Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի Մեկնաբանութիւնը Եւրոպական Խորհրդարանի Վերջին Բանաձեւին Առիթով

March 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանը 13 մարտին ընդունած է «Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի միջեւ կապերու սերտացման եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի անհրաժեշտութեան մասին» բանաձեւը:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի դիրքորոշումը յիշեալ բանաձեւին վերաբերեալ հետեւեալն է.

Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը երախտապարտ է Եւրոպական խորհրդարանին` Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան վերաբերեալ առարկայական դիրքորոշման համար: Իբրեւ համաեւրոպական բնոյթի համայնքային կազմակերպութիւն` Եւրոպայի Հայ դատի  յանձնախումբը եւ իր տեղական յանձնախումբերը աշխուժօրէն աշխատած են եւ պիտի աշխատին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ աւելի ամուր, սերտ եւ ուժական կապերու հաստատման համար: Միեւնոյն ժամանակ, հաշուի առնելով շրջանի աշխարհաքաղաքական իրողութիւնները, փոխլրացնող արտաքին քաղաքականութիւնը Հայաստանի համար այն ուղին է, որով պէտք է յառաջ շարժիլ` յանուն ամուր եւ կենսունակ հայկական պետականութեան:

Նկատենք` ի թիւս այլ դրոյթներու, Եւրոպական խորհրդարանի բանաձեւը`

– կ՛առաջարկէ դիտարկել Հայաստանին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակի տրամադրումը` պայմանով, որ Հայաստանը շահագրգռուած է եւ կը համապատասխանէ «Քոփենհակընեան չափանիշներուն»:

– կը նախազգուշացնէ Ազրպէյճանը` Հայաստանի նկատմամբ որեւէ հաւանական ռազմական արկածախնդրութեան համար եւ կ՛ընդգծէ` Նախիջեւանի էքսքլաւի հետ Ազրպէյճանի կապի խնդիրները պէտք է լուծուին Հայաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ լիակատար յարգանքով:

– Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ անկեղծօրէն ներգրաւուելու Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն հետ համապարփակ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մէջ` ապահովելու անոնց իրաւունքներու յարգանքը եւ երաշխաւորելու անոնց անվտանգութիւնը, ներառեալ միջազգային ներկայութեան ներքեւ իրենց տուները արժանապատիւ եւ ապահով կերպով վերադառնալու եւ ապրելու իրաւունքը:

– կ՛ընդգծէ` Եւրոպական Միութիւնը պէտք է պատրաստ ըլլայ պատժամիջոցներ կիրարկելու ոեւէ անձի եւ կազմակերպութեան նկատմամբ, որ կը սպառնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան:

– կ՛ընդունի անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի համագործակցութեան ամրապնդման հրատապ անհրաժեշտութիւնը:

ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

15 մարտ 2024

Նախորդը

Ս. Էջմիածինի Յայտարարութիւնը` Արցախի Գերեվարուած Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Հիմնարար Իրաւունքներու Ոտնահարման Դէպքերուն Վերաբերեալ

Յաջորդը

Սթանօ. «Հայաստանը Կրնայ Եւրոպական Միութեան Անդամակցելու Դիմում Ներկայացնել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սահմանի Բացման Վաղուան  Անհաւանականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սահմանի Բացման Վաղուան Անհաւանականութիւնը

October 14, 2026
Ակնարկ  Փեքին, 6-10 Մարտ 2023
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ Փեքին, 6-10 Մարտ 2023

October 14, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թեհրան. «Իրանն Ու Օմանը Հորմուզի Նեղուցին Մէջ Ժամանակաւոր Նաւարկման Ուղիի Շուրջ Փոխըմբռնում Գոյացուցին»

October 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.