Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին արտասանած խօսքին մէջ նշումին, թէ «Ֆրանսան ուս-ուսի կանգնած է Հայաստանի կողքին` անոր վրայ ճնշումներուն եւ Ազրպէյճանի տարածքային յաւակնութիւններուն լոյսին տակ»:
Պաքու Ֆրանսան մեղադրած է շրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութեան» համար: Այս մասին յայտարարած է երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Այխան Հաճիզատէ:
«25 սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ խօսք արտասանելուն ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնները, թէ «Ֆրանսան ուս-ուսի տուած կանգնած է Հայաստանի կողքին` Ազրպէյճանի կողմէ ճնշումներու եւ տարածքային պահանջներու լոյսին տակ», ընդհանուր առմամբ խաղաղութեան հոլովոյթին Ֆրանսայի կողմնակալ հայանպաստ մօտեցման եւս մէկ օրինակ է», բողոքած է Հաճիզատէ:
Անոր համաձայն, անընդունելի է, որ Երեւանը «վրիժառութեան նախապատրաստող» եւ այս երկրին լայնածաւալ զինում կատարող Ֆրանսան ազրպէյճանական կողմը մեղադրէ ճնշման համար:
Ան աւելցուցած է, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ֆրանսայէն կը պահանջէ դադրեցնել շրջանին մէջ «ապակառուցողական գործունէութիւնը»:


