Բնակիչները երէկ դարձեալ փակած են Վրաստան տանող ճանապարհը Կիրանց-Ոսկեպար հատուածին մէջ:
Անոնք շաբաթ օր շեշտեցին, որ իրենց բողոքի շարժումները շարունակական պիտի ըլլան: Յայտնեցին, որ այսօր փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի հետ հանդիպում նախատեսուած է, եթէ պարզաբանումները չբաւարարարուին, ցոյցերը կը շարունակուին:
Շաբաթ երեկոյեան տաւուշցիները բացին ճանապարհը: Երէկ նոյնպիսի շարժում կատարելու հարցով կարծիքները կը տարբերէին: Տաւուշցիները այս քայլերով իրենց բողոքը կ՛արտայայտեն Տաւուշի շրջանի չորս գիւղերու Ազրպէյճանին յանձնման նախնական համաձայնութեան դէմ: