Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի Այցելեց Վարչապետի Պաշտօնակատար Միքաթիի

October 18, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին Յակոբ Բագրատունի արժեւորեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ վարչապետ Միքաթիի տարած աշխատանքները թէ՛ ներլիբանանեան եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան շեշտեց նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անյետաձգելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտի առաջնորդուող գաղթականական զանգուածային երեւոյթի պարտադրած օժանդակութիւններու Լիբանան առաքման հրամայականը:

Վարչապետ Միքաթի իր հերթին ներկայացուց իր ճիգերը միջազգային ընտանիքին մօտ Լիբանանին զօրակցութիւն ապահովելու առումով եւ Իսրայէլի ոճրային ու ցեղասպանական ոճիրներուն դիմաց անտարբերութեան պատը քանդելու նպատակով Պէյրութի կողմէ տարուող քաղաքականութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին, միջազգային ընտանիքի լռութեան, համաշխարհային անտարբերութեան եւ Իսրայէլի կողմէ իրերայաջորդ ու մագլցում արձանագրող ոճիրներուն լոյսին տակ, մեր առաջնահերթութիւնը միշտ երկիրն ու ժողովուրդն են` ներկայ փուլին մէկդի ձգելով տարբեր կարծիքները կամ տարակարծութիւնները, եւ այն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք ձեռքի տալ` մեղմացնելու համար տառապանքը, եւ հասնիլ երկրի մը, հայրենիքի մը, որ արժանապատուութեամբ ու հպարտութեամբ կ՛ապրի:

«Մեկնելով ասկէ, վարչապետի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Լիբանանին հոգալու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութենէն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն սկսող լուծումներ գտնելու անոր ջանքերը գնահատելու համար էր:

«Վարչապետի պաշտօնակատարը շարունակ Լիբանանէն ներս թէ դուրս կը գործէ, սակայն անոր դիմաց արտասահմանէն որեւէ հետաքրքրութիւն չենք տեսներ: Բայց եւ այնպէս, կը յուսանք, որ վարչապետի պաշտօնակատարի ջանքերը ներկայ փապուղիին մէջ որոշ լոյսի մը կը հասնին:

«Երէկ գումարուած հոգեւոր վեհաժողովէն ետք, պէտք է բոլորս մեր խիղճը քննենք, վերատեսութեան ենթարկենք մեր հաշիւները, մտածենք Լիբանանի ապագային մասին եւ բոլորս զինադադար, բանակի տեղակայում ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն պահանջենք», աւելցուց Բագրատունի:

Նախորդը

Ուաշինկըթն. «Լիբանանի Մէջ Ամբողջ Գիւղերու Եւ Քաղաքայիններու Բնակարաններու Քանդում Չենք Ուզեր»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Զգուշացումներ, Ապա Օդային Յարձակումներ` Լիբանանեան Շարք Մը Գիւղերու Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ  «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ «Շուտով»-ը` Նոյեմբերէն Առա՞ջ, Թէ՞ Ետք

October 2, 2026
Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է  Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանցի Զինուորական Մը Մտած Է Սիւնիքի Շաքի Գիւղ Եւ Կրակած Տեղացի Կնոջ Մը Ոտքին

October 2, 2026
Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն  Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու  Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներու Իրաւունքներուն Եւ Ընտանիքներուն Խնդիրները` ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Խորհուրդի Քննարկման Օրակարգին Վրայ

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.