Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 50-ամեակի նշումը բազմահազար նահատակներու յիշատակի ոգեկոչումին առընթեր, պատերազմի որեւէ կարելիութիւն բացառելու պատգամը կը շեշտէ: Պատերազմը ամբողջ հոլովոյթ մը ապրած է ժամանակաւոր դադարներով: Ներքաղաքացիական, միջդաւանանքային, այլ երկիրներու ուժերու ներկայութեան դէմ: Վերջին արարը իր սաստկութեամբ, տարողութեամբ եւ ռազմարհեստագիտութեան ամենանորարար միջոցներու կիրարկումով նոր դարձակէտ գրանցեց Լիբանանի բազմահանգրուանային եւ բազմաբնոյթ պատերազմներու շարքին մէջ:
Ներքաղաքացիական բախումներով սկսած պատերազմի բուն շարժառիթը ներլիբանանեան անհամաձայնութիւններն են: Որքան ալ պաղեստինեան-լիբանանեան հակասութիւններով բռնկուած գործողութիւններ էին սկզբնական շրջանին արձանագրուածները, պէտք է իսկոյն նկատել, որ անոնք շուտով վերածուեցան կրօնական եւ դաւանանքային տեսքով հրապարակ եկած լիբանանեան տարբեր ուժերու զինեալ խմբաւորումներու միջեւ բախումներու:
Պէտք է վերադառնալ ակունքին ուրեմն. այլ խօսքով լիբանանեան հարթութեան վրայ արագօրէն խմորուած ու ձեւ ստացած պառակտումներուն, երկփեղկումներուն եւ ընդհարումներուն: Այդ բոլորին համար արտաքին ուժերու կողմէ ենթահողի պատրաստութեան ծրագիրներ մշակուած ու կիրարկուած էին:
Կը թուի սակայն, որ ներլիբանանեան անհասկացողութիւնները կը շարունակուին երկրին համար ճակատագրորոշ պահերուն նոյնիսկ: Տարածքային ամբողջականութիւն, սահմաններու անսասանութիւն, գերիշխանութեան անհպելիութիւն, անվտանգութիւն եւ խաղաղ կայունութիւն` բոլորը տեսական սկզբունքներու սահմաններէն դուրս չեն գար, որովհետեւ սկսելու համար լիբանանեան պետական եւ հասարակական դաշտերուն մէջ կը շարունակուին տարակարծութիւնները: Կը բացակայի համախոհութեան սկզբունքին վրայ լուծումներու եւ ընդհանուր համաձայնութիւններու յանգելու կամքն ու վճռակամութիւնը:
Պատերազմը ուրեմն չէ յաջողած դասեր փոխանցել լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր պետական կեանքը վարելու կոչուած զանազան ուժերուն: Այս իրականութիւնն է, որ կը շարունակէ պարարտ ենթահող տրամադրել տարբեր ուժերու, պետութիւններու իրենց առեւտուրները, շահերու փոխանակումները կամ հակասութիւնները մաքրելու հարթակները նկատելու լիբանանեան քաղաքական դաշտը: Երկիրը այս հանգամանքներով ալ կը շարունակէ հեռակառավարուիլ:
Ամբողջ պատերազմի ընթացքին եւ անոր տարբեր փուլերուն լիբանանահայ համայնքն ու զայն ներկայացնող քաղաքական միաւորները իբրեւ կուսակցութիւններ վճռեցին չներքաշուիլ այլոց հաշիւներու մաքրման գործընթացներուն: Այս կամքը հայկական քաղաքական գործօնը անկախ ու ինքնուրոյն պահելու հիմնաւորումներով չէր բացատրուեր միայն: Ասիկա ըստ էութեան Լիբանանի՛ համար որդեգրուած կեցուածք էր, խաղաղ միջոցը գերադասելու, հարցերը երկխօսութեան միջոցով լուծելու եւ համախոհական լուծումներու յանգելու: Չներքաշուելու եւ անկախ մնալու կամ համալիբանանեանը գերադասելու այս սկզբունքին կառչած մնալը եւ գործնապէս զայն իրականացնելը սուղ արժեց լիբանանահայութեան:
Բաւական ուշ էր, երբ այլ կողմեր անդրադարձան լիբանանահայութեան կեցուածքի ողջմտութեան եւ հեռանկարայնութեան: Տարբեր առիթներու հայկական գործօնի անկախ մնալը, աւերին ու աւարին մասնակից չդառնալը, բախումներուն կողմ չըլլալը իբրեւ օրինակելի դիրքորոշում մատնացոյց եղան լիբանանեան տարբեր հոսանքներ ներկայացնողներուն կողմէ:
Ներլիբանանեան անկախ արեւելումի վրայ կայացած այս որոշումը ունէր թէ՛ համայնքային եւ թէ՛ լիբանանեան ուղղութիւններ: Ոչ միայն: Անիկա ունէր համասփիւռքեան նշանակութիւն: Պէտք էր պահպանել լիբանանահայկական միջնաբերդը ամբողջ սփիւռքի համար, յատկապէս մարդուժի պատրաստութեան արտադրամասերու անխափան գործունէութիւնը ապահովելու առումով:
Կը թուի, որ երկիրը նոր փուլ կը թեւակոխէ, միջինարեւելեան մակարդաի վրայ արձանագրուող այս նոր գործընթացներուն լոյսին տակ: Տէրութիւններ առկայ են ուղղակի կամ անուղղակի, երբեմն յականէ անուանէ առաջադրանքներ ձեւակերպելով այլապէս ազդեցութեան գօտիներ ստեղծելով: Արտաքին մարտահրաւէրները կապակցուած են ներլիբանանեան ելեւէջներուն, համաձայնութիւններուն կամ տարակարծութիւններու խորացումին:
Լիբանանահայ քաղաքական գործօնի դերը կը մնայ կառչած իր ակունքային դիրքորոշումներուն: Պահել որոշումի անկախութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը եւ համալիբանանեան շահերու գերադասումը, մերժելով հատուածականութիւնը, միակողմանի դիրքորոշումները, ներլիբանանեան բախումներն ու այլոց պայքարներուն ներքաշուելու մղումները:
Լիբանանահայութեան քաղաքական գործօնի անկախ էութեան պահպանումը անզիջելի առաջադրանք է, թէ՛ համայնքին, թէ՛ Լիբանանին եւ թէ՛ սփիւռքին համար: