Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարրաք. «Եթէ Հըզպալլան Պատերազմին Միջամտէ, Ատիկա Շատ Վատ Որոշում Մը Պիտի Ըլլայ»

Յունիս 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու նախագահի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ, Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Թամըս Պարրաքը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լայզա Ճոնսընին:

Նախագահ Աուն հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Լիբանան անհամբեր կը սպասէ տարբեր մակարդակներու վրայ վերականգնման համար իր թափած ջանքերուն Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան, մասնաւորաբար իսրայէլեան ուժերու իրենց բռնագրաւած հինգ բլուրներէն հեռացման, թշնամական արարքներու դադրեցման եւ լիբանանեան բանակին հետ համակարգաբար աշխատող ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան հարաւային Լիբանանի մէջ երկարաձգման, ինչպէս նաեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն վրայ լիբանանեան բանակի տեղակայման ճամբով հարաւային Լիբանանի մէջ անվտանգութեան եւ կայունութեան հաստատման»:

«Լիբանան որոշեց Լիթանիէն հարաւ բանակին թուաքանակը մինչեւ տասը հազար զինուորի բարձրացնել», ըսաւ հանրապետութեան նախագահը` նշելով.  «Սահմանային շրջանին մէջ լիբանանեան

բանակին ներկայութիւնը կը հանգստացնէ բնակիչները եւ կ՛ամրապնդէ հարաւային քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ պետական հաստատութիւններու դերակատարութիւնը»:

Ան գնահատեց Միացեալ Նահանգներուն լիբանանեան բանակին տրամադրած աջակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ այդ աջակցութիւնը կը շարունակուի, մասնաւորաբար իր առաքելութիւնը ամբողջական կերպով կատարելու համար անոր անհրաժեշտ եղող սպառազինութեան, սարքերու եւ մեքենաներու մատակարարումով:

Հանրապետութեան նախագահը նաեւ ամերիկացի պատուիրակին բացատրեց այն, ինչ որ կառավարութիւնը խորհրդարանին հետ գործակցաբար կը կատարէ ելեւմտական եւ տնտեսական բարեկարգումներու ոլորտին մէջ:

«Բարեկարգումներու երթը սկսաւ եւ պիտի չկանգնի անոր զուգահեռ փտածութեան դէմ պայքարով եւ պետութեան հաստատութիւններու եւ ծառայութիւններու կեանքի կոչումով, որպէսզի տարբեր ոլորտներու զարգացումին հետ ընթանայ:

Քննարկուեցան նաեւ այն քայլերը, զորս Լիբանան կ՛որդեգրէ զէնքի մենաշնորհի սկզբունքի կիրարկման համար: Նախագահ Աուն ընդգծեց. «Այս հարցին մէջ հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են լիբանանեան եւ պաղեստինեան մակարդակներուն վրայ»` յոյս յայտնելով, որ «անիկա կ՛աշխուժանայ իսրայէլեան-իրանեան տագնապին սրումին պատճառով շրջանին մէջ խանգարուած կացութեան հանդարտեցումով»:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանան-Սուրիա յարաբերութիւններուն, նախագահը ըսաւ. «Այս ծիրին մէջ երկու բաժին կայ, առաջինը կը վերաբերի անոնց գաղթի պատճառներու վերացումէն ետք սուրիացի տեղահանուածներուն իրենց երկիր վերադարձի կոչ ուղղող Լիբանանի դիրքորոշման»` ընդգծելով «այս դիրքորոշման ամերիկեան աջակցութեան կարեւորութիւնը»:

«Երկրորդ բաժինը կը վերաբերի երկկողմանի յարաբերութիւններուն. Լիբանան անհամբեր կը սպասէ անոնց կեանքի կոչման, մասնաւորաբար ինչ կը վերաբերի մէկ կողմէ Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հանդարտութեան ու կայունութեան պահպանման եւ ծովային ու ցամաքային, ներառեալ Մազարեհ Շըպաայի շրջանը,  սահմանագծման: Լիբանան սուրիական կողմին առաջարկեց միացեալ յանձնախումբեր ստեղծել տարբեր ոլորտներու, մասնաւորաբար ապահովական ոլորտին մէջ համակարգում կատարելու համար», յայտնեց հանրապետութեան նախագահը:

Պարրաք նախագահ Աունին փոխանցեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ողջոյնները «եւ ընդգծելը, թէ ամերիկեան կողմը կը փափաքի օգնել Լիբանանին, որպէսզի շրջանցէ իր դիմագրաւած պայմաններն ու մարտահրաւէրները»:

Ամերիկացի պատուիրակը ընդգծեց լիբանանեան բանակին եւ Լիբանանի մէջ իշխանութեան ապահովական, տնտեսական եւ ելեւմտական մակարդակներու վրայ որդեգրած քայլերուն ամերիկեան կողմի զօրակցութիւնը` նշելով մէկ կողմէ հարաւի սահմանին վրայ, միւս կողմէ Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ կացութեան կայունութեան կարեւորութիւնը:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը հանրապետութեան նախագահին ներկայացուց շրջանին մէջ կացութիւններուն իր երկրին եւ անոնց լուծման կերպի պատկերացումը:

«Թրամփ կ՛ուզէ Լիբանանին եւ անոր դրացի պետութիւններուն օգնել, որպէսզի անոնք անվտանգութիւն, կայունութիւն եւ խաղաղութիւն վայելեն», յայտարարեց Պարրաք:

Նախագահ Աուն դեսպան Պարրաքէն խնդրեց իր բարեւները փոխանցել նախագահ Թրամփին եւ անոր շնորհակալութիւն յայտնել Լիբանանով հետաքրքրուելուն համար:

Ան ամերիկացի պատուիրակին յաջողութիւն մաղթեց Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ իրեն վստահուած առաքելութեան եւ ստանձնած թղթածրարներուն լուծման մէջ, ներառեալ լիբանանեան թղթածրարը:

Պարրաք Պաապտայի պալատէն հեռացաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Այնուհետեւ ամերիկացի պատուիրակը այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Վերջինս Միացեալ Նահանգներուն շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցութեանը համար լիբանանեան բանակին, «որ իր դերը կը կատարէ եւ Լիբանանի ստանձնած յանձնառութիւնները կը գործադրէ, առ ի գործադրութիւն զինադադարի համաձայնութեան, եւ մեկնելով գործադրութենէն ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումին, որ Իսրայէլ միշտ կը շարունակէ խախտել եւ չգործադրել զինադադարի համաձայնութիւնը, ինչ կը վերաբերի տակաւին բռնագրաւուած լիբանանեան հողերէն հեռացման եւ Լիբանանի վրայ իր առօրեայ յարձակումներու դադրեցման»:

Պըրրի ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայութեան ու դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութեան երկարաձգման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի եւ զինադադարի համաձայնութեան գործադրութեան մէջ անոր դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին հետ այս ծիրին մէջ անոր գործակցութեան կարեւորութիւնը»:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ ամերիկեան կողմը պէտք է ջանք թափէ Իսրայէլին ստիպելու, որ յարգէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը գործադրելու, լիբանանեան հողերէն անմիջապէս հեռանալու եւ խախտումները դադրեցնելու իր յանձնառութիւնները` իբրեւ հիմնական նախաքայլ, որպէսզի Լիբանան կայունութիւն վայելէ եւ վերաշինութեան աշխատանքին ձեռնարկէ:

Ամերիկացի պատուիրակը «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Եթէ Հըզպալլան պատերազմին միջամտէ, ատիկա շատ վատ որոշում մը պիտի ըլլայ»:

«Աշխարհի վրայ բարդ կացութիւններուն լոյսին տակ պատգամ մը բերած ենք, եւ կը հաւատանք, որ նոր ղեկավարութեան հետ պիտի սկսի խաղաղութեան եւ բարելաւման հոլովոյթ մը: Յանձնառու ենք Լիբանանին օգնելու եւ յոյս ունինք», ըսաւ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը:

Պարրաք նաեւ հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ, որ նշեց. «Լիբանան կառչած կը մնայ անվտանգութեան եւ կայունութեան, եւ կը մերժէ շրջանին մէջ ընթացող պատերազմին մէջ ներքաշուիլ»:

Սալամ շեշտեց, որ լիբանանեան կառավարութիւնը վճռակամ է շարունակել իր բարեկարգչական ծրագիրը եւ լիբանանեան պետութեան գերիշխանութիւնը տարածել իր բոլոր հողերուն վրայ:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ի դերակատարութեան կարեւորութիւնը: Ան ընդգծեց, որ միջազգային խաղաղապահ ուժը կը շարունակէ թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան երաշխաւորը ըլլալ:

Ան կոչ ուղղեց օգնելու Լիբանանին Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի ամբողջովին հեռանայ լիբանանեան բռնագրաւուած հողերէն:

Նախորդը

Կրանտի. «Այժմ Կարելիութիւն Ունինք Անոնց Տունդարձի Ճամբով Վերջ Տալու Միլիոնաւոր Սուրիացիներու Գաղթին»

Յաջորդը

Բագրատունի – Սէուտական Արաբիոյ Դեսպան Պուխարի Հանդիպում

RelatedPosts

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?