Գլխաւոր լուրեր

Պոլսոյ Քաղաքապետ Իմամօղլուն  Ձերբակալուած Է

Պոլսոյ Քաղաքապետ Իմամօղլուն Ձերբակալուած Է

Պոլսոյ մէջ իրաւապահները լայնածաւալ գործողութեան սկսած են, ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ իմամօղլուն ձերբակալելու հրաման տրուած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սապահ» օրաթերթը: «Պոլսոյ մայրաքաղաքի քաղաքապետարանին մէջ փտածութեան դէմ լայնածաւալ գործողութիւն սկսած է: Գործողութեան ծիրին մէջ քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուի եւ մամուլի հետ կապերու գծով անոր խորհրդական Մուրատ Էօնկիւնի ձերբակալութեան հրամանագիր տրուած է», կը նշուի հրապարակման մէջ: Պոլսոյ համալսարանը երկուշաբթի օր, երկրի...

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Թեր Քուէարկեց  Արցախի Համար Խաղաղութեան Ֆորումի Ստեղծման

Զուիցերիոյ Խորհրդարանը Թեր Քուէարկեց Արցախի Համար Խաղաղութեան Ֆորումի Ստեղծման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրեց. «Այսօր Զուիցերիոյ դաշնակցային ժողովի վերին պալատը` Քանթոններու խորհուրդը ընդունեց թիւ 24.4259 նախագիծը` «Լեռնային Ղարաբաղի համար Խաղաղութեան ֆորում. հայերու վերադարձի կարելիութեան ապահովում» վերնագիրով: 46 անդամներէն 29-ը թեր քուէարկեցին նախաձեռնութեան, որով Զուիցերիոյ իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուի հիմնելու առանձնացուած հարթակ` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներու միջեւ երկխօսութեան համար: Այս նախաձեռնութեան նպատակն...

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ  Հալէպի Միջազգային Օդակայանի Բացման Արարողութեան

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը Մասնակցեցաւ Հալէպի Միջազգային Օդակայանի Բացման Արարողութեան

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ 18 մարտ 2025-ին, Դամասկոսէն առաջին օդանաւը վայրէջք կատարեց Հալէպ, եւ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հալէպի միջազգային օդակայանին, ներկայութեամբ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ Ղուրէյպի, Սուրիոյ ապահովական գրասենեակի Դամասկոսի պատասխանատուին, Հալէպի միւֆթիին, օդակայանի տնօրէնութեան, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, ասորի ուղղափառ եւ յոյն կաթողիկէ համայնքներու առաջնորդներուն եւ Սուրիոյ հայ աւետարանական համայնքապետի ներկայացուցիչին: Այս առիթով Սուրիոյ Քաղաքացիական թռիչքներու վարչութեան տեղական եւ միջազգային...

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային  Երկարատեւ Հաղորդակցութիւն.  Քրեմլին. «Փութին Համաձայնեցաւ  Ենթակառոյցներուն Վրայ 30 Օր Յարձակում  Չգործելու Թրամփի Առաջարկին»

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Երկարատեւ Հաղորդակցութիւն. Քրեմլին. «Փութին Համաձայնեցաւ Ենթակառոյցներուն Վրայ 30 Օր Յարձակում Չգործելու Թրամփի Առաջարկին»

Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ 1,5 ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն աւարտին Քրեմլին յայտարարեց, որ Փութին համաձայնած է Թրամփի` Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ ելեկտրական ենթակառոյցներուն վրայ յարձակումներու 30 օր տեւողութեամբ դադրեցման առաջարկին եւ այդ ուղղութեամբ ցուցմունք տուած է ռուսական բանակին: Փութին նաեւ շինիչ պատասխան տուած է իր ամերիկացի պաշտօնակիցին Սեւ...

Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումները  Հարիւրներով Զոհեր Կը Պատճառեն, Ներառեալ  Իսրայէլացի Գերիի Մը Կեանքը Կը Խլեն

Կազայի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումները Հարիւրներով Զոհեր Կը Պատճառեն, Ներառեալ Իսրայէլացի Գերիի Մը Կեանքը Կը Խլեն

Կազայի վրայ իսրայէլեան լայնածաւալ օդային յարձակումի պատճառով իսրայէլացի գերի մը սպաննուեցաւ եւ առնուազն երկու ուրիշներ վիրաւորուեցան: Այս մասին հաղորդեց Համասէն բարձրաստիճան ղեկավար մը: Յարձակումներուն պատճառով առնուազն 413 պաղեստինցիներ սպաննուեցան եւ աւելի քան 500 ուրիշներ վիրաւորուեցան: Համաս Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն ամբաստանեց զինադադարի համաձայնութիւնը խափանելու յանցանքով: Նեթանիահու առաւօտեան ժամը 2:00-ին սկսած օդային յարձակումները հրամայեց` պնդելով, որ անոնք հակադարձութիւն են զինադադարի համաձայնութեան...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կիպրոսի Դեսպանին Ընդգծեց Հայ Պատանդներու Անմիջական Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կիպրոսի Դեսպանին Ընդգծեց Հայ Պատանդներու Անմիջական Ազատ Արձակման Անհրաժեշտութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Եղիկ Թաշճեան, այսօր այցելեց Կիպրոսի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուի հետ։ Պատուիրակութիւնը ողջունեց՝ Եւրոպական խորհրդարանին 13 մարտին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ որդեգրուած բանաձեւը, որ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի կողմէ հայ պատանդներուն հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքը եւ կը պահանջէր անոնց ազատ արձակումը։ Պատուիրակութիւնը նշեց, որ միջազգային...

Խմբագրական.  Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար

Խմբագրական. Խաղաղութեան Երաշխաւորման Համար

Պաքուի դիւանագիտութեան ղեկավարը մեղմ ըսելաձեւով խանդավառ չէ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի բովանդակութեան շուրջ կայացած համաձայնութենէն: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ Ազրպէյճան կա՛մ ճնշումի տակ կայացուցած է նախագիծին շուրջ համաձայնութիւնը, կա՛մ ալ պատրուակներ առաջ կը քշէ, վիժեցնելու համար անոր ստորագրութիւնը: Մինչ այդ առաւելագոյնը ստանալու համար դիմացի կողմէն, թէ՛ Թուրքիան եւ թէ՛ Ազրպէյճանը կը բարձրացնեն պահանջներու նշաձօղը: Անգարան պարզ դարձուց, որ դիւանագիտական...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի  Նորընտիր Անդամ Յակոբ Բագրատունի

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նորընտիր Անդամ Յակոբ Բագրատունի

Երկուշաբթի, 17 մարտ 2025-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ Յակոբ Բագրատունիի, որ Հայաստանէն վերադարձին մայրավանք այցելած էր ստանալու համար վեհափառ հայրապետին օրհնութիւնը: Բագրատունի վեհափառ հայրապետին յայտնեց, թէ Բիւրոյի նորընտիր կազմին մէջ իրեն յանձնուած է Միջին Արեւելքի պատասխանատուութիւնը: Վեհափառ հայրապետը շնորհաւորեց անոր ընտրութիւնը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ի տես Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ երկար տարիներու...

Լիբանանեան Բանակին  Եւ Հայըաթ Թահրիր Շամին  Միջեւ Բուռն Բախումներ

Լիբանանեան Բանակին Եւ Հայըաթ Թահրիր Շամին Միջեւ Բուռն Բախումներ

Երէկ Լիբանանի հիւսիսային եւ արեւելեան սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակին ու Հայըաթ Թահրիր Շամին միջեւ տեղի ունեցան ծանր զէնքերու օգտագործումով բուռն բախումներ: Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտարարեց. «Այն, ինչ որ արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան սահմաններուն վրայ տեղի կ՛ունենան, չի կրնար շարունակուիլ, եւ պիտի չընդունինք, որ շարունակուի: Լիբանանեան բանակին ցուցմունք տուի կրակոցի կէտերուն հակադարձելու»: Նախագահը հեռաձայնեց «Սուրիոյ ապագային աջակցութեան» Եւրոպական Միութեան խորհրդաժողովի...

Ուալց. «Միացեալ Նահանգներ Յանձնառու Են  Լիբանանին Նկատմամբ` Աշխատելու Զինադադարի  Ամրապնդման Եւ Առկախ Հարցերը  Դիւանագիտութեան Ճամբով Լուծելու Համար»

Ուալց. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Տագնապը Պէտք Է Աւարտի, Բանտարկեալները Պէտք Է Ազատ Արձակուին»

Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապը պէտք է աւարտի, բանտարկեալները պէտք է ազատ արձակուին: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Մայք Ուոլց: Ան յայտնեց, որ անցնող շաբաթ Ազրպէյճանի մէջ խօսած է այդ երկրի նախագահի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւի հետ: «Մենք գոհ ենք, որ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը դէպի յառաջ մեծ քայլ առած են եւ համաձայնած խաղաղութեան...

Թրամփ. «Երեքշաբթի Օր Փութինի Հետ Պիտի Խօսիմ,  Եւ Կրնամ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ  Բանակցութիւններուն Մասին Բան Մը Յայտարարել»

Թրամփ. «Երեքշաբթի Օր Փութինի Հետ Պիտի Խօսիմ, Եւ Կրնամ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ Բանակցութիւններուն Մասին Բան Մը Յայտարարել»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Երեքշաբթի օր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ պիտի խօսիմ, եւ կրնամ նաեւ մինչեւ երեքշաբթի Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւններուն վերաբերեալ բան մը յայտարարել»: «Ռուս-ուքրանական համաձայնութեան շուրջ բանակցութիւններու առանցքը հողերն ու ուժանիւթի կայարաններն են, եւ իրողապէս կը խօսինք կարգ մը գործօններու Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ բաժնելու շուրջ», նշեց Թրամփ: Ան Ֆլորիտայէն Ուաշինկթըն վերադառնալու ժամանակ նախագահական...

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն.  «Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումից Հրաժարումը Չի Չէզոքացնելու Հայաստանի Հանրապետութեան Դէմ Թշնամական, Ծաւալապաշտական Նկրտումները»

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը Կը Դատապարտէ Գաղտնի Բանակցութիւններու Հիմամբ Հայաստանին Եւ Հայութեան Պարտադրուող Նոր Զիջումները

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որի գերագոյն նպատակը սեփական հայրենիքում հայ ժողովրդի անվտանգութեան եւ բարգաւաճման ապահովումն է, չի կարող դէմ լինել տարածաշրջանում կայուն խաղաղութեանը: Սակայն ուժի սպառնալիքով Ազրպէյճանի հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն ու հերթական նոր զիջումները որեւէ առնչութիւն չունեն իրական եւ կայուն խաղաղութեան գործընթացի հետ: Տեւական եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար անհրաժեշտ է, որպէսզի Ազրպէյճանի հետ համաձայնագիրը լինի յարաբերութիւնների կարգաւորման ամբողջական փաստաթուղթ,...

Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Կոչ Կ՛ուղղէ Բոլորին Անզիջող Մնալու Հայաստանի Պետական Շահերուն Սպառնացող Դաւերուն Դէմ

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները Ազրպէյճանի հետ աւելի քան երեք տարի տեւած բանակցութիւններէ ետք յայտարարեցին խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան շուրջ բանակցութիւններու աւարտը եւ ընդհանուր ուղղութիւնները: Անոնք այդ համաձայնագիրը ներկայացուցին իբրեւ մեծ ձեռքբերում, մինչ հպանցիկ ակնարկ մըն իսկ բաւարար է հաստատելու, որ անիկա ոչ միայն անձնատուութեան, այլեւ նոյնիսկ Հայաստանի գերիշխանութեան, անվտանգութեան եւ ապագային սպառնացող միակողմանի զիջումներու մէկ օղակն է: Արդարեւ, բանակցութիւններուն սկիզբը հայկական...

Իր Հօր Նահատակութեան 48-Ամեակի  Ոգեկոչման Ընթացքին.  Ժոմպլաթ Տիւրզիներուն. «Պահպանեցէ՛ք  Ձեր Արաբական Ինքնութիւնն Ու Պայքարի  Պատմութիւնը Եւ Զգուշացէ՛ք Սիոնական  Ներթափանցումէն, Որ Կ՛ուզէ Սուրիան Մասնատել»

Իր Հօր Նահատակութեան 48-Ամեակի Ոգեկոչման Ընթացքին. Ժոմպլաթ Տիւրզիներուն. «Պահպանեցէ՛ք Ձեր Արաբական Ինքնութիւնն Ու Պայքարի Պատմութիւնը Եւ Զգուշացէ՛ք Սիոնական Ներթափանցումէն, Որ Կ՛ուզէ Սուրիան Մասնատել»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ իր հօր` Քամալ Ժոմպլաթի նահատակութեան 48-ամեակի ոգեկոչման ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց. «Ամբողջ 48 տարիներու տեւողութեան 16 մարտին կը հաւաքուէինք, կ՛աղօթէինք եւ կարմիր վարդ մը կը զետեղէինք Քամալ Ժոմպլաթի գերեզմանին վրայ, եւ ատիկա առիթ էր դիմակայութիւնն ու պայքարը շարունակելու, յիշեցնելու եւ գոյատեւելու, որմէ տոկալու եւ ապրելու կամք կը ստանայինք»: «Նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ...

Ֆիտան. «Հաւանաբար Սուրիոյ Մէջ  Նոր Սադրանքներու Ականատես Դառնանք»

Ֆիտան. «Հաւանաբար Սուրիոյ Մէջ Նոր Սադրանքներու Ականատես Դառնանք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտնեց. «Սուրիան դրացի երկիրներուն ու միջազգային ընտանիքին օգնութեան կարիքը ունի»` նշելով. «Ահաբեկչական խմբաւորումներ կը փորձեն օգտագործել Սուրիոյ կացութիւնը, եւ Դամասկոս մեր այցելութեան ընթացքին ատոր անդրադարձանք»: «Դամասկոսի մէջ քննարկեցինք Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն ու սուրիական կառավարութեան միջեւ համաձայնութիւնը, եւ այդ առնչութեամբ մեր մտավախութիւնները փոխանցեցինք», ըսաւ Ֆիտան: «Սուրիոյ վերջին դէպքերը առաջինը չեն եւ վերջինը պիտի չըլլան, եւ...

Եմէնի Վրայ Ամերիկեան 40 Օդային Յարձակումներ.  Իրան Եւ Ռուսիա Կը Քննադատեն

Եմէնի Վրայ Ամերիկեան 40 Օդային Յարձակումներ. Իրան Եւ Ռուսիա Կը Քննադատեն

Եմէնի հուսիներուն պատկանող լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ մայրաքաղաք Սանաայի, Սաատայի եւ Պայտաայի վրայ ամերիկեան շուրջ 40 յարձակումներու հետեւանքով, նախնական տուեալներով արձանագրուած է 32 զոհ եւ աւելի քան 100 վիրաւոր: Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Եմէնի մէջ Անսարուլլա շարժումի խմբաւորումները թիրախաւորող օդային յարձակումներ շղթայազերծած է` ճշգրիտ կերպով թիրախաւորելով Եմէնի տարբեր շրջաններուն մէջ գտնուող հուսիներու պատկանող թիրախներ` առ ի պաշտպանութիւն ամերիկեան շահերուն,...

Ակնարկ.  12-րդ Խմբագրումը

Ակնարկ. 12-րդ Խմբագրումը

Պաքուն, ապա Երեւանը պարզ դարձուցին, որ քննարկուող խաղաղութեան պայմանագիրի  փաստաթուղթին բոլոր կէտերուն շուրջ կայացած է համաձայնութիւն, եւ այս առումով խմբագրական բանակցութիւնները աւարտած են: Յստակ դարձաւ, որ առաջին վայրկեանէն Պաքուն խախտած է համաձայնութիւնը եւ կանխած համատեղ յայտարարութիւնը: Այս համաձայնութեան յայտարարութեան նախօրէին եւ ընթացքին Պաքուէն շարունակեցին հնչել նոր նախապայմաններ: Հայաստանը պէտք է դադրի սպառազինուելէ, յանձնէ իր մօտ ապաստանած ռազմական յանցագործները, փոխէ Սահմանադրութիւնը...

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան  Համաձայնագիրի Նախագիծի Բովանդակութեան Շուրջ  Բանակցութիւններու Աւարտին Վերաբերեալ  Միջազգային Արձագանգներ

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախագիծի Բովանդակութեան Շուրջ Բանակցութիւններու Աւարտին Վերաբերեալ Միջազգային Արձագանգներ

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախագիծի բովանդակութեան համաձայնեցման շուրջ բանակցութիւններու աւարտին վերաբերեալ Երեւանի եւ Պաքուի յայտարարութիւնները արժանացան միջազգային արձագանգի: Միացեալ Նահանգներ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանն ու Ազրպէյճանը խաղաղութեան պատմական պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւնները աւարտելու առիթով»: «Ասիկա կարելիութիւն է, որպէսզի երկու երկիրները շրջեն տասնամեակներու տագնապի էջը` համաձայն աւելի խաղաղ աշխարհի`...

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը  Կոչ Կ՛ուղղէ Իրական Խաղաղութեան

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կոչ Կ՛ուղղէ Իրական Խաղաղութեան

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «խաղաղութեան» պայմանագիրի վերաբերեալ շրջան ընող վաղաժամ տեղեկութիւններուն առնչութեամբ. «Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը ձգտի իրական խաղաղութեան` արդար եւ տեւական խաղաղութեան, որ կը յարգէ հայ ազգի իրաւունքները եւ կ՛ապահովէ հայերու վերադարձը Արցախ` եւ ոչ թէ կեղծ «խաղաղութեան»` Հայաստանի ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան միակողմանի զիջումով, որ...

Վարչապետարանին Մէջ Իֆթարի Ընթացքին.  Սալամ. «Մեզի Համար Պետութեան Պատերազմի  Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերստանձնելէն  Բարձր Ծրագիր Չկայ»

Վարչապետարանին Մէջ Իֆթարի Ընթացքին. Սալամ. «Մեզի Համար Պետութեան Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերստանձնելէն Բարձր Ծրագիր Չկայ»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ իֆթարի ընթացքին յայտնեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ դիրքերու իսրայէլեան բռնագրաւման շարունակումը մեր գերիշխանութեան ոտնահարում է եւ խախտում ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումին, որուն բոլոր կէտերուն յանձնառու ենք եւ կը գործադրենք»: «Մեզի համար չկայ աւելի բարձր ծրագիր, քան պետութեան պատերազմի եւ խաղաղութեան որոշումի վերստանձնումն ու բարեկարգումը, որ կ՛արտօնէ պետութեան ոտքի կանգնումը, ինչ որ պարտադիր ուղի է`...

Page 108 of 795 1 … 107 108 109 … 795

Արխիւներ