Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախէն Հայաստան Բռնի Տեղահանուածներու Տեղափոխումը Մօտեցաւ Իր Աւարտին. Երէկ Գիշերուան Տուեալներով Հայաստան Տեղափոխուեցաւ 100.514 Հոգի

October 2, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Գրեթէ Ամբողջական Պարպումէն Ետք ՄԱԿ-Ի Առաքելութիւնը Հասաւ Ստեփանակերտ

1 հոկտեմբերի ժամը 20:00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 100 հազար 514 անձ հասած է Հայաստան: Հակարիի կամուրջը հատած է 21 հազար 106 փոխադրական միջոց: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Բաղդասարեան:

Ան նշեց, որ ժամը 20:00-ին նախորդող 4 ժամուան ընթացքին 24 անձ տեղափոխուած է: «Վայրկեաններ առաջ Գորիս հասած է փոխադրակառք` 15 ուղեւորով: Իւրաքանչիւր զանգի ետեւէ մենք պիտի երթանք, եւ եթէ մարդիկ կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան` տեղափոխումը պիտի կազմակերպուի», շեշտեց Բաղդասարեան  եւ աւելցուց. «Մարդոց տեղափոխման գործընթացը կը մօտենայ իր տրամաբանական աւարտին: 100 հազար 514` այսպիսին է ցուցանիշը այս պահու դրութեամբ, եւ նշեմ, որ նախորդ օրուան համեմատութեամբ շատ չնչին տարբերութիւն ունինք: Փոխադրական միջոցները, որոնք հատած են Հակարիի կամուրջը, կը կազմեն 21 հազար 106»:

Անոր տուեալներով` հաշուառուած է 85 հազար 975 քաղաքացի. 49 տոկոսը տղամարդիկ են, 51-ը` կիներ: Ընդհանուր առմամբ, տեղափոխուած է 222 յղի, 2105 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ: Վիրաւորներու թիւը 283 է:

Պետութեան կողմից տրամադրուող կեցավայրերէն, ժամը 20:00-ի դրութեամբ, օգտուած է 48 հազար 649 մարդ. Արագածոտնի մարզին մէջ` 2305, Արարատի մարզին մէջ` 12 հազար 445, Արմաւիրի մարզին մէջ` 4461, Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 3996, Լոռիի մարզին մէջ` 2686, Կոտայքի մարզին մէջ` 11 հազար 630, Շիրակի մարզին մէջ` 2275, Սիւնիքի մարզին մէջ` 4592, Վայոց ձորի մարզին մէջ` 1937, Տաւուշի մէջ` 2322 անձ:

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ջալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է, երէկ ըսած է Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ, կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ան նշած է, որ անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է «Գեանջայի (Գանձակ) խաղաղ բնակչութեան վրայ հրթիռակոծութիւններու եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին խաղաղ բնակիչներու սպանութիւններու հետ կապուած»: Ազրպէյճանի ընդհանուր դատախազը աւելցուցած է, որ 300 հոգի հետախուզման մէջ է, անոնցմէ չորսը ձերբակալուած են:

Արցախի գրեթէ ամբողջական պարպումէն ետք երէկ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը հասաւ Ստեփանակերտ:

Նախորդը

Տասը Հազարէ Աւելի Ցուցարարներ Մասնակցեցան Պրիւքսելի Մէջ Ի Զօրակցութիւն Արցախի Կատարուած Համաեւրոպական Հանրահաւաքին

Յաջորդը

Թենիս. «ԷՅ. ԹԻ. ՓԻ.-250». Կարէն Խաչանով Տիրացաւ Իր Հինգերորդ Տիտղոսին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.