Ամերիկացի փաստաբան, մարդու իրաւունքներու եւ միջազգային օրէնքի յառաջատար մասնագէտ Ալֆրետ տը Զայաս անդրադարձած է Արցախի մէջ տիրող կացութեան եւ վրդովմունք յայտնած: Ան այդ առնչութեամբ գրառում կատարած է «Էքս»-ի վրայ:
«Հիմնական լրատուամիջոցները ձեզի չեն տեղեկացներ, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն սովամահութեան դէպքեր կան: Անոնք յառաջացած են Ազրպէյճանի ապօրինի շրջափակման պատճառով: Ո՞ւր է վրդովմունքը: Ինչո՞ւ ոչ ոք ուշադրութիւն չի կեդրոնացներ հայերու ինքնորոշման վրայ», գրած է հեղինակաւոր փաստաբանը: