Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրիի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. «Հնգեակին Եւ Լիբանանեան Կողմերուն Միջեւ Երկխօսութիւնը Նախագահի Ընտրութեան Թղթածրարին Մէջ Բեկումի Պիտի Յանգեցնէ» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Սեպտեմբեր 14, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչ այսօր Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանին կեցութեան վայրին մէջ Եգիպտոսի, Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Քաթարի` Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի դեսպաններու հանդիպում կը նախատեսուի, Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա երէկ Այն Թինէի մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ իր հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Պըրրիի հետ հանդիպումը ինչպէս միշտ հաճելի էր, եւ անոր ընթացքին բազմաթիւ հարցեր արծարծեցինք. պէտք էր զինք տեղեակ պահէի Կազայի շուրջ բանակցութիւններուն վերաբերող զարգացումներէն»:

«Այն, ինչ որ Կազայի մէջ տեղի կ՛ունենայ, մեր բոլորին վրայ կ՛ազդէ, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան վրայ, եւ այս նիւթը երկարատեւ քննարկումի առարկայ դարձաւ», ըսաւ Մուսա:

«Նաեւ մանրամասն կերպով խօսեցանք նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մասին, ինչ կը վերաբերի Պըրրիի նախապէս ներկայացուցած եւ զայն անցեալ շաբաթ աւելի զարգացած կերպով դարձեալ ներկայացուցած գաղափարներուն, ինչպէս նաեւ խօսեցանք նախագահական թղթածրարին մէջ անշարժութեան կացութեան վերաբերեալ բեկում յառաջացնելու կարելիութեան մասին: Կը կարծեմ, թէ բոլորս կը գիտակցինք, թէ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը չափազանց կարեւոր հարց է, եւ բոլորը կը գիտակցին, թէ այսօր, նախքան վաղը պէտք է այդ թղթածրարին մէջ յառաջընթաց արձանագրենք», յայտնեց դեսպանը:

«Պըրրի անգամ մը եւս ինծի յայտնեց Կազայի մէջ տեղի ունեցածը նախագահական հոլովոյթէն անջատելու իր պնդումն ու կառչածութիւնը, եւ ատիկա շատ կարեւոր է, որովհետեւ եթէ իսկապէս կրցանք ատիկա ընել, ապա պիտի կարենանք նախագահական թղթածրարին կծիկը որոշ չափով  քակել», նշեց Մուսա:

Եգիպտոսի դեսպանը նաեւ յայտարարեց. «Կարեւորը Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին եւ լիբանանեան կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնն է, եւ անիկա այս թղթածրարին մէջ բեկումի պիտի յանգեցնէ»:

«Անդրադարձանք հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան, եւ անոր շուրջ փոխզիջումնային լուծումներու հասնելու համաձայնութիւն գոյութիւն ունի, սակայն ինչպէս գիտէք, Կազայի մէջ տեղի ունեցածին հետ կապ եւ ազդեցութիւն կայ, յուսանք յառաջիկայ օրերուն Կազայի մէջ կացութեան գծով բեկում տեղի կ՛ունենայ, ուստի եւ անիկա կ՛ազդէ հարաւային Լիբանանի մէջ կացութեան վրայ: Սակայն միշտ կը ձգտինք Լիբանանի եւ անոր բարեկամներուն կողմէ բոլոր ջանքերը թափելու` խուսափելու համար ճակատումի տարածքի ընդլայնումէն», նշեց դեսպանը:

Անդրադառնալով Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակի յառաջիկայ ժողովներուն` Եգիպտոսի դեսպանը ըսաւ. «Հնգեակը պիտի հանդիպի, երբ նախապէս ուշադրութեան մեծամասնութիւնը ուղղուած էր հարաւային Լիբանանի մէջ ճակատի հանդարտեցման: Հիմա կեդրոնացումը անգամ մը եւս վերադարձաւ նախագահական թղթածրարին վրայ, եւ հանդիպում պիտի ունենանք, որովհետեւ դեսպանները Լիբանան չէին գտնուեր: Անոնք Լիբանան վերադարձան, եւ հանդիպում պիտի ունենանք քննարկելու համար կացութիւններու գնահատումները, այն, ինչ որ նախկին փուլին տեղի ունեցաւ, եւ ապագային ի՞նչ քայլեր կարելի է առնել: Հիմա գաղափարներու մասին պիտի չխօսինք, այլ միայն Հնգեակի անդամներուն հետ քննարկում կատարելէ ետք»:

Նախորդը

Թերզեան. «Ժտէյտէի Աղբանոցի Հրդեհի Շահագործումն Ու Պուրճ Համուտի Մէջ Ըլլալուն Մասին Սխալ Ամբաստանութիւններ Ուղղելը Հասարակական Կարծիքի Ապակողմնորոշում Է»

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հաղորդագրութիւնը

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?