ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը երէկ հաղորդեց, որ ապօրինի ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ իրականացուած են ՀՅԴ մարզային կառոյցներու պատասխանատու ընկերներու նկատմամբ:
«ՀՅԴ-ի անդամներու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումներու այս նոր փուլը սկսած է Փաշինեանի` Թուրքիա կատարած այցելութեան զուգահեռ: Անկախ զարգացումներէն եւ բռնաճնշումներու ծաւալներէն կը փաստենք. որեւէ բռնաճնշում չի կրնար մեզ լռեցնել, այսպիսի գործելաոճը, ի վերջոյ, պիտի ծնի համարժէք հակազդեցութիւն», կը նշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան «Երկիր»-ին մանրամասնութիւններ ներկայացուց կատարուած ապօրինի բռնաճնշումներէն: Ան ըսաւ. «Այս պահուն յայտնի է, որ Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ` Տաւուշ, Կոտայք, նոր պարզուեցաւ նաեւ Լոռի, մեր մարզային պատասխանատուները բերման կ`՛ենթարկեն, ձերբակալութեան կը տանին, կը կանչեն քննչական` ինչ-որ քննութեան, ներառեալ` «Սրբազան պայքար»-ի աշխուժ մասնակիցները: Սա կը խօսի իշխանութեան վախի մասին, բնականաբար, Թուրքիոյ պահանջները կատարելու պարունակին մէջ այս ամէնը պէտք է դիտել, բայց այս պահուն կրնամ ըսել, որ եթէ ոեւէ մէկուն միտքով անցնի, որ այս ճանապարհով կրնայ մեզի ետ պահել` հայրենիքի համար մեր պայքարէն կամ յոյս ունի, որ ասով կրնայ որեւէ ձեւով ազդել մեր գործողութիւններուն վրայ, չարաչար կը սխալին: Այս հալածանքը մեր նկատմամբ նոր չէ, ո՛չ առաջինն է, ո՛չ ալ վերջինը, մենք որեւէ դիպաշարի պատրաստ ենք», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը:
Անդրադառնալով այն դիտարկման, որ քաղաքական հետապնդումներու այս նոր փուլը սկսած է Նիկոլ Փաշինեանի` Թուրքիա կատարած այցելութեան զուգահեռ, Իշխան Սաղաթէլեան նշեց. «Այո՛, թուրքերուն հաճոյանալու համար պէտք է հալածել Դաշնակցութիւնը, եկեղեցին, եւ իր արժէքը Թուրքիոյ մէջ բարձրացնելու պարունակին մէջ սա շատ կարեւոր է Փաշինեանի համար», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեանը: