Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անթիլիասի Մէջ Պիտի Քննարկուին Ազրպէյճանի Գործադրած Ցեղասպանական Արարքները Եւ Արցախի Ժողովուրդի Իրաւունքներու Վերականգման Խնդիրները

Ապրիլ 13, 2024
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինումով, «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»ի աշխատանքներու շրջագիծին մէջ, 20-22 Ապրիլ 2024-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ համագումար՝ «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը՝ ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» ընդհանուր խորագիրին ներքոյ։

Այս առիթով Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն եւ սփիռքեան տարբեր երկիրներէ հրաւիրուած են 30 պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ։

Համագումարի թուական նկատի առնուած է Ապրիլը՝ շեշտելու համար Ցեղասպանութեան անպատժելիութեան իբրեւ հետեւանք շարունակուող ցեղասպանութիւններու համամարդկային սպառնալիքը եւ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Ազրպէյճանի իրականացուցած ցեղասպանական գործողութիւնները՝ Արցախի մէջ։

Կարեւորութեամբ նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով Անթիլիաս պիտի ժամանէ միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ, համաշխարհային համբաւի տիրացած դոկտոր Լուի Մօրէնօ Օքամփօ։ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգման յատկացուած քննարկումներուն մասնակցելու համար Անթիլիաս հրաւիրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան, որ հայկական կողմէն երկար ատեն վարած է արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւնները եւ այժմ կը գլխաւորէ Արցախի հարցի հետապնդման համար կազմուած յանձնախումբի մը աշխատանքները։ Նիստերուն ներկայ պիտի  ըլլայ նաեւ նոյն յանձնախումբի անդամ եւ Ընկերվար Միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ պիտի ուղեկցի Լուի Մօրէնօ Օքամփոյին։

Լուի Մօրէնօ Օքամփոն Լիբանանի մէջ գործող դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու լսարանին պիտի դասախօսէ Ցեղասպանութեան ուխտի կիրառելիութեան դժուարութիւններուն եւ այդ հրամայականին առջեւ ցցուող խոչընդոտներու պատճառներուն մասին։ Ան նաեւ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ համագումարի աշխատանքներուն։

Երեք օրերու վրայ երկարող համագումարէն պիտի բխի յայտարարութիւն՝ ուղենշելու համար Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման հնարաւոր ուղիները։

Համագումարի փակումին պիտի յաջորդէ «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի առկայ երկրորդ նիստը, նախագահութեամբ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին։ Նիստը յատկացուած պիտի ըլլայ քննելու համագումարին ընդգծած հարցերը եւ ծրագրելու համար այս հրամայականներու գործնականացման միջոցները։

 

Նախորդը

Յաջորդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական Ազգագրական Պատկերներ՝ Տեսիլք, Կամք եւ Յոյս» Գրքի Շնորհահանդէսին (Քուէյթ)

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?