Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիեն Լըքոռնիւ չի կարծեր, թէ Ֆրանսան կրնայ զինուորական միջամտութեամբ պաշտպանել Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ Լըքոռնիւ յայտնած է, որ Փարիզ Կ՛ուսումնասիրէ Երեւանի պաշտպանական կարիքները: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
«Նախագահը անձամբ կը հետեւի այս հարցին, որ կարեւոր է Ֆրանսայի, շատ ֆրանսացիներու եւ այն ֆրանսացիներուն համար, որոնք կը սիրեն Հայաստանը եւ կապեր ունին այդ երկրին հետ: Նախագահ Մաքրոն ըսած է, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պաշտպանութիւնը Ֆրանսայի համար բացարձակ նպատակ են», «Ֆրանսինֆօ»-ին ըսած է պաշտպանութեան նախարարը:
Ան յիշեցուցած է, որ բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է իր հայ պաշտօնակիցին հետ: «Մենք Հայաստանի մէջ բացած ենք պաշտպանական առաքելութիւն, որ մինչեւ հիմա չկար, եւ որ կ՛արտօնէ ամէնօրեայ երկխօսութիւն հայկական բանակին, Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ, մասնաւորաբար` անհրաժեշտութեան պարագային ուսումնասիրելու անոնց պաշտպանական եւ անվտանգութեան կարիքները»:
Լրագրողի յստակացնող դիտարկման, թէ փաստօրէն դուռը ամբողջութեամբ փակ չէ, նախարար Սեպասթիեն Լըքոռնիւն ըսած է. «Ձեր հարցումն էր` Ֆրանսան կրնա՞յ զինուորական միջամտութիւն կատարել: Ես չեմ կարծեր: Ակնյայտ է, որ այս հարցումին պէտք է պատասխանեն Հանրապետութեան նախագահն ու զինեալ ուժերու ղեկավարը: Ամէն պարագայի, ակնյայտ է, որ մենք կը քննենք Հայաստանէն եկող պահանջները, որպէսզի այդ երկիրը կարենայ ինքզինք պաշտպանել»:
Միւս կողմէ, Ֆրանսա-Ազրպէյճան երեսփոխանական բարեկամութեան խումբի նախագահ Փիեռ Վաթին «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով նշեց, որ խումբը կը դադրեցնէ իր գործունէութիւնը եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանի Ազրպէյճան-Ֆրանսա բարեկամութեան խումբին հետ իր յարաբերութիւնները: