Հայաստան նամակ յղած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Ֆրանսային` խնդրելով արտակարգ նիստ հրաւիրել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի լայնածաւալ զինուորական յարձակումին վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը` աւելցնելով, որ նիստը տեղի պիտի ունենայ 21 սեպտեմբերին:
«Յստակ դատապարտման եւ համապատասխան գործողութիւններու շտապ պահանջարկ կայ», «Էս» ընկերային ցանցի վրայ գրած է ան:
Նախքան այդ, Փարիզ յայտնած էր, որ նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի հրաւիրել: