«Խօսելու ժամանակը վերջացած է, պէտք է սկսիլ գործողութեան», 21 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հրաւիրուած հանրահաւաքին յայտարարեց Հայաստանի նախկին վարչապետ Վազգէն Մանուկեան:
Ան ընդգծեց, որ այսօր Արցախը արիւնաքամ կ՛ըլլայ եւ ոչ մէկ պաշտպան ունի:
«Որեւէ երկիր իր քաղաքացիի` մէկ հոգիի համար օդանաւ կ՛ուղարկէ: Արցախի մէջ երեխաներ կը զոհուին, մայրեր, տղամարդիկ մինչև վերջ կը պայքարին: Մինչեւ հիմա դեռ որոշ տեղերու մէջ պայքարը ընթացքի մէջ է: Ինչպէ՞ս կրնայ այսպիսի իշխանութիւն ըլլալ Հայաստանի մէջ: Այս իշխանութիւնը գոյութիւն չունի, դո՛ւք էք իշխանութիւնը», դիմելով հանրահաւաքի մեծաթիւ մասնակիցներուն` ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:
Ան շեշտեց, որ Երեւանի մէջ կը սկսին զանգուածային գործողութիւններ, որոնք պէտք է հասնին սպասուած փուլին, իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կը սխալի` կարծելով, թէ քանի մը օր ետք հանրահաւաքները պիտի աւարտին:
«Ո՛չ: Այն ցեղասպանութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող իշխանութեան պատճառով եւ մեղքով տեղի կ՛ունենայ Արցախի մէջ, պիտի մտնէ Հայաստան: Մենք կը սկսինք զանգուածային անհնազանդութեան գործողութիւններուն: Անոնց պէտք է միանայ ոչ միայն Երեւանի բնակչութիւնը, շրջաններէն ալ պէտք է գան Երեւան` մասնակցելու», ըսաւ Վազգէն Մանուկեան:
«Մենք 5 հոգիով կազմեցինք Ազգային կոմիտէ, որուն կազմին մէջ են Հայկ Մամիջանեանը, Աւետիք Չալաբեանը, Անդրանիկ Թեւանեանը, Իշխան Սաղաթէլեանը եւ ես: Մենք պէտք է հարցի լուծում տանք ըստ կարելւոյն օրինական կերպով եւ մեզի համար մեծ նշանակութիւն ունին այն գործընկերները, որոնք կը գտնուին Ազգային ժողովին մէջ, բայց ըստ կարելւոյն շուտ պէտք է սկսիլ անհնազանդութեան գործողութիւններուն: Վաղը` ժամը 11:00-ին այստեղ պիտի կայանայ է կառավարութեան նիստ, բայց մենք ժամը 10:00-ին պիտի շրջափակենք կառավարութեան շէնքը», յայտարարեց Վազգէն Մանուկեան:
«Ձեզմէ իւրաքանչիւրը այս օրերուն զրկանքներու, տառապանքի գնով, դիմադրելով բռնութիւններուն, կը պայքարի մէկ նպատակի համար` ի պաշտպանութիւն Հայաստանի եւ Արցախի: Ձեզմէ որեւէ մէկը այս օրերուն այս հրապարակին մէջ չէ, այս հարթակէն որեւէ մէկը իշխանութեան բերելու համար: Ըսած եմ քանի մը անգամ, մէկ անգամ եւս կը կրկնեմ. մենք բոլորս չենք պայքարիր անոր համար, որ մեզմէ որեւէ մէկը իշխանութիւն ըլլայ, այլ կը պայքարինք առհասարակ, որ Հայաստանը իշխանութիւն ունենայ: Հետեւաբար` ձեր պայքարը սրբազան պայքար է: Արցախը ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուի, մեր քոյրերը եւ եղբայրները ողբերգութեան ու աղէտի մէջ են: Աշխարհի մէջ որեւէ հայ մարդ չի կրնար անտարբեր ապրիլ, մեր քոյրերն ու եղբայրները ցեղասպանութեան եզրին են», 22 սեպտեմբերին Հանրապետութեան հրապարակին մէջ հանրահաւաքի ժամանակ ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Իշխան Սաղաթէլեան նշեց, որ այս շարժումը միւս բոլորէն կը տարբերի անով, որ մարդիկ ինքնաբուխ կը կազմակերպուին եւ ցանցային, ապակենտրոն պայքար կը տանին: Այս օրերուն շուրջ 500 հոգիի բերման ենթարկած են, քրէական գործեր կը յարուցեն, որպէսզի կարենան կասեցնել ընդդիմութեան պայքարը:


