Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հըզպալլա. «Թշնամիին Հետ Ճակատումի Նոր Ու Մագլցողական Փուլի Անցանք»

October 19, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլա յայտարարեց, որ Իսրայէլի դէմ ճակատումի նոր ու մագլցողական փուլի անցած է` նշելով, որ իսրայէլեան բանակի շարքերուն մէջ մինչեւ հիմա արձանագրուած են շուրջ 55 զոհեր եւ 500 վիրաւորներ:

«Հրթիռային ուժը կը շարունակէ օրէ օր աստիճանական մագլցումով հարուածել թշնամիին հաւաքավայրերն ու Պաղեստինի խորքին մէջ գտնուող ռազմակայանները», նշեց Հըզպալլայի շտապը:

Հըզպալլա նշեց, որ այս շաբթուան սկիզբը բախումներու ընթացքին Իսրայէլեան կողմը ունեցած է 50 զոհ ու 150 վիրաւոր, եւ անոր պատկանող 9 «Մերքաւա» տիպի հրասայլեր եւ 4 զինուորական քարշակներ ոչնչացուած են:

Կուսակցութիւնը հաղորդեց, որ ցամաքային գործողութեան սկիզբէն ի վեր իսրայէլեան բանակը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ 70 հազար զինուորներ, հարիւրաւոր հրասայլեր եւ զինուորական մեքենաներ կուտակած է:

Իսրայէլեան բանակը երէկ առաւօտեան Լիբանանի հարաւի եւ արեւելքի տարբեր շրջաններուն վրայ օդային յարձակումներ գործեց, իսկ Հըզպալլան հրթիռակոծեց հիւսիսային Իսրայէլի մէջ շրջաններ:

Իսրայէլեան օդուժը յարձակում գործեց Նապաթիէ գաւառի Տուէյր գիւղին վրայ, ինչպէս նաեւ հարաւի նահանգին Քլէյլա, Քֆար Ռումման, Ռամիա, Պարաաշիթ, Տպաալ, Հատտասա, Զրարիէ, Զաութար Շարքիէ եւ Եաթեր գիւղերուն վրայ: Իսրայէլեան հրետանին իր կարգին ռմբակոծեց Մարուն Ռաս, Եարուն, Այթա Շաապ, Տհէյրա, Պուսթան գիւղերն ու Պընթ Ժպէյլ քաղաքի մերձակայքը:

Հըզպալլան իր կարգին մեծաթիւ հրթիռներով հրթիռակոծեց Զաֆլոն բնակեցման վայրը:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին.  «Անօդաչու թռչող սարք մը հարուածեց հարաւային Լիբանանի մէջ սահմանամերձ շրջանի մը մէջ հաւաքուած իսրայէլացի զինուորներ` վիրաւորելով անոնցմէ 31-ը»:

(Լուսանկարը` Մոհամետ Ապտել Ղանիի, «Ռոյթըրզ»)

 

Նախորդը

Իտալիոյ Վարչապետը Պէյրութէն Յայտարարեց. «ՖԻՆԻՒԼ-ի Թիրախաւորումը Անընդունելի Է»

Յաջորդը

Ակնարկ. 5 Քիլոմեթրի Իսրայէլեան Առաջադրանքը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.