Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Արապիա Ինկլիշ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Հըզպալլան քաղցկեղ է, եւ եթէ Լիբանանը կ՛ուզէ առողջանալ, պէտք է զայն արմատախիլ ընէ, պէտք է զայն ամբողջովին զինաթափել»:
Օրթէյկըս նաեւ նշեց. «Իրան շրջանը անկայունութեան վտանգաւոր փուլի մղեց»:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ քաղաքական աղբիւրներ Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան որեւէ խորքային արդիւնք չեն նշմարած:
«Օրթէյկըսի այցելութեան իբրեւ ամփոփում անիկա Լիբանանի մէջ ամերիկեան ներկայութեան ու դերակատարութեան վերահաստատումէն աւելին չէ: Ուաշինկթըն ինքզինք լիբանանեան բեմին վրայ առաջին ու միակ դերակատարը կը նկատէ, ինչպէս նաեւ անոր մէջ բոլոր քաղաքականութիւնները տնօրինողը:
«Անիկա նաեւ ուղղակի եւ շտապ պատգամ մըն է նոր նախագահի եւ նոր կառավարութեան իշխանութեան` արագացնելու տնտեսական բարեկարգումներուն երթը, բան մը, որ Օրթէյկըս անկեղծօրէն յայտնեց, որ Լիբանանէն պահանջուած քայլեր են` փաստելու համար, որ արժանի է Միացեալ Նահանգներուն հետ գործընկերութեան, եւ առանց այդ քայլերուն Լիբանանը այդ գործընկերութեան պիտի չարժանանայ: Մէկ խօսքով, պիտի չստանայ ինքզինք վերականգնելու համար սպասած օժանդակութիւնները, մասնաւորաբար անոնք, որոնք առնչուած են իսրայէլեան յարձակումին ընթացքին քանդուածի վերաշինութեան թղթածրարին»:
Նոյն աղբիւրները նաեւ նշեցին. «Անկախ այն տեսութիւններէն, որոնցմով Լիբանանի մէջ ոմանք կը խանդավառուին, անկասկած Հըզպալլայի զինաթափումը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական նպատակն է, սակայն ի տարբերութիւն Օրթէյկըսի Պէյրութ ժամանումէն առաջ եղածին, ան պաշտօնատարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին զայն իբրեւ շտապ գործադրելի կէտ չարծարծեց, եւ ատիկա կարելի է տեսնել իր լրատուամիջոցային ելոյթին ընթացքին, որուն մէջ կրկնեց Հըզպալլայի զէնքին վերաբերեալ ամերիկեան աւանդական հին-նոր դիրքորոշումը, սակայն առանց զինաթափման ժամանակացոյցի մասին խօսելու:
«Այս առումով նշանակալից էր նաեւ յայտարարելը, թէ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման թղթածրարը լիբանանցի պատասխանատուներէն որեւէ մէկուն հետ չէ արծարծած, ինչ որ կը նշանակէ, որ Օրթէյկըս խուսափած է նուրբ թղթածրարներ արծարծելէ` գիտակցելով, թէ լիբանանեան կացութիւնը ներկայ կամ նոյնիսկ այլ փուլերու զայն չի կրնար հանդուրժել»: