Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրթէյկըս. «Հըզպալլան Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Պէտք Է Ապազինել»

Ապրիլ 8, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըս «Էլ.Պի.Սի.»-ի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «հոյակապ» ժողովներ գումարած է:

«Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ, հանդիպում ունեցայ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Մենք կանոնաւոր կերպով կապի մէջ ենք, եւ միշտ ալ լաւ է զանոնք դէմ առ դէմ տեսնել: Ես խանդավառ եմ ու լաւատես նոր կառավարութեան նկատմամբ», յայտնեց Օրթէյկըս:

«Մենք Հըզպալլայի ապազինման հարցը միշտ կ՛արծարծենք, եւ ոչ միայն կուսակցութեան, այլ նաեւ այս երկրին մէջ բոլոր միլիսներուն, եւ պիտի շարունակենք կառավարութեան վրայ ճնշում բանեցնել թշնամական արարքներու դադրեցման ամբողջական գործադրութեան համար: Երկար տարիներ մարզելով, ֆինանսաւորելով եւ սարքերու տրամադրումով աջակցեցանք լիբանանեան բանակին, եւ այժմ բանակը իրապէս կարող է նախագահ Աունի ղեկավարութեամբ յաւելեալ իշխանութիւն տարածելու, եւ մենք անոր պիտի օգնենք այս նպատակներուն իրագործման համար», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Հըզպալլայի զինաթափման ժամկէտի մասին հարցումին` ամերիկացի պատուիրակը յայտնեց. «Կարելի եղածին չափ շուտ, եւ կրնայ պաշտօնական ժամանակացոյց չըլլալ»:

«Լիբանանեան բանակը որքան կարենայ իր նպատակներուն իրագործման եւ բոլոր միլիսները զինաթափելուն հասնիլ, այնքան լիբանանցի ժողովուրդը աւելի արագ կ՛ազատի օտարի ազդեցութենէն, ահաբեկչութենէն եւ վախէն», աւելցուց ան:

«Անցնող տասը տարիներուն հարցերը շատ յուսաբեկիչ էին, պայթումէն (Պէյրութի նաւահանգիստի, «Ա.») մինչեւ ելեւմտական քայքայում, սակայն հիմա կան հայրենասէր խումբ մը անձեր, զորս ճնշում կը բանեցնեն իրագործելու համար տնտեսական բարեկարգումները, զորս Միջազգային դրամական ֆոնտը, Միացեալ Նահանգներն ու Ծոցի մէջ անոնց արաբ գործընկերները պահանջած են», յայտնեց Օրթէյկըս:

«Իշխանութիւնն ու ժողովուրդը պէտք է ընտրանք կատարեն` կա՛մ Հըզպալլան ապազինելու համար մեր հետ գործակցիլ, թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութիւնը գործադրել, փտածութեան վերջ տալ, եւ գործընկեր ու բարեկամ պիտի ըլլանք, կա՛մ ալ կառավարութեան ու ղեկավարներու կողմէ դանդաղումը ընտրել, եւ այդ պարագային մեզմէ գործընկերութիւն մի՛ սպասէք», ըսաւ ան:

Պատասխանելով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման մասին հարցումի մը` Օրթէյկըս նշեց. «Լիբանանի մէջ ոչ ոքի հետ այս նիւթին շուրջ խօսեցայ: Ներկայիս մեր կեդրոնացումը թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան, Հըզպալլայի ապազինման եւ տնտեսական բարեկարգումի գործադրութեան վրայ է, եւ կը յուսանք, որ հետագային կը հասնինք բանակցութիւններու, սահմանային խնդիրներու եւ Լիբանանի ու Իսրայէլի միջեւ այլ հարցերու լուծման փուլին»:

«Հանրապետութեան նախագահը առջեւս չմերժեց ձերբակալեալներու, սահմանագծման եւ իսրայէլեան բանակի հեռացման թղթածրարը քննարկելու համար դիւանագիտական երեք յանձնախումբերու ստեղծումը», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:

Ինչ կը վերաբերի վերաշինութեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալը յայտնեց. «Թրամփի վարչակազմի տեսանկիւնէն, Կազայի, հարաւային Լիբանանի, Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ անհրաժեշտ ըլլալիք վերաշինութիւնը չափազանց մեծ կարիքը ունի ներդրումներու: Եւ պատգամս, մասնաւորաբար հիացմունք յառաջացնող նոր կառավարութեան, հետեւեալն է. ինչպէ՞ս նոր, աւելի լաւ ձեւով կրնանք մտածել հարաւային Լիբանանի վերաշինութեան մասին»:

«Երբ թշնամական արարքներու դադրեցման կը նայինք, յստակ է, թէ Հըզպալլան պէտք է զինաթափուի, եւ յստակ է, թէ Իսրայէլ իր հողերուն վրայ հրթիռարձակումը պիտի չընդունի, եւ այստեղ գտնուելուս պատճառը այս է», նշեց Օրթէյկըս:

«Լիբանանը անկախ, ժողովրդավարական, գերիշխանութեան տէր պետութիւն է, եւ մենք կը յարգենք անոր գերիշխանութիւնը: Մենք գործընկերներ ու բարեկամներ ենք, եւ միասնաբար կ՛աշխատինք Միջին Արեւելքի մէջ աւելի լաւ ու աւելի խաղաղ ապագայի համար», ըսաւ ան:

«Ես` իբրեւ ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչ, այստեղ չեմ գար հրամաններու գործադրութիւն պարտադրելու: Չեմ ըսեր. «Պէտք է ասիկա, անիկա ընէք», այլ կը քաջալերեմ ու կ՛ըսեմ. «Եթէ կ՛ուզէք Միացեալ Նահանգներու հետ գործընկերութիւնը շարունակել, ապա պէտք է որոշակի պայմաններու եւ արժեչափերու յանձնառու ըլլաք», շեշտեց Օրթէյկըս:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալը աւելցուց. «Լիբանան առաջին այցելութեան ընթացքին ինծի համար կարեւոր էր, որ Հըզպալլան Նաուաֆ Սալամի կառավարութեան մէջ ներկայացուած չըլլայ, նաեւ կարեւոր էր, որ փտած նախարարներ չըլլան, որովհետեւ փտածութիւնը մարդոց վստահութիւնը տկարացուց: Այն, ինչ որ կ՛ուզենք Լիբանանին, կանխիկ գումարի վրայ հիմնուած տնտեսութենէն արդիական տնտեսութեան փոխակերպման օգնելն է»:

 

Նախորդը

Աուն Եւ Պըրրի Քննարկեցին Օրթէյկըսի Այցելութեան Արդիւնքները

Յաջորդը

Ակնարկ Պայմանները Ի Զօրու` Թէկուզ Տարբեր Ոճով Փոխանցուած

RelatedPosts

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին  Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Արտաքին Գործոց Նախարար Եուսեֆ Ռաժժիին

Մայիս 16, 2025
«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք  Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան  Իրերայաջորդ Յարձակումները»  Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Լիբանանեան

«Լիբանանի Կողքին Կը Կանգնինք, Եւ Կը Դատապարտենք Անոր Գերիշխանութեան Վրայ Իսրայէլեան Իրերայաջորդ Յարձակումները» Կ՛ըսէ Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Մայիս 16, 2025
«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը  Բանակցութեան Սեղանին Է»  Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը
Լիբանանեան

«Թրամփի Շրջան Այցելութիւնը Շատ Կարեւոր Է, Եւ Անկասկած Լիբանանի Թղթածրարը Բանակցութեան Սեղանին Է» Կ՛ըսէ Եգիպտոսի Դեսպանը

Մայիս 16, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?