Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանն ու Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելոն ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զարգացման ուղղուած համագործակցութեան դրամաշնորհային համաձայնագիրի փոփոխութիւնը: Վերջինիս շնորհիւ աւելի քան կը կրկնապատկուի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան համաձայնագիրի ծիրին մէջ տրամադրուող գումարը` 120 միլիոն տոլարէն դառնալով 250 միլիոն տոլար, ինչպէս նաեւ կ՛ընդլայնուին միացեալ ծրագիրներու ոլորտները:
Ընդլայնուած համաձայնագիրը պիտի ներառէ այնպիսի առանցքային ոլորտներ, ինչպիսիք են` աղէտներու վտանգներու կառավարումը, համացանցային անվտանգութիւնը, պարենային եւ ուժանիւթային անվտանգութիւնը, շրջանային համագործակցութիւնն ու առեւտուրը, ժողովրդավարական հոլովոյթները եւ տնտեսական ներառական զարգացումը:
«Հայաստանի համար կարեւորը ոչ միայն ֆինանսական աջակցութիւնն է, այլ նաեւ մեր միացեալ ծրագիրներուն շնորհիւ խթանուող ժողովրդավարական արժէքները, ստեղծարար գաղափարներն ու զարգացած գործարար մշակոյթը: Վերջիններուս ներդրումը մեր երկրին մէջ կ՛արտօնէ իրականացնել հիմնարար բարեփոխումներ եւ բարձրացնել քաղաքացիներու կեանքի որակը», նշած է փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան` շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներուն յաւակնոտ բարեփոխումներու Հայաստանի օրակարգը իրականութիւն դարձնելու ուղիին աջակցելնուն համար:
«Այս փոփոխութիւնը ցոյց կու տայ մեր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ մեր գործընկերութեան: Մեծցնելով մեր աջակցութեան ծաւալը եւ ընդլայնելով մեր ծրագիրները` մենք Հայաստանին կ՛օգնենք զարգանալու եւ յաջողութեան հասնելու: Մեր աշխատանքը Հայաստանի կառավարութեան եւ նախարարութիւններուն հետ վճռորոշ դերակատարութիւն ունի մեր հասարակաց նպատակներուն հասնելու գործին մէջ», ըսած է Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Ճոն Ալելօ: