Իրանեան Օդանաւի Մը Էջքը Արգիլելէ Ետք Ցուցարարներ Կը Փակեն Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ճամբան
Երէկ երեկոյեան, իրանեան օդանաւի մը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ էջքի արգիլման վերաբերող լուրերու տարածումէն ետք, մեծաթիւ ցուցարարներ այրող անիւներով փակեցին օդակայանի ճամբան` Հըզպալլային զօրակցող կարգախօսներ արձակելով: Սկզբունքով այս օդանաւով պիտի վերադառնային Իրան այցելած լիբանանցիներ:




















