Արցախէն Հայաստան 29 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 18:00-ի դրութեամբ տեղափոխուած է բռնի տեղահանուած 97 հազար 735 անձ:
«Արմէնփրես»-ի համաձայն` այս մասին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան:
«Հակարիի կամուրջը հատած է 20 հազար 609 փոխադրական միջոց», ըսաւ Բաղդասարեան:
Անոր համաձայն, արդէն հաշուառում անցած են 74 հազար 382 անձ:
Այս միջոցին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան ազրպէյճանական կողմին հետ բանակցութիւններ կը վարէ` երկրի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը Արցախէն անվտանգ դուրս բերելու համար:
Ըստ «Արցախփրես»-ի, իշխանական շրջանակներէն «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնած են, որ ձերբակալման վտանգի տակ են Արցախի երեք նախկին նախագահները` Բակօ Սահակեանը, Արկադի Ղուկասեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար եւ Արցախի նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեանը: Բացի ատկէ, ըստ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան աղբիւրներուն, Ազրպէյճանը ցուցակ ունի մօտ երկու հարիւր հայերու, որոնց կը ցանկայ կալանաւորել` տարբեր մեղադրանքներով:
Արցախցի պաշտօնեան, որ փափաքեցաւ անանուն մնալ, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է, թէ պարզ չէ` խնդիրը պիտի լուծուի համաներմա՞ն միջոցով, թէ՞ այլ գործիքակազմով:
Թէ ի՛նչ իրավիճակ կը տիրէ ներկայիս Ստեփանակերտի մէջ, քանի՛ մարդ մնացած է, ո՛վ կը զբաղի անոնց կարիքներով` յստակ չէ: Արցախցի պաշտօնեաներու հետ կարելի չէ կապ հաստատել, միջազգային լրատուամիջոցներն ալ մուտք չունին Արցախ:
Արցախի Հանրապետութեան լուծարման հրամանագիրը ստորագրելէ մօտ մէկ օր ետք ազրպէյճանական լրատուամիջոցները պատկերներ հրապարակեցին Ստեփանակերտէն` տեղեկացնելով, որ փողոցներուն մէջ այլեւս ազրպէյճանական ոստիկանութիւնը հերթապահութիւն կ՛իրականացնէ:
Միւս կողմէ, Արցախի դէմ 19 սեպտեմբերի ռազմական գործողութիւններէն ուղիղ տասը օր ետք Պաքուն սկսաւ արցախցի բարձրաստիճան զինուորականներու ձերբակալութիւններուն: Երէկուան տուեալներով պաշտօնապէս հաստատուած է, որ Բերձորի միջանցքին մէջ ձերբակալուած է 2015-2018 թուականներուն Արցախի պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, որ տեղափոխուած է Պաքու:
Աւելի ուշ յայտնի դարձաւ, որ ազրպէյճանցիները երէկ 4 ամիսով կալանաւորած են նաեւ պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ, զօրավար-գնդապետ Դաւիթ Մանուկեանը` զայն մեղադրելով Արցախի մէջ ահաբեկչական գործողութիւն կատարելու յանցանքով: Դաւիթ Մանուկեանը Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ, դաշնակցական պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեանի եղբայրն է:
Պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեց լուրը` նշելով, որ եղբայրը 2021-էն դադրեցուցած է զինուորական ծառայութիւնը` անցնելով թոշակի: Թէ ուրկէ՛ եւ ի՛նչ հանգամանքներու մէջ ձերբակալած են Դաւիթ Մանուկեանը, պարզ չէ: Ազրպէյճանական կողմը երէկ տեսանիւթ հրապարակած է` դրուագներ ներկայացնելով Մանուկեանի զինուորական ծառայութենէն:
Եւլախի մէջ երէկ ընթացան Ազրպէյճանի եւ Արցախի հայ բնակիչներու ներկայացուցիչներու հերթական հանդիպումը:
Ըստ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու, ազրպէյճանական կողմէն հանդիպումին ներկայ էին նախորդ հանդիպումներու մասնակից, բանագնաց, խորհրդարանի պատգամաւոր Ռամին Մամետովը, Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչի տեղակալ Պաշիր Հաճիեւը եւ յատուկ առաքելութեան աշխատակից Իլկին Սուլթանովը, արցախեան կողմը կը ներկայացնէին Սերկէյ Մարտիրոսեանը (ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հետ համագործակցութեան ապահովման կեդրոնի տնօրէն) եւ Դաւիթ Մելքումեանը (Արցախի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի անդամ):