Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Վեհաժողովը Կը Պահանջէ Կազայի Վրայ Յարձակումը Դադրեցնել Եւ Օժանդակութիւններու Մուտքը Արտօնել

Մայիս 19, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաք Լիբանանի Վերաշինութեան
20 Միլիոն Տոլար Տրամադրեց

Իրաքի վարչապետ Մոհամետ Շիահ Սուտանի Պաղտատի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիբանանի վերաշինութեան համար 20 միլիոն տոլար կը տրամադրէ, ինչպէս նաեւ 20 միլիոն տոլար` Կազայի վերաշինութեան համար:

«Կը զօրակցինք Լիբանանի մէջ զինադադարին եւ այն ամէնուն, որ կը յանգեցնէ այս եղբայրական արաբական երկրին մէջ կայունութեան», շեշտեց Սուտանի:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ իր կարգին յայտնեց. «Լիբանան կը դիմագրաւէ պատմական մարտահրաւէր մը, որ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելն է: Պաղեստինի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի քաղաքականութիւնը շրջանը պիտի ներքաշէ դիմակայութեան անվերջանալի ոլորապտոյտի մէջ»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց «լիբանանցի պաշտօնատարներուն զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու նկատմամբ յանձնառութիւնը»` աւելցնելով. «Լիբանանեան հողերուն անվտանգութիւնը պէտք է յարգուի»:

Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամ իր արտասանած խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Իրաքին` «ամէնէն դժուար կացութիւններուն մէջ Լիբանանի կողքին կանգնելուն համար»:

«Լիբանանը իր պատմութեան մէջ նոր էջ բացաւ պետութեան գերիշխանութիւնը պարտադրելով իր բոլոր հողերուն վրայ` զէնքը իր մենաշնորհը դարձնելով եւ պատերազմի ու խաղաղութեան որոշումին տէրը դառնալով», յայտարարեց Սալամ:

«Լիբանանեան պետութիւնը աշխատանք կը տանի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութեան վրայ` նախանձախնդիր ըլլալով պետութեան օրինականութեան եւ վերաշինութեան: Կոչ կ՛ուղղենք Իսրայէլի վրայ միջազգային ճնշում գործադրելու, որպէսզի մեր հողերէն հեռանայ», ըսաւ ան:

«Բուռն կերպով կը դատապարտենք իսրայէլեան քաղաքականութիւնը, որ կը շարունակուի հաշուետուութեան բացակայութեան պատճառով, եւ կը հաստատենք Պաղեստինի եւ Արաբական խաղաղութեան նախաձեռնութեան նկատմամբ մեր հաստատ զօրակցութիւնը: Կը մերժենք պաղեստինցիները տեղահանելու կամ այլ երկրի մէջ վերաբնակեցնելու որեւէ փորձ», յայտնեց Լիբանանի վարչապետը:

«Սուրիոյ վրայ հաստատուած պատժամիջոցներուն ջնջումը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ», նշեց Սալամ` աւելցնելով. «Պատրաստ ենք սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցելու` սուրիացի գաղթականներու իրենց երկիր վերադարձին համար: Կը ջանանք Սուրիոյ հետ սահմանը վերահսկողութեան տակ առնել եւ կը վերահաստատենք Միացեալ Նահանգներու նախագահին Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու որոշումին ողջունումը»:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին ըսաւ. «Լիբանանի կայունութեան միակ ուղին թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրումը, Իսրայէլի հեռացումն ու լիբանանեան բանակը իր պարտականութիւնները կատարելու կարող դարձնելն է»:

Յորդանանի վարչապետ Ժաաֆար Հասսան յայտնեց. «Կը զօրակցինք Լիբանանին իր գերիշխանութեան աջակցելու եւ պետութեան կառոյցները կեանքի կոչելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ կողքին կը կանգնինք` անոր վերաշինութեան երթին մէջ»:

«Մեր առաջին խնդիրը Կազայի մէջ պատերազմի դադրեցումն ու օժանդակութիւններու մուտքի արտօնումն է, եւ մեր արաբ եղբայրներուն կողքին պիտի մնանք», ըսաւ ան:

Վեհաժողովի աւարտին Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հիւսէյն Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ վեհաժողովէն բխած «Պաղտատի յայտարարութիւն»-ը կը պարունակէ երեք գլխաւոր բաժիններ: Քաղաքական բաժինը կը կեդրոնանայ Պաղեստինեան դատին վրայ, եւ Կազայի վրայ յարձակումը անմիջապէս դադրեցնելու, քաղաքայիններուն տառապանքը աւելցնող թշնամական արարքները դադրեցնելու եւ մարդասիրական օժանդակութիւնները առանց որեւէ նախապայմանի Պաղեստինի բոլոր շրջաններ մուտքը արտօնելու պահանջին վրայ:

Ան ըսաւ, որ քաղաքական բաժինը նաեւ կը կեդրոնանայ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններուն զօրակցութեան արտայայտման եւ Օմանի միջնորդութեան գնահատման վրայ, ինչպէս նաեւ Եմէնի հարցին մէջ Օմանի միջնորդական ջանքերու ողջունման վրայ:

Նախորդը

Լեւոն ԺԴ. Պաշտօնապէս Ստանձնեց Պապի Պաշտօնը

Յաջորդը

Միջին Արեւելքի Հայ, Ղպտի Եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու Հոգեւոր Պետերու 15-րդ Ժողովը Եգիպտոսի Մէջ

RelatedPosts

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ  Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի, Պեքայի Եւ Պաալպեք-Հերմելի Մէջ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններ

Մայիս 19, 2025
Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով  Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»
Գլխաւոր լուրեր

Պալապանեան. «ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Շաղզոյեան Կեդրոնի Մէջ Ժողովներու Ճամբով Պէյրութի Մէջ Քրիստոնեայ Ուժերը Համախմբելու Նախաձեռնութիւնը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ»

Մայիս 19, 2025
Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Պէյրութը Համախոհութեան Եւ Բոլորին Մասնակցութեան Քաղաքն Է, Ուստի Բոլորը Պէտք Է Զգան, Որ Ան Իրենցն Է»

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?