Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պորել. «Լիբանանի Բոլոր Ղեկավարներուն Կոչ Կ՛ուղղենք` Աշխատանք Տանելու Լիբանանի Եւ Լիբանանցիներու Շահերուն Եւ Ոչ Թէ Մէկ Ուրիշին Շահին Համար»

Սեպտեմբեր 13, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել, որ չորեքշաբթի օր այցելած էր Պէյրութ, չորեքշաբթի երեկոյեան հանդիպում ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Սանտրա Տէ Վալի, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թէյմուր Ժոմպլաթի, կուսակցութեան փոխնախագահ Զահեր Ռաատի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր, որոնց շարքին` Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը, Կազայի մէջ պատերազմը եւ պաղեստինեան թղթածրարը, ինչպէս նաեւ տեղական հարցեր, ինչպէս` նախագահի ընտրութեան հոլովոյթն ու սուրիացի գաղթականներու հարցը:

Ժոմպլաթ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քիչերն են, որոնք պատմութեան մէջ այս կեցուածքները կ՛արտայայտեն, Պորել Կազայի պատերազմէն ետք ատիկա կատարեց, Կազայի եւ բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական օրէնքի ամբողջական ոտնակոխումէն ետք Եւրոպական Միութեան մէջ արտայայտեց: ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի մէջ Ֆիլիփ Լազարինին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսը նոյնը ըրին: Կը յուսանք նոյնպիսի անձնաւորութիւններ գտնել արաբական աշխարհի կամ ընդհանրապէս աշխարհի վրայ»:

Պորել երէկ հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնները, ինչպէս նաեւ հարաւային սահմանին վրայ արձանագրուող զարգացումները: Ապա այցելեց արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:

Պու Հապիպ հանդիպումէն ետք միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Պորելի այցելութիւնը Լիբանանի բերած իր պատգամին կարեւոր ցուցանիշն է»:

«Շրջանին մէջ տեւական խաղաղութիւնը կը կարօտի Պաղեստինեան դատի լուծման», ըսաւ ան` վերահաստատելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան նկատմամբ Լիբանանի յանձնառութիւնը:

Պորել իր կարգին նշեց. «Թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը պէտք է ճամբայ հարթէ դէպի համապարփակ լուծում, ներառեալ ցամաքային սահմաններու սահմանագծում»:

«Լիբանանցի ժողովուրդը խաղաղութիւն, կայունութիւն ու զարգացում կ՛ուզէ եւ ոչ թէ պատերազմ», նշեց ան` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պատերազմին պատճառով շրջանային յաւելեալ մագլցումի կարելիութենէն մտահոգ ենք»:

«Այսօր հիմնական պատգամս այն է, թէ Եւրոպական Միութիւնը լիբանանցի ժողովուրդի կողքին կը կանգնի», ըսաւ Պորել:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարը նաեւ նշեց. «Կ՛ուզենք զինուորական մագլցումին վերջ տալ, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` այս գործելաոճին հետեւելու»:

Ան կոչ ուղղեց «Լիբանանի բոլոր ղեկավարներուն` աշխատանք տանելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն համար եւ ոչ թէ մէկ ուրիշին շահին համար»:

«Պէտք է տնտեսութիւնը բարեկարգել եւ վերակազմակերպել դրամատուները, եւ պատրաստ ենք Լիբանանին աջակցելու, եւ կրնանք օգնել, սակայն չենք կրնար ներքին խոչընդոտները յաղթահարել, ատիկա իրենք` լիբանանցիները կրնան ընել», ըսաւ Պորել:

Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահը նաեւ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:

Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Կազայի եւ Լիբանանի վրայ կատարուող յարձակումներուն լոյսին տակ Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը եւ այդ յարձակումներուն Միջին Արեւելքի շրջանին անվտանգութեան ու կայունութեան վրայ ունեցած ապահովական ու քաղաքական հետեւանքները:

Պըրրի գնահատեց Պորելի մարդասիրական կեցուածքները, որոնք Կազայի եւ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն առումով իրաւունքին ու ճշմարտութեան մասին կը վկայեն` ընդգծելով. «Լիբանան պատերազմ չ՛ուզեր, սակայն իրաւունքը ունի եւ կարող է ինքզինք պաշտպանելու»:

Անդրադառնալով ներքին քաղաքական կացութեան` խորհրդարանի նախագահը ըսաւ. «Կառավարութիւնը կը գործէ իրաւասութիւններու համաձայն, որոնցմով լիազօրուած է սահմանադրութեամբ, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի նախագահական աթոռի դատարկութեան, որուն լուծման համար ամենայն լրջութեամբ կ՛աշխատինք աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր` իբրեւ նախաձեռնութիւն մեր առաջարկածին ճամբով»:

Պորել նաեւ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Վարչապետի պաշտօնակատարը գնահատեց Պորելի Լիբանանին աջակցող կեցուածքները եւ ըսաւ. «Ներկայ փուլին պահանջուածը միջազգային եւ ՄԱԿ-ի ճնշում է` դադրեցնելու համար Լիբանանի վրայ շարունակուող իսրայէլեան յարձակումը»:

Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ ներքին կացութեան եւ Լիբանանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութիւնը աշխուժացնելու կարեւորութեան` «լուծելու համար սուրիական ներգաղթի թղթածրարն ու անոր ներկայ եւ ապագայ վտանգները»:

Նախորդը

Կոլան. «Հիւսիսը Կը Քայքայուի, Այդտեղ Անվտանգութիւն Չկայ, Եւ Իսրայէլեան Կառավարութիւնը Զայն Ամբողջովին Կը Լքէ»

Յաջորդը

Զախարովա. «Ռուս Սահմանապահներու Իրանի Եւ Թուրքիոյ Հետ Սահմաններէն Դուրս Բերումը Հայաստանի Անվտանգութեան Տեսանկիւնէն Անտեղի Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?