Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել երէկ Եւրոպական յանձնաժողովի պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ երկօրեայ այցելութեամբ Գահիրէէն հասաւ Պէյրութ` հանդիպում ունենալու համար խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի, բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպի հետ:
Ասիկա 7 հոկտեմբերին Կազայի մէջ պատերազմի սկիզբէն ի վեր Պորելի երկրորդ այցելութիւնն է Պէյրութ: Ան առաջին անգամ Պէյրութ այցելած էր 5-7 յունուարին: