայրը կը տեսնէք` վկայելով, որ մենք հոս համերաշխութեամբ կ՛ապրէինք, սակայն զիրար սպաննեցինք, եւ այն երկիրները, որոնք մեզի մղեցին, որ զիրար սպաննենք, համաձայն են իրարու հետ», շեշտեց ան:

Լիբանանի մէջ մնայուն կերպով իշխանութեան որեւէ տագնապէ ետք ապահովական միջադէպերու եւ ապա երկխօսութեան ուղղուելու աւանդութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ պէտք է շրջել այդ տարազը եւ ապահովական միջադէպերը դուրս ձգել այդ տարազէն` ապաւինելով երկխօսութեան եւ խորհրդակցութեան:

«Ան շեշտեց, որ կրակուած որեւէ փամփուշտի հետեւանքը կարելի չէ կանխատեսել, սակայն անոր փոխարէն կարելի է հանդիպիլ ու խօսիլ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ տարակարծութիւնները փարատել: Կարելի չէ ըսել, որ Լիբանանը վերջացած է, թերեւս Լիբանանի նկատմամբ հաւատքը նուազած է, սակայն կարելի չէ անձնատուր ըլլալ: Ամէնէն դիւրինը աւազապարկերով շինուած պատնէշներու դիմաց գնդացիրով կրակելն է, սակայն քաղաքակիրթ լեզուն շատ աւելի զօրաւոր է որեւէ հրթիռէ կամ փամփուշտէ», ընդգծեց ան:

17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային շարժումին հայ երիտասարդութեան մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ նոյն գիշերն իսկ կապուած է ՀՅ Դաշնակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու պատասխանատուներուն հետ եւ մղած զանոնք, որ իջնեն փողոց, որովհետեւ նախորդող երկու տարիներուն ՀՅ Դաշնակցութիւնը մնայուն կերպով բարեկարգումներ պահանջեց եւ տնտեսական սուր տագնապի մը ուրուականէն զգուշացուց:

«Մեր ուսանողներն ու երիտասարդները մասնակցեցան ժողովրդային այդ շարժումին: Անոնք չորրորդ օրը այցելեցին ինծի` շեշտելու համար, որ սխալ բան կայ եւ ամէն ինչ քաղաքականացուած է: Պատկերը յստակ է` ամերիկեան տոլարի փոխարժէքը 1500-էն 1700-ի բարձրանալէն ետք հարիւր հազարաւորներ բողոքի ցոյց կազմակերպեցին, այսօր` 130 հազար, 90 հազար հասած է, պենզինին սակը միլիոններու հասած է, ո՞ւր են, ընտելացած են մթնոլորտին, ոմանք նաեւ կ՛օգտուին ստեղծուած կացութենէն», յայտնեց ան:

Լիբանանցի երիտասարդներու արտագաղթին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ լիբանանցի երիտասարդներուն արտագաղթը միշտ ալ եղած է` Օսմանեան կայսրութեան օրերէն ցայսօր: Ան շեշտեց, որ անիկա ունի ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ տնտեսական դրդապատճառներ:

«Այսօր երիտասարդները կը սերտեն կարելիութիւնները եւ կը տեսնեն, որ այլ երկիրներու մէջ ուսանիլը աւելի մատչելի է, եւ ապագայի իմաստով յաւելեալ յոյս կայ: Անշուշտ այս իրականութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է տնտեսական բաժինին: Իսկ քաղաքական առումով կը նշմարեմ, որ կայ քաջալերանք որոշ համայնքի մը պատկանող երիտասարդներուն արտագաղթի յաւելեալ առիթ ընծայելու: Իմ կարծիքովս, մենք` իբրեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներ,  Արեւմուտքին համար գլխացաւ ենք: ՏԱՀԵՇ-ի ամէնէն վատ օրերուն, երբ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներ կը սպաննուէին, Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունէի Զուիցերիոյ Ծերակոյտի նախագահին հետ, երբ կ՛ընկերակցէի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Անոր հարց տուի, թէ քրիստոնեայ Եւրոպան ո՞ւր է այս կացութեան մէջ: Անոր պատասխանը եղաւ. «Կը ներես,  քրիստոնեայ Եւրոպա գոյութիւն չունի: Եւրոպացիներուն 40 առ հարիւրը իրենք զիրենք քրիստոնեայ չեն տեսներ»: Իսկապէս ալ ճիշդ էր: Անոնք կրօնին կարեւորութիւն չեն տար, իսկ մնացեալը իրենց շահերը գիտեն: Հետեւաբար մենք պէտք չէ մտածենք, որ Եւրոպան մեզի փրկութեան կը հասնի: Այո՛,  Միջին Արեւելքը կրօններու բնօրրանն է, սակայն դժբախտաբար պէտք է ըմբռնել նաեւ, որ տարբեր երկիրներուն համար նաւթն ու կազը, այլ խօսքով` շահերը, շատ աւելի կարեւոր են, քան Աստուածաշունչը կամ Քորանը: Հետեւաբար, եթէ մեծ պետութիւններուն համար քրիստոնեաները գլխացաւ են, ապա անոնք իրենց դռները կը բանան անոնց դիմաց, որպէսզի անոնք արտագաղթեն», նշեց ան:

Հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անցեալի եւ ներկայի դրութեամբ արժէքներու չափանիշներուն: Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս վնաս կրած արժէքներէն մէկը յարգանքն է, որ մեծ համեմատութեամբ նուազած է, ինչպէս նաեւ կրօնէն հեռանալու իրականութիւնն ու ընտանեկան աւանդութիւնները:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ համաշխարհայնացումի եւ անհատական քմահաճոյքի ալիքներով տարուելու իրականութիւնները վտանգաւոր են բոլորին համար, ոչ միայն փոքրամասնութիւններուն, այլ` բոլորին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կա՞յ դէպք մը, որուն ընթացքին ան կիրքով ու մղումով վարուած է աւելի երիտասարդ տարիքի, սակայն հիմա աւելի իմաստուն կը փորձէ վարուիլ նոյն դէպքին պարագային, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Չկայ այդպիսի բան: Նոյն ձեւով կը վարուիմ: Ճիշդ է, որ իբրեւ պատասխանատու ղեկավար կը պաշտպանես երիտասարդներդ, հասարակութիւնը: Շատ լաւ կը յիշեմ, երբ Էրտողան Լիբանան այցելեց, եւ մենք Նահատակաց հրապարակին վրայ կազմակերպած էինք բողոքի ցոյց մը` անոր դէմ: Օրին դիտմամբ Էրտողանի լուսանկարը զետեղած էին հրապարակին վրայ` մեր կողմէ զետեղուած ամպիոնին ետեւ գտնուող երկաթեայ սիւնի մը վրայ: Բնականաբար տարիքի բերումով պէտք էր կիրքերս զսպէի, սակայն չկրցայ, եւ ուղղուեցայ Ներքին ապահովութեան ուժերուն ու ոստիկաններուն հետ վիճաբանելու, թէ այդ լուսանկարը պէտք է ելլէ` հաստատելով, որ անձամբ պիտի ելլեմ լուսանկարը վերցնեմ, շեշտելով, որ իբրեւ երեսփոխան անձեռնմխելի եմ, եւ չեն կրնար արգիլել զիս: Իսկական կռիւ մըն էր, եւ օրին այդ մասին լրատուամիջոցներն ալ յայտարարեցին, սակայն Էրտողանին լուսանկարը վերացուցինք: Այո՛, ունիմ մղումներ, սակայն իմաստուն եմ այն աստիճանի, որ խորհուրդ տամ երիտասարդութեան եւ զանոնք սխալներու մէջ իյնալէ պաշտպանեմ, որովհետեւ գիտեմ աւելի ուշ գալիք քաղաքական հետեւանքները»:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք յոգնած կը զգա՞յ եւ պիտի դադրի՞ քաղաքական աշխատանքէն, Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ շատեր կը փափաքին նման արտայայտութիւն լսել իրմէ, «սակայն չեմ յոգնած: Իսկ քաղաքական աշխատանքի մէջ շարունակելու որոշումը իմս չէ, կուսակցականներն ու ժողովուրդը կ՛որոշեն: Մենք չենք դաստիարակուած այնպէս, որ յոգնինք: Պատասխանատուութիւնը շարունակականութիւն է` ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ըլլամ կամ ոչ: Եթէ ինծի օր մը ըսեն, որ պէտք է հանգիստ ընեմ այլեւս, այո՛, Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ եւ երեսփոխան ըլլալէ կը դադրիմ, սակայն կը մնամ ՀՅ Դաշնակցութեան կուսակցական ծառայութեան ուղիին վրայ: Ասիկա իմ արեանս մէջ է, եւ չեմ յոգնիր մինչեւ մահ», հաստատեց ան:

Երիտասարդներուն, յատկապէս կուսակցական երիտասարդներուն պատգամ մը փոխանցելով Յ. Բագրատունի կոչ ուղղեց  չյուսալքուելու, միշտ նախաձեռնելու, աշխուժ մնալու, իրենց կեցուածքին տէրը ըլլալու, իրենց որոշումները յարգելու` առանց այլոց կեղծ կարգախօսներով տարուելու կամ անոնցմէ ազդուելու, ստուգելու ճշմարտութիւնը, մնայուն կերպով պահանջելու եւ աշխատելու` առանց պատասխանատուութենէ փախուստ տալու:

«Կուսակցական ըլլալը զիջում կը պահանջէ, թող իրենց ժամանակը տան կուսակցական գործին: Իսկ անոնք, որոնք իրենց ժամանակը տուած են այդ գործին ու կը շարունակեն նոյն ընթացքով, անոնց վարձքը կատար` այն ակնկալութեամբ, որ աւելի եւս տոկան: Լիբանան պիտի վերականգնի` այլ ելք չկայ, եւ մենք պիտի ըլլանք Լիբանանի փրկութեան ազդակներէն մէկը», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

 

 

Նախորդը

Քահալէի Միջադէպին Գծով Հետաքննութիւնը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Ըստ Հայաստանի Մէջ Չինաստանի Դեսպանին. Չինաստանը «Զանգեզուրի Միջանցք»-ի Հետ Կապ Չունի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?