Ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» հարթակին առցանց հանդիպումը` մասնակցութեամբ Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Կիպրոսի, Նետերլանտներու, Յունաստանի, Չեխիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ եւ Ֆրանսայի հայ համայնքներու ներկայացուցչական մարմիններուն:
Օրակարգի հիմնական նիւթը Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ի ընդառաջ արցախահայութեան ի նպաստ տարուած քարոզչական եւ քաղաքական աշխատանքներն էին:
Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի նախաձեռնութեամբ` ընկերային ցանցերու վրայ կատարուած քարոզչական արշաւներուն մասին զեկուցեց Մարիանա Վարդանեան: Հայ դատի համաշխարհային ցանցին կողմէ ՔՈՓ29-ի գծով կատարուած եւ հետագայ աշխատանքները ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան:
Ժողովին մասնակցողները հաստատեցին, որ Եւրոպայի հայութեան` իր ուժերը զօրաշարժի ենթարկելը չափազանց կարեւոր է, որպէսզի կարելի ըլլայ մեծ ճնշում բանեցնել Ազրպէյճանի վրայ` հետեւեալ նպատակներով.
– Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան եւ այլ գերիներու ազատ արձակում:
– Արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքին շուրջ արտաքին քաղաքական զօրակցութեան ապահովում եւ Պաքուի վրայ համապատասխան միջազգային ճնշում:
– Ազրպէյճանի ցեղային զտումի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտում:
– Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքէն ազրպէյճանական ուժերու հեռացում:
– Արցախի հոգեւոր մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան կարեւորութեան շեշտում:
Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Ազրպէյճանի կողմէ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 76 երեսփոխանները անբաղձալի անձերու ցանկին վրայ ներառելու որոշումին: Ժողովին մասնակցողները դատապարտեցին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան այս քայլը եւ որոշեցին զօրավիգ կանգնիլ Պաքու իրենց մուտքը արգիլուած երեսփոխաններուն:
Այս գրառումը բաժնեկցելու ատեն գործածել հետեւեալ հեշթեկները.
#COP29 #cop29exposed #copout29 #FreeArmenianHostages #Stopgreenwashgenocide#FreeArmenianPOWs