Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Մինչեւ 2 Շաբաթ

Յունիս 21, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն հետեւելով չէ, որ կարելի պիտի ըլլալ Իսրայէլ-Իրան պատերազմի հետագայ ընթացքին մասին որոշ նախատեսութիւններ կատարել: Ինքնահակասող յայտարարութիւններ, որոնք տարակուսելի կը դարձնեն հիմնականին մէջ դիւանագիտական լուծում բերելու ամերիկեան դիրքորոշումը:

Փորձենք յենուիլ իրանեան յայտարարութիւններուն վրայ, որոնք առնուազն դիրքորոշումի առումով որոշ նախադրեալներ կը փոխանցեն:

Ուաշինկթընի նախաձեռնութեամբ Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Ուիթքոֆը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Արաղչին պատերազմի մեկնարկէն  ի վեր քանի մը հեռախօսային հաղորդակցութիւն ունեցած են:

Իրանցի դիւանագէտը յայտնած էր, որ Թեհրանը չի վերադառնար բանակցային սեղան, մինչեւ Իսրայէլը չդադրեցնէ յարձակումները:

Այստեղ խօսքը հիւլէական թղթածրարին շուրջ 6-րդ փուլ հասած Ուաշինկթըն-Թեհրան առկախուած բանակցութիւններուն մասին է:

Այս պայմանով ալ կը բացատրուի Թեհրանի մերժումը Ուաշինկթընի առաջարկին` բանակցութիւնները վերսկսելու: Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ յարձակումները: Յայտարարութիւնը ունի իր շարունակութիւնը: Իրան պատրաստ է այլ պետութիւններու հետ բանակցելու:

Այլ պետութիւնները այս պարագային կը հասկցուին եւրոպական պետութիւնները, որոնց հետ Իրան վարած էր նոյն թղթածրարին շուրջ բանակցութիւններ: Փաստօրէն շատ արագ ձեւաչափը կազմուած է: Երէկ Ժընեւի մէջ ծայր կ՛առնէին եւրոպական եռեակի արտաքին գործոց նախարարներուն եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարին հետ հանդիպումները:

Մինչ պատերազմի տեւողութեան մասին իսրայէլեան, նաեւ` ամերիկեան պաշտօնական աղբիւրներ կը խօսէին կարճաժամկէտ ըլլալուն մասին: Թել Աւիւ նախ երկու շաբաթ ճշդած էր կարենալ չէզոքացնելու համար իրանեան հիւլէական կարողականութիւնը. հիմա Միացեալ Նահանգներու նախագահը երկու շաբաթ կը յայտարարէ` ընելիքը որոշելուն համար: Մեծն Բրիտանիան մէկ կողմէ կը ներգրաւուի ժընեւեան բանակցութիւններուն, միւս կողմէ երկու շաբթուան ժամանակամիջոցը կը կրկնէ:

Ուշագրաւ են անշուշտ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կատարած վերագրումները իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու: Այստեղ ոչ թէ շրջանցուած է արտաքին գործոց նախարարին պայմանը, այլ բանակցութեան նիւթը ճշդուած: Հիւլէական թղթածրարի բանակցութիւնները չէ, որ կը վերսկսին, այլ Իսրայէլի հետ զինադուլ կնքելու յատկացուած քննարկումներու մասին է խօսքը: Ուրեմն նախ զինադուլ, ապա վերադարձ միջուկային օրակարգի:

Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնները, երկու օր, երկու շաբաթ, որոշում չէ կայացած տակաւին, արդէն ուշ է` ոլորապտոյտի մէջ կը ձգեն հետեւողները:

Առ այժմ տեսանելին այն է, որ Թեհրան պատրաստ է հիւլէական բանակցութիւններու եւրոպական քառեակին հետ եւ զինադուլի քննարկումի` Միացեալ Նահանգներու հետ:

Գուցէ յստակ է նաեւ այն, որ պատերազմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին տակաւին գոնէ երկու շաբաթ: Ուրեմն. հիւլէական թղթածրարի շուրջ առկախուած բանակցութիւններ կը վերսկսին այս անգամ եւրոպական  կողմով: Կարելի է մտածել, որ այս թղթածրարին առումով Եւրոպայի կանոնները ըստ էութեան տարբեր չեն ամերիկեան կանոններէն: Նաեւ ընդհանուր գործընթացին մասին հեռու չեն եւրոպական եւ ամերիկեան պատկերացումները: Քառեակի անդամ Մեծն Բրիտանիան պարզապէս կրկնեց Միացեալ Նահանգներու երկու շաբթուան ժամկէտը:

«Ա.»

Նախորդը

Իրանի Եւ Իսրայէլի Փոխադարձ Հարուածները 8-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակուեցան

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 204-ի Լուծում

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?