Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Ազգային Կուսակցութիւններու Համախմբումը Խստիւ Դատապարտեց Արցախի Դէմ Ազրպէյճանի Ոճրային Յարձակումն Ու Հայութեան Բռնի Տեղահանումը

Հոկտեմբեր 4, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումին համակարգող խորհուրդը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, եւ համախմբումին մէջ անոր ներկայացուցիչը` Պարոյր Տէր Ղուկասեան կը վարէ փոխատենապետի պաշտօնը, երէկ իր ընթացիկ նիստը գումարեց «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:

Ներկայ գտնուեցան Հըզպալլայի, Ամալ շարժումի, Ղովմի կուսակցութեան, Պաաս կուսակցութեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան տեղական եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Արցախի իրավիճակը:

Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Արցախի դէմ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ գործուած  վայրագ յարձակումը, ինչպէս նաեւ այդ յարձակումը կանխող ամիսներու շրջափակումը խստիւ դատապարտելի են: «Արցախի շրջափակումին ու ազրպէյճանական ուժերու ներխուժումին, գործադրած սպանդներուն եւ ոճրային արարքներուն պատճառով է, որ Արցախի հայութիւնը բռնի տեղահանումի ենթարկուեցաւ իր բնօրրանէն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը ահաւոր նկատեց այս իմաստով ցուցաբերուած միջազգային լռութիւնը, որուն պատճառով արձանագրուեցաւ ժողովրդագրական փոփոխութիւն մը, որ մերժելի է: «Այս լռութիւնը դարձեալ ամօթի կնիք մըն է, որ կ՛աւելնայ միջազգային ընտանիքին հասցէին: Միջազգային հասարակութիւնը, որ ծանօթ է դահիճին եւ անիրաւող կողմին շահերուն զօրակցելու իր կեցուածքներով, ինչպէս է պարագան պաղեստինցիներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը շեշտեց նաեւ, որ զարմանալի չէ այն իրականութիւնը, թէ սիոնական գոյացութիւնը զօրակցած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն: «Այս մէկը փաստ է, թէ աշխարհի վրայ չկայ ոճիր մը, որուն մէջ սիոնականները մեծ դերակատարութիւն չունենան, երբ անոնք կը շարունակեն մարդկութեան արդի պատմութեան ընթացքին ոտնձգութիւններ գործել այլոց հողերուն դէմ, բռնի տեղահանումի ենթարկել ու սպաննել պաղեստինցիները եւ պղծել անոնց սրբութիւնները», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Համախմբումը դատապարտեց հայ-ազրպէյճանական տագնապին մէջ սիոնական գոյացութեան ուղղակի միջամուխ դառնալու իրականութիւնը, որ ոճրային դաշինք կը նկատուի եւ կոպիտ միջամտութիւն` այլ ժողովուրդներու ներքին հարցերուն:

Միւս կողմէ, համախմբումը հաստատեց իր մերժումը Այն Աարի ազրպէյճանական դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցած Արցախի զօրակցութեան ցոյցին ընթացքին լիբանանեան ապահովութեան ուժերուն կողմէ խաղաղ ցուցարարներուն դէմ կիրարկուած անհամաչափ ուժի գործածութիւնը:

«Մեզի համար ուղղակի զարմանք կը պատճառէ լիբանանցի ժողովուրդի տարբեր շերտերուն հանդէպ ցուցաբերուած երկու չափ երկու կշիռի այս վարուելակերպը: Այս վարուելակերպը կողմնակալութիւն է եւ ցեղապաշտութիւն, որ կտրականապէս մերժելի է», կը նշէ հաղորդագրութիւնը: Լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու համախմբումը պահանջեց հետաքննութիւն բանալ ցոյցին ընթացքին արձանագրուած խախտումներուն մասին, ինչպէս նաեւ հաշուետուութեան հրաւիրել այն յանցագործները, որոնք չարիք հասցուցին ապահովութեան ուժերուն դերակատարութեան ու պարկեշտութեան:

«Պէտք է հաստատել, որ բոլոր քաղաքայինները իրաւունք ունին խաղաղ կերպով իրենց տեսակէտը արտայայտելու, յատկապէս` եթէ անիրաւուածները պաշտպանելու շրջագիծին մէջ կ՛իյնան այդ ցոյցերը, ինչպէս նաեւ  համահունչ են քաղաքացիներուն բնականոն իրաւունքներուն», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

Նախորդը

Ընդառաջելով Լիբանանցի Պատասխանատուներու Կոչին` Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Յաջորդը

Շոյկու. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Անձնուրաց Գործողութիւնները Օգնեցին Խուսափիլ Աւելի Շատ Մարդկային Կորուստներէն»

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?