Անգամ մը եւս լիբանանահայութիւնը ապացուցեց, որ յանձնառու է տէր կանգնելու իր իրաւունքներուն:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն, որոնք ընդառաջելով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կոչին, կատարեցին իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:
Վարձքը կատար բոլոր մեր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որոնք կամաւորաբար առաւօտեան ժամերէն աշխատեցան ընտրական երկար օրը հեզասահ իր աւարտին հասցնելու համար:
Լիբանանահայութիւնը միասնաբար` ձեռք-ձեռքի տալով աշխատեցաւ եւ ճիգ չխնայեց հայ թեկնածուները հասցնելու համապատասխան պաշտօններուն, որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին ծառայեն եւ օժանդակեն համայնքի իւրաքանչիւր անդամի կարիքներուն:
Յառաջիկայ ժամերուն կը յայտարարուին այս հաւաքական ճիգին արդիւնքները:
18 մայիսին տեղի ունենալիք Պէյրութի եւ Պեքայի ընտրութիւններուն դարձեալ հաւաքաբար ցոյց տանք լիբանանահայութեան կամքը:
Մասնակցի՛նք մեր շրջաններու վերելքին:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ