Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա Թել Աւիւի Արուարձանները Թիրախաւորեց Եւ Վար Առաւ Իսրայէլեան «Հերմեզ 450» Մը

Հոկտեմբեր 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլան երէկ հրթիռակոծեց Իսրայէլի մայրաքաղաք Թել Աւիւի արուարձանները եւ կէս գիշերին վար առաւ իսրայէլեան «Հերմեզ 450» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:

Կուսակցութիւնը կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին հրթիռակոծեց Իսրայէլի հիւսիսը գտնուող Քիրիաթ Շմոնա բնակեցման վայրը, իսկ արշալոյսին սահմանին վրայ իսրայէլեան բանակին դէմ գործողութիւններ կատարեց:

Հըզապալլա առաւօտեան ժամը 6:25-ին հրթիռակոծեց Մարժ դիրքի մերձակայքին մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները, ինչպէս նաեւ 6:20-ին երկարատեւ բախում ունեցաւ Ռըպ Թլաթին գիւղի արեւելեան կողմէ ներթափանցում կատարել փորձող իսրայէլեան հետեւակ ուժի մը հետ:

Հըզպալլա նաեւ հրթիռակոծեց Ստանէ Պըրքեթ Նաքարի, Մարժի, Խալլեթ Ուարտէ եւ Պաղտատի շրջաններուն մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորները:

Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը գրեց, որ իսրայէլեան բանակը ստիպուած է իր գործելաոճը փոխելու, «Հըզպալլան առողջացաւ, եւ դէպի երկարատեւ պատերազմ կ՛ուղղուինք»: Ըստ անոր իսրայէլեան բանակը աղէտ կը դիմագրաւէ, որովհետեւ երկարատեւ պատերազմի տիղմին ու Հըզպալլայի հետ մաշեցման պատերազմի մէջ մտած է: «Բանակը շուտով վճարեց գինը բերկրանքի զգացումին, որ Հըզպալլայի վերջին շաբաթներուն ստացած հարուածներէն ետք յառաջացաւ»` աւելցնելով, որ իսրայէլեան բանակը «ամէն կողմէ հարուածներ կը ստանայ»:

«Հըզպալլան մեծ եւ ուժեղ կազմակերպութիւն է, եւ մեծ կարողութիւններ ունի», նշեց օրաթերթը:

Մինչ այդ, իսրայէլեան օդանաւերը իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին հարաւային Լիբանանի եւ Պեքայի վրայ: Անոնք Պաալպեք քաղաքի մերձակայքին մէջ յարձակում գործեցին Տուրիս շրջանին վրայ, իսկ Ռայաք Ալի Նահրի շրջանին մէջ բնակելի շէնք մը հարուածեցին:

Իսրայէլեան օդուժը բուռն յարձակումներ գործեց Նապաթիէի եւ շրջակայ գիւղերուն` Քֆարրըմմանի, Հապպուշի, Անքունի եւ Քֆուրի վրայ:

Ըստ իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին, իսրայէլեան բանակի հինգերորդ զօրախումբ մը սկսած է մասնակցիլ հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութիւններուն:

 

 

Նախորդը

Բագրատունի. «Պէտք Է Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրել, Որովհետեւ Լիբանանը Ի Վերջոյ Պիտի Մնայ»

Յաջորդը

Ակնարկ. Փոխ-Հակադարձութեան Ենթադրեալ Հետեւանքներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?