Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլեան Օդային Յարձակում` Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Մէջ Շէնքի Մը Վրայ

September 21, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ ետք շուրջ ժամը 3:50-ին գործեց յարձակում մը, որուն թիրախը Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու Քայեմ շրջանին մէջ շէնք մըն էր: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը յայտնեցին, որ յարձակումին հետեւանքով երկու շէնքեր փուլ եկած են:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակին թիրախը Հըզպալլայի շատ մեծ պատասխանատու մըն է: Իսրայէլացի ապահովական պատասխանատու մը նշեց. «Հըզպալլայի մեծագոյն ղեկավարներէն մէկը մաքրագործուեցաւ»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին համաձայն. «Յարձակումին թիրախ դարձած շէնքին մէջ պաղեստինցի եւ Հըզպալլայէն բարձրաստիճան պաշտօնատարներու միջեւ ժողով կը գումարուէր», իսկ ըստ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին. «Օդային յարձակումը թիրախաւորեց Հըզպալլայի բարձրաստիճան ղեկավարներու ժողովը»:

Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ յարձակումին թիրախը Հըզպալլայի մէջ գործողութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Իպրահիմ Աքիլն է: Ան Հըզպալլայի Ժիհատական խորհուրդի 8 անդամներէն մէկն է:

«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ Իպրահիմ Աքիլ ամբաստանուած է 1983 թուականին Պէյրութի մէջ ամերիկացի նաւազներու կեդրոնի պայթեցման յանցանքով եւ «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի կողմէ կ՛որոնուէր: Անոր մասին տեղեկութիւն փոխանցողին 7 միլիոն տոլարի պարգեւ ճշդուած էր:

Պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ 4 հրթիռներ հարուածած են Հարաւային արուարձաններուն մէջ գտնուող շէնքը: Առողջապահութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զոհերուն թիւը 12 է, իսկ վիրաւորներունը` 66: Հաղորդուեցաւ, որ կան տասնեակէ մը աւելի անհետ կորսուածներ, որոնց շարքին` երեխաներ:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` մէջբերելով բարձրաստիճան աղբիւր մը հաղորդեց. «Իսրայէլը հիւսիսի մէջ յստակ ուղի ընտրած է, եւ յարձակումներու քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Այժմ կարմիր գիծեր չկան»:

Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի ընդհատեց ընթացիկ աշխատանքներու կառավարութեան նիստը եւ յայտարարեց. «Իսրայէլեան հարուածը ցոյց կու տայ, թէ Թել Աւիւը մարդասիրական, իրաւական կամ բարոյական որեւէ նկատառումներու կարեւորութիւն չի տար»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ Իսրայէլ Ուաշինկթընը նախօրօք տեղեակ չէ պահած Պէյրութի վրայ յարձակումէն, եւ անոր հետ կապ հաստատուած է յարձակումէն ետք: Սպիտակ տունը իր կարգին յայտարարեց, որ յարձակումէն նախօրօք տեղեակ չէ եղած:

Հըզպալլա յայտարարեց, որ «Քաթիուշա» հրթիռներով ռմբակոծած է Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ «Միշար» ռազմակայանին մէջ գտնուող հետախուզութեան գլխաւոր կեդրոնը, որ ահաբեկումներու պատասխանատուն է: Կուսակցութիւնը նաեւ հաղորդեց, որ ռմբակոծած է օդային գործողութիւններու ղեկավարման «Մայրուն» ռազմակայանին մէջ գտնուող կեդրոնը:

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Հերցի Հալեւի Իսրայէլի հիւսիսային շրջանին մէջ բանակի հրամանատարին եւ զինուորական ստորաբաժանումներու հրամանատարներուն հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեց. «Հասանք Հըզպալլայի ղեկավարներուն եւ պիտի հասնինք բոլոր անոնց, որոնք կը սպառնան Իսրայէլի քաղաքացիներու անվտանգութեան:

 

 

Նախորդը

Մաքրոն Եւ Պլինքըն Քննարկեցին Լիբանանի Մէջ Մագլցումը Նուազեցնելու Կարիքն Ու Բնակիչները Իրենց Տուները Վերադարձնող Դիւանագիտական Լուծման Յանձնառութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական. Վերադառնա՛լ Ինքնորոշման Իրաւունքի Սկզբունքին (Հայաստանի Վերանկախացման 33-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.