Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մշակոյթի Եւ Երիտասարդութեան Ու Մարմնակրթութեան Նախարարները
Աւագ երեքշաբթի, 15 ապրիլ 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Անթիլիասի մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մշակոյթի նախարար դոկտ. Ղասսան Սալամէն եւ երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ նետելու կառավարութեան աշխատանքներուն, յառաջիկայ ծրագիրներուն եւ ընդհանրապէս Լիբանանի Դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նոր կառավարութեան կազմութեան սկզբնաւորութեան ներկայացուած աշխատանքային ծրագիրի յայտարարութիւնը, ուր յստակօրէն պարզուած են առաջնահերթութեան...



















