ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի հրաւէրով գումարեց Արցախի հարցով նիստ մը, որուն ընթացքին խօսք արտասանեցին Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Չինաստանի, Պրազիլի, Էքուատորի, Ալպանիոյ, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ շարք մը այլ երկիրներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը:
Գրեթէ բոլորը դատապարտեցին Լեռնային Ղարաբաղի վրայ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումը եւ կոչ ուղղեցին վերաբանալու Բերձորի միջանցքը:
Անոնք ի գիտութիւն ընդունեցին զինադադարի մասին հաղորդագրութիւնը եւ ընդհանուր առմամբ ողջունեցին Եւլախի մէջ Ազրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումի փաստը:
Բոլոր խօսք առնողները ընդգծեցին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու իրաւունքները, ներառեալ իրենց հայրենիքի մէջ ապրելու իրաւունքը, պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Ռուսիոյ Ներկայացուցիչ. «Պէտք Է Ճամբու Քարտէս Մշակենք Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութիւնը Ազրպէյճանի Սահմանադրական Կարգին Համարկելու Համար. Այս Հոլովոյթին Գործօն Կերպով Պիտի Աջակցին Ռուս Խաղաղապահները»
Ռուսիան կը նկատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի: Այս մասին յայտարարեց ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Տմիթրի Փոլիանսքի:
Ան նշեց, որ մարտական գործողութիւններու վերսկսման պահէն ի վեր ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կապի մէջ եղած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ, որ արիւնահեղութիւնը դադրի: «Ամէնէն վտանգաւոր շրջաններէն տարհանուած են շուրջ 5000 քաղաքացիներ, որոնցմէ շուրջ 1000 քաղաքացիներու, մարդոց կացարան տրամադրուած է եւ ճամբար: Խաղաղապահներուն մօտ անոնք պաշտպանուած են հրետակոծութենէն…», ըսաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
Փոլիանսքի մարտական գործողութիւններու վերսկսումը չարտօնելն ու կացութիւնը քաղաքական հուն վերադարձնելը նկատեց կարեւորագոյնը: «Ռուսիան կը շարունակէ յառաջատար դեր խաղալ` աջակցելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթին: Եւ ոեւէ մէկէ աւելի մենք շահագրգռուած ենք այս կացութեան կարելի եղածին չափ շուտ լուծումով», ըսաւ ան:
Ան նշեց, որ Ռուսիան կը հաւատայ, որ հայ-ազրպէյճանական խաղաղութիւնը պէտք է ուղեկցուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան համար անվտանգութեան յստակ ու միանշանակ երաշխիքներով եւ մարդու իրաւունքներու յարգման երաշխիքներով` հիմնուելով միջազգային սկզբունքներուն վրայ:
«Տագնապի լուծման համապատասխան շրջագիծերը յայտարարուած են Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ Եւրոպական Միութեան վեհաժողովներուն ընթացքին, ուր իրենք ճանչցած են, որ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս է: Միեւնոյն ժամանակ, այդ վեհաժողովներու աւարտական հռչակագիրներուն մէջ, որոնց Երեւանը տուած է իր համաձայնութիւնը, Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու, անվտանգութեան երաշխաւորման նիւթը պարզապէս դժբախտաբար բաց ձգուած է: Մենք կ՛ակնկալենք, որ Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ հաղորդակցութիւններուն հիմամբ կարելի պիտի ըլլայ ըստ կարելւոյն շուտ թեթեւցնելու շրջանին մէջ մարդասիրական կացութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներու առօրեայ կեանքին մէջ կայունութիւն ապահովելու: Մենք ամէն կարելի ձեւով ատոր պիտի աջակցինք: Մենք պէտք է աստիճանաբար ճամբու քարտէս մշակենք Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան Ազրպէյճանի սահմանադրական կարգին համարկելու համար` յստակօրէն երաշխաւորելով անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը: Այս հոլովոյթներուն գործօն կերպով պիտի աջակցին ռուս խաղաղապահները», ըսաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
Ան յիշեցուց 2020 եւ 2022 թուականներու եռակողմ յայտարարութիւններուն մասին, որոնք իրաւական հիմքեր կը նախատեսեն` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Ռուսիա հաւատացած է, որ միակ իրական կայուն լուծումը անոնք կրնան ապահովել Հարաւային Կովկասի այս տագնապին համար:
«Ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան այլընտրանք գոյութիւն չունի: Մենք մտադիր ենք շարունակել աշխատանքները յարաբերութիւններու բնականոնացման բոլոր ուղղութիւններով, որոնց համաձայնութիւն տուած են 3 ղեկավարները` ներառեալ խաղաղութեան համաձայնագիրի մշակում, փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան ապաշրջափակում, սահմանագծում եւ դրացի ժողովուրդներու միջեւ կացութեան բնականոնացում», ըսաւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչը:
Քոլոնա. «Պէտք Է Զգօն Մնալ, Եթէ Փորձեն Հայաստանը Ներքաշել Այս Ողբերգական Իրադարձութիւններուն Մէջ Եւ Ատիկա Օգտագործել Իբրեւ Պատրուակ Անոր Ամբողջականութիւնը Հարցականի Տակ Առնելու Համար»
Ֆրանսան Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի հրաւիրած է` հաշուի առնելով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան լրջութիւնը: Շաբաթներ շարունակ մեծածաւալ զօրք ու սպառազինութիւն կուտակելէ ետք, Ազրպէյճանը 19 սեպտեմբերին որոշեց շղթայազերծել լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն, որուն ժամանակ կ՛օգտագործուէին ցամաքային ու օդային միջոցներ եւ ծանր հետեւանքներ կը յառաջացնէին քաղաքային բնակութեան համար, գործողութիւն մը, որ ոչ ոք կրնայ հաւատալ, որ կանխամտածուած չէ եղած: Երեք ամսուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով վերջապէս երէկ մարդասիրական օգնութեան առաքումը կարելի եղած է վերականգնել: Այս մասին ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա:
«Ֆրանսան անմիջապէս եւ կտրուկ դապատարտեց այս անընդունելի յարձակումը, որ կը հակասէ վէճերու խաղաղ լուծման սկզբունքին, որ ամրագրուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեամբ: Եւ մենք միակը չենք, որ այդպէս կը կարծենք: Այս գործողութեան հետեւանքները յատկապէս ծանր եղան, հարիւրաւոր վիրաւորներ կան, տասնեակ մարդիկ զոհուած են, ներառեալ քաղաքային անձեր եւ երեխաներ: Զինադադարը երէկ յայտարարուեցաւ, անիկա կենսական կարեւորութիւն ունէր, եւ շատ կարեւոր է, որ անիկա պահպանուի», ըսաւ Քոլոնա:
Անոր համաձայն, Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը չէ, որ հարցականի տակ կը դրուի, ատոր նկատմամբ սպառնալիք չկայ: Վտանգուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող հայ ժողովուրդի` իրենց իրաւունքներով եւ պատմութեան ու մշակոյթի յարգումով ապրելու կարելիութիւնը:
«Այդ կարելիութիւնը չկայ, եթէ ուժեղ կողմը տկարի նկատմամբ դիտաւորեալ ուժ կը կիրարկէ: Լեռնային Ղարաբաղը արդէն որոշ ժամանակէ ի վեր շրջափակման մէջ է, ինչ որ բնակչութեան չ՛արտօներ ստանալ սնունդ, դեղորայք եւ ելեկտրականութիւն: Ֆրանսան ի գիտութիւն կ՛ընդունի նախագահ Ալիեւի երէկուան յայտարարութիւնը, որով ան կը հաստատէ, որ կ՛ուզէ խաղաղութեան մէջ ապրիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հետ եւ պահպանել անոնց իրաւունքները: Այդ բառերը Ազրպէյճանի կողմէ յանձնառութիւն են, անոնք այսօր պատասխանատուութիւն կը կրեն բնակչութեան ճակատագիրին համար. եթէ Ազրպէյճանը իսկապէս կ՛ուզէ խաղաղ եւ բանակցուած լուծման հասնիլ, ապա պարտաւոր է հիմա եւ այստեղ շօշափելի երաշխիքներ տալ, անիկա պարտաւոր է յանձն առնել բարեխղճօրէն քննարկումներ ծաւալել, որպէսզի չգործադրէ ուժ կամ ուժի սպառնալիք եւ մտնէ խաղաղ երկխօսութեան մէջ բնակչութեան իրաւունքներուն եւ երաշխիքներուն շուրջ` միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ: Ազրպէյճանը պարտաւոր է ապահովել համաներում այն զինուորականներուն նկատմամբ, որոնք ընդունած են զինադադարը: Անիկա պարտաւոր է անպայման եւ առանց ձգձգման ապահովել Լաչինի միջանցքով երթեւեկը, պարտաւոր է ընդունիլ միջազգային մարդասիրական ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ինչ որ կենսական է, որովհետեւ ձմեռը կը մօտենայ», նշեց Քոլոնա` աւելցնելով, որ առանց այս երաշխիքներուն լուծում չի կրնար ըլլալ:
«Մենք չենք կրնար կրաւորական կեցուածքի մէջ մնալ ներկայ իրադարձութիւններուն նկատմամբ, որովհետեւ յանցակից կ՛ըլլանք բնակչութեան զանգուածային արտագաղթին: Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան շուրջ 10 առ հարիւրը տեղահանուած է Ազրպէյճանի յարձակողական գործողութեան պատճառով: Այս խորհուրդը պարտաւոր է գործօն կերպով շարունակել հանգուցալուծել ճգնաժամը, պաշտպանել ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքի սկզբունքները` գործօն կերպով աջակցելով Պաքուի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ բանակցուած լուծման շրջագիծերու ձեւակերպման:
«Պէտք է զգօն մնալ, եթէ փորձեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքաշել այս ողբերգական իրադարձութիւններուն մէջ եւ ատիկա օգտագործել իբրեւ պատրուակ` Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջականութիւնը հարցականի տակ առնելու համար: Վարչապետ Փաշինեանը վերջին քանի մը ամիսներուն ցուցաբերած է պատասխանատու մօտեցում, գնահատելի է անոր ցանկութիւնը` թօթափելու լարուածութիւնը եւ Ազրպէյճանի հետ գտնելու խաղաղ լուծում», նշեց ան` աւելցնելով, որ Ֆրանսան ուժերը կեդրոնացուցած է եւ պիտի շարունակէ ատիկա ընել, որպէսզի Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովէ տեւական ու մնայուն խաղաղութիւն` ի շահ շրջանի բոլոր բնակիչներուն:
Պայրամով. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայերու Զանգուածային Սպանութիւններուն Մասին Մեղադրանքները Հերքած Է Ինքնին Հայաստանի Վարչապետը»
Ազրպէյճան դադրեցուցած է «հակաահաբեկչական գործողութիւնները», երբ «Հայաստանի ղարաբաղեան խամաճիկ վարչակարգը» համաձայնած է ամբողջութեամբ զինաթափուիլ եւ նստիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Այս մասին ըսաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով` միեւնոյն ժամանակ պնդելով, թէ Հայաստան 44-օրեայ պատերազմէն ետք շարունակած է անօրինական զինեալ կազմաւորումներ ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Հակադարձելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի մեղադրանքներուն` Պայրամով յիշատակեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Ապահովութեան խորհուրդի նիստէն ժամեր առաջ կատարած յայտարարութիւնը, որով հերքած էր Արցախի հայերու զանգուածային սպանութիւններուն մասին լուրերը: «Յիշեցնեմ, որ այս մեղադրանքները հերքած է ինքնին Հայաստանի վարչապետը», նշեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը` հաւաստելով, որ ազրպէյճանական բանակը քաղաքային անձեր եւ ենթակառոյցներ չէ թիրախաւորած:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ Ազրպէյճանի գործողութեան հարցով Երեւանի` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուցած դիմումին` Պայրամով շեշտեց, որ Պաքուն «հակաահաբեկչական քայլերը կը կատարէ իր գերիշխան տարածքին մէջ` միջազգային օրէնքին համաձայն: Հետեւաբար, Հայաստանի` Ապահովութեան խորհուրդին հերթական դիմումը կը հանդիսանայ պետութիւններու գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգման եւ անոնց ներքին գործերուն չմիջամտելու մասին ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան պահանջներու ակնյայտ խախտում», նշեց ան` աւելցնելով. «Հայաստանը ինք, անտեսելով իր միջազգային պարտաւորութիւնները, անխուսափելի դարձուցած է Ազրպէյճանի կողմէ այս քայլերուն իրականացումը»:
Ան ընդգծեց, որ Ապահովութեան խորհուրդը անգամ մը եւս անպատասխանատու կերպով շահագործելը, ինչ որ լրջօրէն կը խարխլէ այս ազդեցիկ մարմինի հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ վստահութիւնը, բացարձակապէս անընդունելի է եւ պէտք է ամբողջովին մերժուի: «Անիկա նաեւ հակաարդիւնաւէտ է եւ անտեղի: Մինչ Ապահովութեան խորհուրդը այսօր բանավէճ կը կազմակերպէ իբրեւ Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանի հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան մասին, հակաահաբեկչական գործողութիւնները արդէն աւարտած են, եւ այդտեղ գործնական երկխօսութիւն ծաւալած է Ազրպէյճանի Ղարաբաղ շրջանի հայ բնակիչներու վերահամարկման շուրջ», ըսաւ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը:
Պայրամով յայտարարեց, որ այդ երկխօսութիւնը նախապէս կարելի չէր «հայկական կողմի խոչընդոտման պատճառով, որ կը յենէր Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքին մէջ ապօրինի զինուորական ներկայութեան վրայ»: Անոր համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ մեծ թիւով սպառազինութիւն գրաւուած է, մինչդեռ «ոչ մէկ երկիր իր տարածքին մէջ նման կացութիւն չէր հանդուրժեր»:
Պայրամովի խօսքին ժամանակ Միրզոյեան ցուցադրաբար լքեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստերու դահլիճը:
Պերպոք. «Հաստատակամօրէն Կը Դատապարտենք Պաքուի Զինուորական Յարձակումը Եւ Անոր Կոչ Կ՛ուղղենք Զայն Վերջնականապէս Դադրեցնելու»
Ազրպէյճանը ընտրած է զինուորական ուժով այդտեղի կացութիւնը փոխելու ուղին: Մենք հաստատակամօրէն կը դատապարտենք Պաքուի զինուորական յարձակումը եւ վերջինիս կոչ կ՛ուղղենք մշտապէս եւ վերջնականապէս դադրեցնելու իր զինուորական գործողութիւնները: Ի գիտութիւն ընդունած ենք զինադադարի մասին ստացուած տեղեկութիւնները, սակայն մեզի անհրաժեշտ է, որ ամբողջովին դադրի բռնութիւնը: Ազրպէյճան կը կրէ պատասխանատուութիւն ամբողջովին եւ լիարժէքօրէն պաշտպանելու քաղաքային բնակչութիւնը, յատկապէս երեխաները, որոնք կ՛ապրին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Հայերու Ղարաբաղէն տեղահանութիւնը եւ հարկադիր արտագաղթը անընդունելի են: Այսքան ըսելով հանդերձ, կ՛ուզենք վերահաստատել այս մարմինի նախապէս տուած քանի մը որոշումները: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ազրպէյճանի գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք չէ դրուին հարցականի տակ», ընդգծած է Պերպոք:
«Պաքուի իշխանութիւնները փաստացի փակած են Լաչինի միջանցքը, եւ խանութներուն մէջ դատարակութիւն է, դեղորայքը սպառած է, ելեկտրականութիւնը, պենզինը չեն բաւարարեր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Պաքուն կրկին կը հաւաստէր, որ ձեռնպահ պիտի մնայ ուժի գործադրումէն, որ անոր կողմէ խախտուեցաւ, եւ ահռելի տառապանք պատճառուեցաւ առանց այն ալ ծանր վիճակի մէջ գտնուող բնակչութեան»:
Գերմանական դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Արցախի բնակչութիւնը արժանի է ապրելու անվտանգութեան մէջ, որ իրենց իրաւունքները պաշտպանուած ըլլան: Ըստ անոր, Բերձորի միջանցքը բաց պահելը կենսական կարեւորութիւն ունի մարդասիրական պատճառներով, ինչպէս նաեւ ատիկա մշակութային եւ մարդասիրական կամուրջ է Ղարաբաղի մէջ ապրող հայերուն համար:
«Պաքուն եւ Ղարաբաղի հայերը պէտք է վերադառնան երկխօսութեան: Այս տագնապը, որ սկսած է աւելի քան 30 տարի առաջ, չափազանց մեծաթիւ զոհեր տուած է: Շրջանին մէջ բնակողներուն անհրաժեշտ է տեւական խաղաղութիւն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Ատիկա անհրաժեշտ է նաեւ մեզի, իսկ ատոր կարելի է հասնիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ: Մենք պիտի շարունակենք ատիկա յստակ յայտնել երկու կողմերուն: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք վերադառնալու բանակցութիւններուն, որոնց միջնորդը Եւրոպական Միութիւնն է: Հիմա է լարուածութիւնը թօթափելու ժամանակը:
«Կ՛ուզեմ ընդգծել, որ ոեւէ երկիր պէտք չէ ներկայ կացութիւնը օգտագործէ Հայաստանի ժողովրդավարութիւնը ապակայունացնելու նպատակով: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կիներ, տղամարդիկ ու երեխաները եւ ընդհանրապէս շրջանի բնակիչները արժանի են ապրելու առանց բռնութեան վախի, առանց տուներէն հարկադրաբար հեռացուելու վախի, առանց իրենց իրաւունքներէն, լեզուէն, կրօնէն զրկուելու վախի: Անոնք արժանի են ապրելու խաղաղութեան մէջ, ինչպէս բոլորս», եզրափակած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը:
Ամերիկայի Ներկայացուցիչ. «Կարեւոր Է Միջազգային Առաքելութիւնը, Որ Վստահութիւն Պիտի Ներշնչէ Լեռնային Ղարաբաղի Բնակիչներուն»
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Լինտա Թամըս-Կրինֆիլտ արցախահայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու համար կարեւոր նկատեց միջազգային առաքելութեան տեղակայումը:
«Միացեալ Նահանգներ մտահոգուած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակով, որ պայմանաւորուած է անով, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ զինուորական գործողութիւնները: Մենք կոչ կ՛ուղղենք այդ գործողութիւնները անմիջապէս դադրեցնելու», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը:
Միացեալ Նահանգներ ի գիտութիւն կ՛ընդունին այն յայտարարութիւնները, թէ զինուորական գործողութիւնները ընդհատուած են: Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը ընդգծեց, որ եթէ ատիկա հաստատուի, ապա ասիկա պիտի ըլլայ դրական զարգացում: «Սակայն այս պահուս այդտեղ կացութիւնը ծանր է: Եւ մենք խորապէս մտահոգուած ենք ստացուող տեղեկութիւններով` քաղաքային անձերու նկատմամբ բռնութեան դէպքերու մասին: Յստակ խօսիմ` Ազրպէյճանը պատասխանատուութիւն կը կրէ ապահովելու իր զինեալ ուժերու գործողութիւններուն ամբողջական համապատասխանութիւնը միջազգային օրէնքի արժեչափերուն, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերուն, որոնք կը վերաբերին մարտական գործողութիւններու վարման, քաղաքային անձերու պաշտպանութեան եւ մարտական գործողութիւններու մասնակիցներուն նկատմամբ մարդավայել վերաբերմունքին: Ազրպէյճան նաեւ միջազգային պարտաւորութիւններ եւ յանձնառութիւններ ունի` յարգելու իր տարածքին մէջ գտնուող բոլոր անձերու իրաւունքներն ու հիմնարար ազատութիւնները», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն` ապահովելու, որ մարդասիրական կազմակերպութիւնները կարենան սնունդ, դեղորայք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ հասցնել` առանց որեւէ ճանապարհային պատնէշներու, եւ ապահովել մարդասիրական աշխատողներու անվտանգութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները իրենց հայեացքները յարած են մեզի այս կարիքի պահուն», նշեց ան` ներկայացնելով, որ իր երկրին կողմէ 2020 թուականէն ի վեր` արձագանգելով ճգնաժամին 24 միլիոն տոլարի մարդասիրական եւ զարգացման օգնութիւն ցուցաբերած է: «Սակայն եկէք յստակ հասկնանք կացութիւնը` ճգնաժամի միակ լուծումը կարելի է բռնութեան վերջ տալու եւ տեւական խաղաղութեան միջոցով, երբ կողմերը աշխատին կացութեան լարուածութեան թօթափման ուղղութեամբ: Մենք կը վերահաստատենք, որ որքա՛ն կարեւոր պիտի ըլլայ միջազգային առաքելութիւնը, որ վստահութիւն պիտի ներշնչէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն` առ այն, որ անոնց իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի պաշտպանուին Ազրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւններուն համահունչ», ըսաւ ան:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը վստահեցուց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աշխատիլ Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ` ձգտելով հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան կայուն լուծման:
Բրիտանիոյ Ներկայացուցիչ. «Բրիտանիան Կոչ Կ՛ուղղէ` Յարգելու Զինադադարը Եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերջ Տալու Բռնութեան»
Բրիտանիան մտահոգուած է այն լուրջ ճնշումներով, որոնք կը կրէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը: Այդտեղ մարդասիրական կարիքը ահռելի է եւ կը շարունակէ մեծնալ: Այս մասին յայտնեց Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի, Հիւսիսային Ափրիկէի, Հարաւային Ասիոյ եւ ՄԱԿ-ի հարցերով պետական նախարար լորտ Թարիք Ահմատը:
«Քանի մը օր առաջ լաւ լուր լսեցինք, որ թէկուզ փոքր ծաւալով մարդասիրական ապրանքներու առաքում եղած է Լաչինի եւ Աղտամի ճամբաներով դէպի Լեռնային Ղարաբաղ: Յառաջընթացի այս կարելիութիւնը, սակայն, ցաւօք, ընդհատուեցաւ, երբ Ազրպէյճան յայտարարեց, որ զինուորական գործողութեան կը սկսի: Մեր գործընկերներէն շատերու հետ մենք Ազրպէյճանին կոչ ուղղած ենք դադրեցնելու ուժի գործադրումը եւ ձեռնպահ մնալու կացութիւնը սրող հետագայ գործողութիւններէն ու վերադառնալու երկխօսութեան», ըսած է Ահմատ:
Անոր համոզումով` անմիջական երկխօսութիւնն է միակ ուղին` գտնելու իրական, մնայուն խաղաղութիւն, իրական, մնայուն լուծումներ, հետեւաբար հիմա շատ կարեւոր է վերսկսիլ բանակցութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ` ունենալով արժանահաւատ ծրագիր, որ պիտի ապահովէ շրջանի բոլոր բնակիչներուն, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, անոնց պիտի ընձեռէ խաղաղութեան պայմաններու մէջ ապրելու կարելիութիւն:
Բրիտանացի նախարարին կարծիքով` ներկայիս յատկապէս ՄԱԿ-ը եւ միջազգային կազմակերպութիւնները, որոնց շարքին` Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն նոյնպէս կրնան կարեւոր աջակցութիւն ցուցաբերել մարդասիրական կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ կարիքները հոգալու համար:
«Բռնութեան հետագայ գործադրումը միայն պիտի թուլացնէ այն նախնական փխրուն յառաջընթացը կայուն խաղաղութեան համաձայնագիրի ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ: Այդ համաձայնագիրին հիմք պէտք է ըլլան երկու պետութիւններու գերիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչ որ անշուշտ ամբողջ Հարաւային Կովկասի շահերէն կը բխի: Բրիտանիան կ՛ողջունէ երէկ յայտարարուած զինադադարը, ուստի մենք կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն յարգելու այդ զինադադարը, վերջ տալու բռնութեան եւ հրատապ բաց երկխօսութիւն ծաւալելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ապահով ապագային համար: Բրիտանիան պատրաստ է աջակցելու այդ կարեւոր հոլովոյթին` կարելի բոլոր միջոցներով», եզրափակեց Թարեք Ահմատ:
Զուիցերիոյ Ներկայացուցիչ. «Այդ Զարգացումը Լրացուցիչ Բեռ Յառաջացուցած Է Լեռնային Ղարաբաղի Բնակչութեան Համար»
Զուիցերիան խորապէս մտահոգուած է Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ գործուած զինուորական գործողութիւններով: Այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի մէջ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչ Փասքալ Պերիսվիլ: «Այս զարգացումը լրացուցիչ բեռ յառաջացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շրջանի քաղաքային բնակչութեան համար: Անոնք արդէն իսկ ծանր մարդասիրական կացութեան մէջ էին եւ կը կրէին տառապանքներ: Զուիցերիան ի գիտութիւն կ՛ընդունի 20 սեպտեմբերին յայտարարուած զինադադարը եւ կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու մարտական գործողութիւնները: Ուժի կիրարկումը ընդունելի չէ իբրեւ տագնապի լուծման միջոց: Թէեւ մարտական գործողութիւնները կարծես թէ դադրած են, սակայն կացութիւնը կը մնայ փխրուն: Անորոշութեան այս կացութեան մէջ միջազգային օրէնքով նախատեսուած պարտաւորութիւնները պէտք է առաւել եւս յստակօրէն կարեւոր նկատել: Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու արժեչափերը, մասնաւորաբար, փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, պէտք է յարգուին առանց որեւէ պայմաններու: Մենք տխրեցանք տեղեկանալով զոհուած քաղաքային անձերուն մասին», ըսած է Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը:
«Մարդասիրական կառոյցները, ներառեալ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պէտք է կարենան իրենց անկողմնակալ առաքելութիւնները կատարել եւ արագ ու անխոչընդոտ ապահովել մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը կարիք ունեցող բնակիչներուն: Մարդասիրական առաքումներու մասին դրական զարգացումներու փաստով ուրախացանք: Խօսքը այս շաբթուան սկիզբը Լաչինի միջանցքով եւ Աղտամի ճամբով ուղարկուած օգնութեան մասին է, սակայն այդ հասանելիութիւնը պէտք է շարունակել ապահովել: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք յարգելու 9 նոյեմբեր 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ հետեւելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներուն», նշած է Զուիցերիոյ ներկայացուցիչը:
Անոր համաձայն, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է շարունակական երկխօսութեան միջոցով բանակցային սեղանի արդիւնք ըլլայ: «Խաղաղութիւնը պէտք է ապահովել յարգելով գերիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը: Բոլորը, ներառեալ շրջանի ազդեցիկ դերակատարները, պարտաւոր են ապահովել միջազգային մարդասիրական օրէնքի արժեչափերուն նկատմամբ յարգանքը եւ ապահովել խաղաղ լուծումները: Զուիցերիան պատրաստ է աջակցելու այդ նպատակին եւ աջակցելու կողմերուն: Խիստ կարեւոր է, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը վերսկսին խաղաղութեան հոլովոյթին», եզրափակեց ան:
Ճափոնի Ներկայացուցիչ. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Միջազգային Կազմակերպութիւններու Հասանելիութիւնը Պէտք Է Ապահովուի Առանց Խոչընդոտներու»
Ճափոնը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կացութեան վատթարացման վերաբերեալ: Այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ճափոնի ներկայացուցիչ Եուքիա Համամոթոն, որ նշած է, թէ մարտական գործողութիւններէն ետք Ճափոնը Ազրպէյճանին կոչ ուղղած է անմիջապէս դադրեցնելու զանոնք:
Ան նշած է, որ կացութեան որեւէ միակողմանի փոփոխութիւն անընդունելի է: «ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է շարունակէ զբաղիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութեամբ: Պէտք է ապահովուի մարդոց անվտանգութիւնը եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մարդասիրական հասանելիութիւնը: Թոքիոն բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ խնդիրները խաղաղ ճամբով լուծելու», նշած է ան:
Թուրքիոյ Ներկայացուցիչ. «Յոյս Ունինք, Որ Հայաստանը Պիտի Կատարէ Զանգեզուրի Միջանցքի Բացման Իր Խոստումը»
Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Պուրաք Աքչափար ամբողջութեամբ արդարացուց Ազրպէյճանի քայլը` զայն կոչելով «հակաահաբեկչական» եւ երկրորդելով վերջինիս անհիմն փաստարկները, օրինակ` Արցախի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ ազրպէյճանցիներու` ականներու վրայ պայթելու մէջ մեղադրելով հայկական կողմը:
Ան նաեւ առիթը չփախցուց Հայաստանը մեղադրելու 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կէտերը չկատարելու մէջ:
Աքչափար նաեւ Արցախի հարցով նիստի ընթացքին կրկնեց «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին թեզը` մէջբերելով Թուրքիոյ նախագահի` ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի ամպիոնէն հնչեցուցած խօսքը: «Յոյս ունինք, որ Հայաստան պիտի կատարէ իր խոստումները, յատկապէս Զանգեզուրի միջանցքի բացումը», ըսած էր Էրտողան:


