Քանի մը օրեր առաջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը համազգային զօրաշարժ յայտարարած էր` ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերատնտեսական կարիքներու օժանդակութեան: Այս ծիրին մէջ կաթողիկոսը, խորհրդակցելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ թեմակալ առաջնորդներուն հետ, նշանակեց Արցախի հայութեան օժանդակութեան մարմին մը, որուն մաս կը կազմեն.
– Անուշաւան արք. Դանիէլեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմին)
– Թորգոմ եպս. Տօնոյեան (առաջնորդ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին)
– Մեթր Ժիրայր Հապիպեան (Ազգային վարչութեան ատենապետ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից թեմին)
– Շինարար Յակոբ Լուսարարեան (Ազգային վարչութեան անդամ Լիբանանի թեմին)
Յիշեալ մարմինը անմիջապէս լծուեցաւ աշխատանքի: Արդէն իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու օժանդակութեամբ 100.000 տոլար կը գտնուի մարմինին տրամադրութեան տակ: Օժանդակութեան ընթացքը պիտի կատարուի կազմակերպուած ու հետեւողական կերպով` տեղւոյն վրայ նկատի ունենալով կարիքներու առաջնահերթութիւնն ու անմիջականութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն` իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերելու Արցախի մեր սիրելի զաւակներուն օժանդակութեան համազգային աշխատանքին:
Ձեր նիւթական մասնակցութիւնը կրնաք ուղարկել Ժընեւի մէջ յատուկ կերպով հաստատուած դրամատան հետեւեալ հասցէին.
Pictet Account Details – ARTSAKH Fund
Beneficiary: Armenian Catholicosate of Cilicia
Account: W-502039.005
Iban: CH93 08755 0502 0390 0500
Bank: Banque Pictet & Cie SA,
Address: Route des Acacias 60, CH-1211 Geneva 73
Swift: PICTCHGG
Reference: Fund for Artsakh
ԴԻՒԱՆ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ