Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Ընդդէմ Բոլոր Տեսակի Շահագործումներուն (Աշխատաւորներու Օրուան Առիթով)

Մայիս 1, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մայիսմէկեան խորհուրդի այժմէականացման փորձերը ամէն տարի հետզհետէ կը դժուարանան: Պատճառը այն է, որ այս տօնին գաղափարական էութիւնը կը մթագնի աշխարհի մէջ տարածուող ապագաղափարականացման ալիքներուն տակ:

Այդուհանդերձ հայ հրապարակագրութիւնը պէտք չէ հրաժարի հերթական մայիս մէկին ետին կանգնած խորհուրդը արժեւորելէն եւ փորձ կատարէ այժմէականացման ընդգծումներ կատարելու:

Այո՛. ամբողջ աշխարհը կ՛ապագաղափարականանայ: Աւելի ճիշդ, դասական գաղափարականութիւնը կը վերափոխուի, կը վերազգեստաւորուի նոր տարազներով, որոնք միայն արտաքին փոփոխութեան չեն վերաբերիր, այլ ուղղակի փոփոխութեան կ՛ենթարկեն էութիւնը: Կը պարպեն գաղափարականութիւնը, ստեղծելու համար նորը: Նորը, որ հիմնականին մէջ հասկացողութիւններու արմատական փոփոխութիւնն է, արժեհամակարգի մը փուլային ջնջումն է եւ նոր համակարգի մը պարտադրումը:

Արժէքափոխութեան այս յորձանուտին մէջ, ինչպէս այլ գաղափարական ուղղութիւններ, Աշխատաւորներու օրը նաեւ կը վերաիմաստաւորուի: Մթագնումը ինքնին կ՛առաջնորդէ վերաիմաստաւորման` անդրադառնալու, որ նոյն կարգախօսները, նոյն յայտարարութիւնները եւ նոյն սկզբունքները բարձրաձայնելը արձագանգ կրնան չգտնել այս օրերուն:

Այս իրականութիւնը մտածել կու տայ փոխելու մարտավարութիւնը, պահպանելու համար հիմնական արժէքը, աշխատաւորի իրաւունքի պաշտպանութեան սկզբունքը: Քաղաքակիրթ աշխարհը արդէն անդրանցած է այս խնդիրը: Օրէնքով կանոնակարգուած են աշխատաւորներու իրաւունքները, հիմնուած մարդու իրաւունքներու ընդհանուր հայեցակարգերու վրայ: Աշխատանքի ժամերու որեւէ յաւելման օրինագիծ կը դիմաւորուի զանգուածային բողոքներով, բանավէճերով: Օրէնքի խախտումը տեղի կու տայ դատական հայցերու, դատավարութիւններով իրաւունքի վերատիրացման դէպքերու: Այստեղ այլեւս իրաւազրկութեան մասին չէ խօսքը:

Բոլոր երկիրները չեն, որ հասած են այդ մակարդակին: Այնտեղ իրաւազրկումներու պարագաները կրնան անպատիժ մնալ, նոյնիսկ անարձագանգ, ինչ որ շահագործումի բազմաթիւ դէպքերու կ՛առաջնորդէ:

Շահագործումը, սակայն, միայն աշխատանքային ժամերու կամ պետական անհրաժեշտ ծառայութիւններ չտրամադրելուն չի վերաբերիր: Որքան ալ օրէնքներ կիրարկուին ամէնէն քաղաքակրթուած միջավայրերուն մէջ, շահագործումի տարբեր բնոյթի երեւոյթներ կը շարունակուին:

Դրամագլուխի կուտակումը, գերշահոյթներու ապահովման տարբեր միջոցները, տակաւի՛ն` երեխաներու, կիներու թէ ընդհանրապէս մարդու շահագործման այլանդակ եղանակները կը պատահին ամէնէն քաղաքակիրթ նկատուած երկիրներուն մէջ: Շահագործման իբրեւ միջոցներ կ՛օգտագործուին  տեղեկագիտութեան կամ արհեստական բանականութեան ամէնէն նորարար մեթոտները:

Մայիսմէկեան խորհուրդը հակաշահագործման սկզբունքներու մէջ տեսնելու այս ուղղութիւնը շարունակելու պարագային կը հասնինք նաեւ ազգերու շահագործման իրականութեան դէմ պայքարելու հրամայականին:

Ազդեցութեան գօտիներու տարածման, այլ ազգերու բնական հարստութիւններու տիրացման եւ շահագործման, ազգային տնտեսութիւններ հարթիչ գլաններու տակ առնելով հարստապետական կարգերու կայացման ու տարածման այս անվերահսկելի երթերը անարգել կը շարունակուին: Ազգերը կը բաժնուին շահագործողներու եւ շահագործուողներու միջեւ: Մարդիկ` նոյնպէս: Խորհուրդը ուրեմն աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ սահմանափակելը այսօր, կը պարպէ մայիսմէկեան աւանդը իր էութենէն եւ նպատակներէն:

Տեսնել պէտք է իշխանութիւններու շահագործումը իրենց վստահուած քուէին, եւ այդ կարգախօսով իրենց չվստահուած ծրագիրները իրականացնելու  փաստերը: Տեսնել պէտք է Անկախութեան հռչակագիրը տապալելու փորձերուն մէջ ժողովուրդը շահագործելու, անոր անունով խօսելու, Արցախը Ազրպէյճանի տարածք նկատելու, պատմական իրաւունքներէն հրաժարելու իրաւունքը չունենալու, սակայն ժողովուրդը շահագործելով զայն վկայակոչելու բոլոր քայլերը:

Շահագործումը միայն դրամական եւ վարձատրութեան ոլորտներուն չի վերաբերիր, այլ նաեւ ազգային խնդիրներուն, անոնց ապագաղափարականացման եւ ապազգայնացման ճանապարհներով:

Մայիս մէկը շահագործումներու եւ շահագործողներու դէմ պայքարի խորհրդանիշ օրն է: Ե՛ւ ընկերային իմաստով, ե՛ւ ազգային, ե՛ւ մարդկային:

Նախորդը

«Պէյրութի Մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Դեսպանատան Վերաբացումը Էմիրութիւններուն Լիբանանին Աջակցելու Յանձնառութեան Մարմնաւորումն Է» Կ՛ըսէ Մոհամետ Պըն Զայետ

Յաջորդը

Խոր Վիշտով Եւ Կսկիծով Կը Գուժենք Ընկ. Վարդգէս (Վագօ) Խտըրլարեանի Մահուան Տխուր Լուրը

RelatedPosts

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան  Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի  Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընթացք Առաւ Պաղեստինեան Գաղթակայաններու Զէնքը Որոշակի Ժամանակացոյցի Հիմամբ Յանձնելու Հոլովոյթը»

Մայիս 24, 2025
Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում
Գլխաւոր լուրեր

Մարզական Աւանի Հանդիսաւոր Վերաբացում

Մայիս 24, 2025
Լաւրով. «Ռուսիան Անկեղծօրէն Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Ստորագրման Հարցին Մէջ Յաջողութիւն  Կը Մաղթէ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին  Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու Հոլովոյթին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Ռուսիան Անկեղծօրէն Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Ստորագրման Հարցին Մէջ Յաջողութիւն Կը Մաղթէ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Եւ Պատրաստ Է Աջակցելու Հոլովոյթին»

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?