Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին չորրորդ փուլի մասնակիցները ուրբաթ, 5 ապրիլ 2024-ին այցելեցին ԳՈՀԱՐ կազմատուն եւ գրադարան:
«Ապագայ լրագրողներ»-ու չորրորդ խումբը դիմաւորուեցաւ ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեանի կողմէ:
Կ. Տէրունեան բացատրեց ԳՈՀԱՐ կազմատան աշխատանքները` հին գիրքերը նորոգելու ու որակաւոր եւ գեղեցիկ կողքերով օժտելու իմաստով:
Ան շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ԳՈՀԱՐ կազմատունը առանձնայատուկ կազմատուն մըն է, որուն կը դիմեն բոլորը` գիրքերը նորոգելու նպատակով:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին նաեւ ԳՈՀԱՐ գրադարանը, ուր անոնք ծանօթացան գրադարանի ընտիր գիրքերուն, երգարաններու հսկայ հաւաքածոյին, հարիւրաւոր բառարաններուն, Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւններու ընդարձակ հաւաքածոյին, ինչպէս նաեւ մանրանկարչութեան յատուկ գիրքերուն, ձայնասկաւառակներու եւ խտասալիկներու մեծ փունջին:
Այս բոլորը ներկայացնելու ընթացքին Կ. Տէրունեան մանրամասն եւ հետաքրքրական կերպով անդրադարձաւ գիրքերը փնտռելու աշխատանքին, հետազօտութեան ճանապարհին, ինչպէս նաեւ այն պատմութիւններուն, որոնք ի յայտ կու գան գիրք մը փնտռելու ընթացքին եւ կամ գտնուած գիրքի մը ընդմէջէն:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը պատասխանատուն տպաւորեցին իրենց հետաքրքրական հարցումներով, իսկ ԳՈՀԱՐ համոյթին նուիրուած յատուկ բաժնին մէջ «Ապագայ լրագրողներ»-էն Էնտրիւ Քէօմպէճեան աւելի հաճելի դարձուց այցելութիւնը դաշնակի վրայ նուագելով:
«Ապագայ լրագրողներ»-ը ստացան նուէրներ` պատրաստուած ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատուին կողմէ:
Իբրեւ չորրորդ սերունդ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին կը մասնակցին Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի եւ Հայկազեան համալսարանի աշակերտներն ու ուսանողները:








