Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին  Շուտափոյթ Լուծո՞ւմ

Լիբանանի Քաղաքական Տագնապին Շուտափոյթ Լուծո՞ւմ

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան 12-րդ նիստին արձանագրած ձախողութեան լոյսին տակ տեղական ուժերը բաւարարուեցան շեշտելով երկխօսութեան կարեւորութիւնը` կարծէք նոր անդրադառնալով, որ երկրին հարցերուն եւ տագնապներուն լուծման միակ միջոցները երկխօսութիւնն ու համախոհութեան գոյացումն են: Այս շրջագիծին մէջ շրջանային եւ միջազգային ջանքեր երեւան եկան Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծում գտնելու նպատակով: Միւս կողմէ, Լիբանանի նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առնչուած քաղաքական հեղինակութիւններ ընդգծեցին, որ նախագահական ընտրութեան...

Բանակի Հրամանատարութիւնը Կը Վերահաստատէ  Իր Դիրքորոշումը` Յորդորելով  «Դադրեցնել Անհիմն Մեղադրանքները»

Ազրպէյճան Կրակած Է Երասխի Մէջ Կառուցուող Գործարանի Ուղղութեամբ. Վիրաւորուած Է Շինարարութեան Վրայ Աշխատող 2 Օտարերկրացի

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը 14 յունիսի ժամը 11:45-ի սահմաններուն մէջ կրակ բացած են Երասխի մէջ օտարերկրեայ ներդրումներու միջոցով կառուցուող մետաղագործական գործարանի ուղղութեամբ, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած է օտարերկրացի 2 քաղաքացի: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: «Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ժամը 11:30-ի սահմաններուն մէջ տարածելով ապատեղեկատուութիւն այն մասին, թէ իբրեւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերը...

Ռուստամեան. «Ոչ Ոք Պիտի Պաշտպանէ Քեզ,  Եթէ Դուն Քայլ Չես Կատարեր»

Ռուստամեան. «Ոչ Ոք Պիտի Պաշտպանէ Քեզ, Եթէ Դուն Քայլ Չես Կատարեր»

«Երասխի դէպքերը անգամ մը եւս կ՛ապացուցեն, որ եթէ կ՛ուզես խաղաղութիւն, ապա պէտք է կարենաս պաշտպանել այդ խաղաղութիւնը», Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան: «Մենք ունինք դրացիներ, որոնք արդէն երկար տարիներ միայն ուժի սպառնալիքի միջոցով հարցեր կը լուծեն, եւ վերջին իրադարձութենէն ետք ալ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը...

Յ. Բագրատունի. «Ազգային Շահերը  Կը Գերադասեն Հաշուարկի Տրամաբանութիւնը»

Յ. Բագրատունի. «Ազգային Շահերը Կը Գերադասեն Հաշուարկի Տրամաբանութիւնը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի նախագահական ընտրութեան նիստէն ետք խորհրդարանին մէջ գտնուող լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով յայտնեց, որ նախքան նախագահական ընտրութեան 12-րդ նիստին ներկայանալը կը վերյիշէր նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիին արտայայտութիւնը` հաշուարկին վերջ տալու վերաբերող: «Այս նիստը ցուցանիշ է, թէ հաշուարկի ընդմէջէն կարելի չէ հանրապետութեան նախագահ ընտրել կամ հայրենիքի պահպանման ընթացքը շարունակել», շեշտեց ան`...

Խորհրդարանի Գումարած 12-րդ Նիստին Ընթացքին Եւս Կարելի Չեղաւ Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել

Երկրին հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու նպատակով, խորհրդարանը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին գումարեց իր 12-րդ նիստը` նախագահութեամբ իր նախագահին` Նեպիհ Պըրրիի: Բնական կարգով ընթացած նիստը, որմէ ոչ մէկ երեսփոխան բացակայեցաւ, կատարեց իր պարտականութիւնը եւ առաջին փուլի փակ քուէարկութիւնը: Քուէարկութիւնը պարզեց հետեւեալ պատկերը. Ժիհատ Ազուր (59 քուէ), Սլէյման Ֆրենժիէ (51 քուէ), Զիատ Պարուտ (6 քուէ), Ժոզեֆ Աուն (1 քուէ), Ժիհատ...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Համահայկական Զօրաշարժի Կոչով

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովը ճակատագրական այս փուլին կոչ ուղղեց համահայկական զօրաշարժի: Այս մասին նշուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 26-րդ Գերագոյն ժողովին տարածած յայտարարութեան մէջ, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ: Սիրելի հայրենակիցնե՛ր, Հայ ժողովուրդը եւ հայոց պետականութիւնը կանգնած են գոյութենական ծանրագոյն սպառնալիքի առջեւ: Հայաստանի իշխանութիւնների որդեգրած ապազգային քաղաքականութիւնը` Արցախի ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ուրացումը,  ՀՀ Անկախութեան հռչակագրից բխող յանձնառութիւններից եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութեան երաշխաւորի...

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն  Մարմինի Մամլոյ Ասուլիսը

ՀՅԴ Հայաստանի Նորընտիր Գերագոյն Մարմինի Մամլոյ Ասուլիսը

Երէկ` երեքշաբթի, 13 յունիսին ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի նորընտիր Գերագոյն մարմինի անդամներու մամլոյ ասուլիսը: ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան խօսեցաւ յառաջիկայ գլխաւոր ընելիքներուն եւ մարտավարութիւններուն մասին: «Մենք պէտք է հասնինք այն բանին, որ այդ փաստաթուղթը չստորագրուի, ատոր համար ժողովուրդը պէտք է դուրս բերենք պայքարի», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: «Եթէ իշխանութիւնը հասկնայ, որ չկայ դիմադրութիւն,...

Ակնարկ.   Խորհրդարանի Նիստ Նախագահ Չընտրելու Համար

Ակնարկ. Խորհրդարանի Նիստ Նախագահ Չընտրելու Համար

Խորհրդարանի այսօրուան նիստը կը գումարուի չընտրելու համար հանրապետութեան նախագահ: Քրիստոնեայ քաղաքական դաշտի թէական միաւորման բուն շարժառիթները նախագահի թեկնածուի շուրջ կը շարունակեն կրել որոշ հարցականներ: Քուէարկութեան համապատկերը սակայն միանշանակ չէ: Թուաբանութիւնը յստակ թիւերու գումարումներ չի պարզեր, այն առումով, որ իւրաքանչիւր դաշտ բացարձակ ամբողջութեամբ չէ դիրքորոշուած: Համայնքային առումով եւ ընդհանուր հաշուով մարոնի-շիի միջհամայնքային մրցում կը նախատեսուի, տիւրզի համայնքի դիրքորոշումով` ի նպաստ առաջինին:...

Նախագահական Ընտրութեան 12-րդ Նիստը  Նախագա՞հ Պիտի Արտադրէ, Թէ՞ Այլ Բեմագրութեամբ  Ներկայացում Մը Պիտի Ըլլայ

Նախագահական Ընտրութեան 12-րդ Նիստը Նախագա՞հ Պիտի Արտադրէ, Թէ՞ Այլ Բեմագրութեամբ Ներկայացում Մը Պիտի Ըլլայ

Նախագահական ընտրութեան այսօրուան նիստը` 12-րդը, որուն ընթացքին հիմնական երկու թեկնածուներուն ի նպաստ քուէարկութիւն պիտի կատարուի, նախատեսուած է ըլլալ քաղաքական ուժերուն տեղացնելիք քուէներուն ուժը չափելու նիստ մը: Կան նաեւ քաղաքական որոշ ուժեր, որոնք կրնան այլ անձնաւորութիւններու անուններ արձանագրել եւ կամ սպիտակ քուէով մասնակցիլ ընտրութեան: Այս կը նշանակէ, թէ նախագահական ընտրութեան նիստը կրնայ հանրապետութեան նոր նախագահ չարտադրել, այլ` լիբանանցիներուն տրամադրել այլ բեմագրութեամբ...

Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Սոթքի Հատուածին Մէջ  Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճան Կրակ Բացած Է Սոթքի Հատուածին Մէջ Տեղակայուած Հայկական Դիրքերուն Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանի զինեալ ուժերուն ստորաբաժանումները 12 յունիսի ժամը 14:15-ին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Սոթքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու ուղղութեամբ` կիրարկելով նաեւ ականանետ: «Արմէնփրես» այս մասին տեղեկացած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութենէն, որուն մէջ նաեւ կը նշուի, որ հայկական կողմը տուժածներ չունի:  

Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Նախօրեակին  Նոր Նախագահ Մը Ունենալու  Անհաւանականութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Նախագահական Ընտրութեան Նիստի Նախօրեակին Նոր Նախագահ Մը Ունենալու Անհաւանականութիւնը Կը Մնայ Տիրական

Չորեքշաբթի, 14 յունիս 2023-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին գումարելիք նախագահական ընտրութեան նիստը կը մնայ առկայ, իսկ անոր զուգահեռ հանրապետութեան նոր նախագահ մը ունենալու անհաւանականութիւնը կը մնայ տիրական: Նախագահական ընտրութեան նիստին քաղաքական ուժերու եւ երեսփոխանական պլոքներու քուէներու վերացական հաշուարկը, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին ընտրելիք թեկնածուին մասին պրպտումներն ու յստակացումները կը շարունակուին` ընտրական մթնոլորտը վառ պահելով: Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի...

Հերքելով Պաքուի Պնդումը`  Երեւան. «Նախիջեւան Տանող Հաղորդակցութեան  Ուղիները Հայաստանի Տարածքին Մէջ Ռուսիոյ  Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութեան Կողմէ  Հսկելու Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած»

Հերքելով Պաքուի Պնդումը` Երեւան. «Նախիջեւան Տանող Հաղորդակցութեան Ուղիները Հայաստանի Տարածքին Մէջ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութեան Կողմէ Հսկելու Համաձայնութիւն Չէ Գոյացած»

Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակը անդրադարձած է Ազրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի այն յայտարարութեան, թէ Նախիջեւան տանող հաղորդակցութեան ուղիները Հայաստանի տարածքին մէջ պիտի հսկեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան (ԱԴԾ) սահմանապահները: Պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի հարցումին` փոխվարչապետ Գրիգորեանի գրասենեակէն ըսած են. «Եռակողմ աշխատանքային խումբի քննարկումներուն ընթացքին, ներառեալ վերջին հանդիպումը, նման համաձայնութիւն ձեռք չէ բերուած: Հայաստանի դիրքորոշումը եղած է եւ կը շարունակէ մնալ այն, որ...

Ազրպէյճանի Զինուժը Արցախի Մէջ  Խախտած Է Հրադադարը

Ազրպէյճանի Զինուժը Արցախի Մէջ Խախտած Է Հրադադարը

10 յունիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը Արցախի հետ շփման գիծի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ խախտած է հրադադարը` կիրարկելով հրաձգային զէնք եւ ականանետ, կը յայտնէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը` նշելով, որ ժամը 12:20-ի սահմաններուն մէջ ազրպէյճանական կողմը 60 մմ տրամաչափի ականանետէ 3 ական արձակած է պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը, ըստ հաղորդագրութեան, կորուստներ չունի: Հրադադարի խախտման մասին հաղորդուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի...

Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն  Ընդունած Է Արցախցիներուն Հրատապ  Օգնութիւն Տրամադրելու Բանաձեւ Մը

Փարիզի Քաղաքային Խորհուրդը Միաձայն Ընդունած Է Արցախցիներուն Հրատապ Օգնութիւն Տրամադրելու Բանաձեւ Մը

Փարիզի քաղաքային խորհուրդը օրերս միաձայն ընդունած է «Արցախի ժողովուրդին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ապաստանած արցախցիներուն հրատապ օգնութեան տրամադրման» վերաբերեալ բանաձեւ մը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին կը յայտնեն Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութենէն: Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր Ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակման հետեւանքով Արցախի 120 հազար բնակիչի` մնացեալ աշխարհէն կտրուած ըլլալու հանգամանքը, յղում կը կատարուի 27 նոյեմբեր...

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք,  Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին  Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի»  Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

«Էհտենի Սպանդին Օրը Անոնք Եկան, Երբ Քնացած Էինք, Իսկ Այսօր Արթուն Ենք. 13 Յունիսին Պատահածը 14 Յունիսին Պիտի Չպատահի» Շեշտեց Սլէյման Ֆրենժիէ

Կազմակերպութեամբ Մարատա հոսանքին, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, նախկին նախագահ Սլէյման Ֆրենժիէի պալատին մէջ նշուեցաւ Էհտենի սպանդին 45-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, անոր ընտանիքը, սպանդի նահատակներուն ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հակառակ անոր որ պաշտօնական հրաւէրներ չէին ուղղուած: Էհտենի սպանդին ընթացքին զոհուածներու յիշատակին մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք խօսք առաւ նախագահական ընտրութեան թեկնածու Սլէյման Ֆրենժիէ: Ան...

Ռիատի Մէջ.   Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ  Պայքարի Խորհրդաժողովին

Ռիատի Մէջ. Պու Հապիպ Մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարի Խորհրդաժողովին

Ընդառաջելով Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան Ալ Սէուտի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրաւէրին, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ Ռիատի մէջ մասնակցեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի խորհրդաժողովին: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պու Հապիպ բարձր գնահատեց այս խորհրդաժողովը կազմակերպելու ջանքերը, որոնք պիտի կեդրոնանան ՏԱՀԵՇ-ին եւ մեր երկիրներուն, հասարակութիւններուն,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Ինքնորոշման  Իրաւունքը Սակարկութեան Նիւթ Չի Կրնար Դառնալ»

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Արցախի Ինքնորոշման Իրաւունքը Սակարկութեան Նիւթ Չի Կրնար Դառնալ»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած է գրառում մը, որուն մէջ շեշտած է, որ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը չի կրնար սակարկութեան նիւթ դառնալ: «Ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը միջազգային օրէնքի անբաժան մասը կը կազմէ: Հետեւաբար, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը սակարկութեան նիւթ չի կրնար դառնալ», գրած է վեհափառ հայրապետը, ապա այլ գրառումով մը աւելցուցած. «Համաձայն միջազգային իրաւունքի, ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք,...

Կոչ

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Կազմակերպութեան Հերթական` 26-րդ Գերագոյն Ժողովը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ երէկ իր աշխատանքներուն սկսած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան հերթական` 26-րդ Գերագոյն ժողովը: Անիկա յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի քննէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի հաշուետու ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը, պիտի անդրադառնայ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, պիտի ուղենշէ կուսակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան յառաջիկայ երկու տարիներու գործունէութեան ռազմավարութիւնը եւ մարտավարութիւնը, ինչպէս նաեւ...

Սոչիի Մէջ Փութին-Փաշինեան  Հանդիպում

Սոչիի Մէջ Փութին-Փաշինեան Հանդիպում

Երէկ Սոչիի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Փաշինեան հանդիպումի ընթացքին Բերձորի միջանցքին մէջ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած կացութիւնը նկատեց ճգնաժամային, ան Փութինը հրաւիրեց քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ տիրող կացութիւնը: Փութին իր կարգին առաջարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններու եւ շրջանային խնդիրներու մասին խօսիլ: «Ես շատ ուրախ եմ, որ...

Page 231 of 796 1 … 230 231 232 … 796

Արխիւներ