Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Հայերու Վերադարձի Իրաւունքը Կայ, Սակայն Յստակ Ծրագիրի Մը Կարիքը Ունի». Լուիս Մորենօ Օքամփօ

Սեպտեմբեր 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան գտնուող Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ  Օքամփօ 13 սեպտեմբերին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ միջազգային իրաւունքը Արցախի հայ բնակչութեան կողքին է, որովհետեւ հայրենիք վերադառնալու իրաւունքը միանշանակ գոյութիւն ունի, սակայն, անոր իրականացման համար անհրաժեշտ է յստակ ծրագիր մը մշակել:

«Միջազգային իրաւունքը կարեւոր է. Ազրպէյճան պարտաւոր է հասկնալ եւ յարգել զայն, որովհետեւ հետեւանքներ պիտի ըլլան նաեւ ինքնին Ազրպէյճանի համար»,  դիտել տուաւ Օքամփօ` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունքներ ունի:

Ան տեղեկացուց, որ ինք վերջերս հանդիպումներ ունեցած է Արցախի նախկին պաշտօնատարերուն հետ` առաջարկելով իր օգնութիւնը հայ բնակչութեան` իրենց հայրենիքը վերադառնալու հարցով:

«Մենք հիմա պարզապէս կրնանք քննարկել, թէ ինչպէ՛ս կը ծրագրենք հայերու վերադարձը, եւ թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան պիտի ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքները, եւ թէ ինչպէ՛ս պէտք է այդ իրաւունքները իրականացուին: Սակայն, անոնց համար աշխատանքային ծրագիր մը պէտք է․ ծրագիր մը, որ մշակուած պիտի ըլլայ ինքնին արցախցիներուն կողմէ», ըսաւ Օքամփօ` ընդգծելով, որ այդ իրաւունքը կայ, սակայն անոր գործարկման համար համեմատաբար բարենպաստ պայմաններ պէտք են:

Ան շեշտեց, որ նոյեմբերին Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29 գագաթաժողովին ընթացքին Ազրպէյճանի բանտերը գտնուող հայերը ազատ արձակելու հարցը պէտք է ըլլայ օրակարգի վրայ եւ քննարկուող հարցերուն մաս կազմէ:

Ան շատ կարեւոր նկատեց այն հանգամանքը, որ այդ գագաթնաժողովին մասնակցողներուն կողմէ չարհամարհուի Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերուն հարցը` նոյն ատեն յայտնելով, թէ ինք յոյս ունի, որ հայ գերիները ազատ կ՛արձակուին գագաթնաժողովէն առաջ:

Ըստ Օքամփոյի` Պաքուի մէջ բանտարկուած հայերը գերիներ են, եւ ոչ թէ ռազմագերիներ:

«Այն անձերը, որոնք ներկայիս կը գտնուին Պաքուի բանտերուն մէջ, պարզապէս Արցախի առաջնորդներն էին: Ասիկա տխրեցնող բան է, սակայն կը նմանի 1915-ին տեղի ունեցածին, որովհետեւ այդ ժամանակ թուրքերուն գլխաւոր առաքելութիւնը հայերու առաջնորդներուն վերացումն էր: Ասիկա նոյնն է, ինչ որ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ», ընդգծեց Օքամփօ` վերահաստատելով իր այն միտքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները ազատ արձակելու հարցը պէտք է ըլլայ COP29-ի օրակարգին վրայ եւ քննարկումներուն մաս կազմէ:

Օքամփոյի հիմնական ուղերձը հետեւեալն է․ «Ազատ արձակեցէ՛ք հայ պատանդները, դադրեցուցէ՛ք ցեղասպանութիւնը»:

Օքամփօ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակելու գործընթացին շուրջ համաշխարհային հայ համայնքի ջանքերուն միաւորումը չափազանց կարեւոր նկատեց`  դիտել տալով, որ հայ գերիները ազատ արձակելուն վերաբերեալ ամիսներ առաջ համացանցի վրայ իր նախաձեռնած արշաւը բաւական յաջող ծրագիր է:

«Ես մասնակցած եմ տարբեր գործընթացներու, որոնք կը վերաբերին աշխարհի մէջ այլ ցեղասպանութիւններու, եւ առաջին անգամն է, որ կը տեսնեմ համաշխարհային մակարդակով համագործակցութիւն, ինչ որ հոյակապ ձեռքբերում է: Այսինքն` հայերը այսքան աշխոյժ կերպով համագործակցելու աննախադէպ փորձ մը կը ձեւաւորեն: Ասիկա Հայաստանը պաշտպանելու նպատակով է եւ չափազանց կարեւոր է», ըսաւ Օքամփօ` աւելցնելով, որ պատանդները ազատ արձակելու ուղղութեամբ պէտք է ջանքեր գործադրեն բոլոր հայերը:

Ըստ անոր` այս հարցին մէջ հայերը առանձին չեն, որովհետեւ շարք մը համալսարաններ եւ ակադեմական համայնքներ միացած են այդ նախաձեռնութեան:

«Հայկական Սփիւռքը կրնայ, առնուազն, միանալ այս գործընթացին», ընդգծեց Օքամփօ:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ կը գիտակցի, որ յարձակելով Հայաստանի դէմ` կրնայ արժանանալ Միջազգային Քրէական դատարանի մեղադրանքին:

«Միանալով Միջազգային քրէական դատարանին` Հայաստան ձեռք բերած է պաշտպանութեան նոր համակարգ մը, եւ մենք կը փափաքէինք հասկնալ, թէ զայն ինչպէ՛ս պիտի օգտագործեն` պաշտպանելու համար Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի իրաւունքները», ընդգծեց Օքամփօ:

 

 

Նախորդը

Աղեղնաբառ – 172

Յաջորդը

Մուսա Լերան Պարպումը, Այնճար Հայաւանի Ծնունդը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ռիատի Նոր Ուղղութիւնը

Նոյեմբեր 8, 2025
Սէուտական Բարձրաստիճան  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Հայաստան

Նոյեմբեր 8, 2025
Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ  Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն,  Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ  Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»
Հայկական

Հաճիզատէ. «10 Նոյեմբեր 2020-ի Եռակողմ Յայտարարութեան 9-րդ Կէտին Համաձայն, Պէտք Է Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Անարգել Երթեւեկութիւն Ապահովուի»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?