ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի Կեդրոնական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի երեսունվեց քոնկրեսականներ` Տինա Թայթըսի եւ Քրիս Սմիթի առաջնորդութեամբ, 11 ապրիլին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյին կոչ ուղղած են «Համաշխարհային Մակնիցքի»-ի աքթի ծիրին մէջ պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանցի այն պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայերու նկատմամբ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներու համար, ներառեալ ռազմագերիներու եւ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան անօրինական կալանքներու, բռնութիւններու եւ կեղծ դատավարութիւններու համար: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ քոնկրեսականներու այս երկկուսակցական նամակը` իբրեւ պատասխանատուութեան եւ արդարութեան վերականգնման ուղղուած կարեւոր քայլ:
Այս նախաձեռնութեան առիթով Հայ դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է. «Այս երկկուսակցական նամակը, որ նախաձեռնած են Տինա Թայթըսն ու Քրիս Սմիթը, հզօր ուղերձ է առ այն, որ Ամերիկան պէտք է կանգնի արդարութեան եւ պատասխանատուութեան կողմը: Մենք շնորհակալ ենք բոլոր այն քոնկրեսականներուն, որոնք ստորագրած են այս նամակը եւ անյապաղ կը պահանջեն «Մակնիցքիի պատժամիջոցներ»` Ազրպէյճանի այն պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք ներգրաւուած են պատերազմական յանցագործութիւններու եւ հայ ռազմագերիներու ու քաղաքական ղեկավարներու անօրինական կալանքներու մէջ: Շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է ազատել անօրինական կերպով պահուող բոլոր հայերը, ազրպէյճանական զօրքերը դուրս բերել հայկական տարածքներէն եւ, ի հարկէ, պաշտպանել Արցախի հայ ժողովուրդի իրաւունքը` արժանապատուօրէն ու ապահով վերադառնալու իրենց պատմական հայրենիք»:
Նամակին մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան կոչ կ՛ուղղուի «անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկելու «Համաշխարհային Մակնիցքիի աքթ»-ի` մարդու իրաւունքներու հաշուետուողականութեան օրէնքի համաձայն, Ազրպէյճանի այն պաշտօնատարներուն նկատմամբ, որոնք պատասխանատու են հայերու հանդէպ պատերազմական յանցագործութիւններու եւ կոպիտ իրաւախախտումներու համար Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»:
Նամակը ստորագրողները կ՛ընդգծեն, որ «մինչեւ օրս Ազրպէյճանը անօրինական կերպով կը պահէ առնուազն 23 յայտնի հայ ռազմագերիներ, որոնք գերեվարուած են Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակման ժամանակ եւ անկէ ետք», նախազգուշացնելով, որ «այս քաղաքական պատանդները կ՛ենթարկուին բռնութիւններու եւ նուաստացուցիչ վերաբերմունքի»:
Անոնք կ՛ընդգծեն նաեւ ազրպէյճանական անպատժելիութեան շրջանային հետեւանքները` գրելով. «Հայ բարձրաստիճան անձերու կեղծ դատավարութիւնները կը խաթարեն վստահութեան ձեւաւորման քայլերը, որոնք անհրաժեշտ են կայուն խաղաղութեան համար: Քաղաքական կալանաւորներու եւ ռազմագերիներու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ է արդար եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար»:
Նամակի աւարտին քոնկրեսականները անյապաղ քայլերու ձեռնարկման կոչ կ՛ուղղեն. «Մենք կը հաւատանք, որ «Մակնիցքիի պատժամիջոցները» կարեւոր գործիք են` ռազմագերիներու ազատման համար ճնշում գործադրելու եւ Հայաստանի դէմ հետագայ յարձակումը կանխարգիլելու»:
Քոնկրեսական Տինա Թայթըս եղած է ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրարկման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեան կոչերու յառաջամարտիկ, իսկ Քրիս Սմիթ, որ կը հանդիսանայ «Համաշխարհային Մակնիցքիի աքթ»-ի մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի նախագահը, նոյնպէս շարունակաբար հանդէս եկած է հայութեան պաշտպանութեան դիրքերէն: