Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու մասին նախագիծը ընդունուեցաւ Ազգային ժողովի նիստին` ստանալով 60 կողմ, 22 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներ: Ընդդիմադիր «Հայաստան» եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնները դէմ քուէարկած են նախագիծին:


