21 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի Եւլախ քաղաքին մէջ հանդիպում ունեցան Պաքուի եւ Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները, որոնց միջեւ բանակցութիւնները տեւեցին քանի մը ժամ:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, Եւլախի մէջ բանակցութիւնները վարեց պատգամաւոր Ռամին Մամետով, որ այս տարուան մարտին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ նշանակուեցաւ Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն հետ շփումներու պատասխանատու:
Ազրպէյճանական պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նաեւ Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւ եւ յատուկ առաքելութեան աշխատակից Իլքին Սուլթանով:
Միջազգային լրատուամիջոցներու բացակայութեան տեղի ունեցած հանդիպումին մասին տեղեկացուց ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը` նշելով, որ ղարաբաղեան կողմը կը ներկայացնէր Սերկէյ Մարտիրոսեան (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեան (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ):
Աւելի ուշ, Արցախի տեղեկատուական շտապը ներկայացուց Ստեփանակերտի դիրքորոշումը այս հանդիպման մասին` յայտնելով. «21 սեպտեմբերին ռուսական միջնորդութեամբ Եւլախ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում: Գործնական մթնոլորտի մէջ անցած հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկուստեք կարեւորութիւն ունեցող շարք մը հարցեր: Կողմերը յատուկ ընդգծած են, որ առկայ բոլոր հարցերը անհրաժեշտ է քննարկել խաղաղ մթնոլորտի մէջ` հանդիպումները շարունակելու պատրաստակամութեամբ»:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց նաեւ Ազրպէյճանի նախագահականը, որ հանդիպումը դրական որակեց` նշելով, որ անիկա ընթացաւ կառուցողական մթնոլորտի մը մէջ:
«Քննարկումներ ծաւալեցան ենթակառուցուածքներու վերականգնման, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան վերահամարկման եւ Ազրպէյճանի սահմանադրութեան ու օրէնքներուն հիման վրայ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան գործունէութեան կազմակերպման վերաբերեալ», նշուեցաւ վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Ըստ Պաքուի, բաւարարուեցաւ Ղարաբաղի հայերու խնդրանքը` մարդասիրական օգնութիւն` պարէնային ապրանքներու եւ վառելանիւթի:
Ընդգծուեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի «հակաահաբեկչական միջոցառումներու» կասեցման վերաբերեալ 20 սեպտեմբերի յայտարարութեան դրոյթներու արագ իրականացման կարեւորութիւնը:
Կողմերը համաձայնեցան հանդիպումները շարունակել:


