Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բագրատունի. «Հաւաքական Արժէքներու Կորուստը Կրնայ Անդառնալի Հետեւանքներ Ունենալ»

Յունիս 24, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան առաջին իսկ օրէն մեր ազգային արժէքներուն եւ արժեհամակարգին դէմ լուրջ պայքար կը մղուի: Սա նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ միակողմանի զիջումներով բանակցութիւններ վարելու` Փաշինեանի քաղաքականութեան տրամաբանութեան մէջ է, իսկ հարուածել Հայոց եկեղեցին, կը նշանակէ` ամբողջութեամբ հարուածել հայ ժողովուրդի ողնաշարը», «Երկիր»-ի հետ զրոյցին համոզմունք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունին` ընդգծելով, որ դարեր շարունակ մեզ պահողը եկեղեցին է, եւ ատով պայմանաւորուած ժողովուրդը միշտ եկեղեցւոյ շուրջ համախմբուած եղած է:

Եկեղեցւոյ դէմ արշաւը Յակոբ Բագրատունին նաեւ նկատեց պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ ինքնավարութեան միջամտելու փորձ, որ, ըստ անոր, անթոյլատրելի է: Ան ցաւով նկատեց, որ օրուան իշխանութիւնը թիրախաւորած է ոչ միայն Հայոց եկեղեցին ու եկեղեցականները, այլեւ` եկեղեցւոյ սատարող հայորդիները, ինչպիսին բարերար Սամուէլ Կարապետեանն է:

«Սամուէլ Կարապետեանը այն բացառիկ հայորդիներէն է, որ մշտապէս Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բարեգործութիւններ կատարած է, նպաստած երկրի տնտեսութեան զարգացման, հազարաւոր երիտասարդ ընտանիքներ ապահոված է աշխատանքով, հիմնած մեծ թիւով բարեգործական հաստատութիւններ եւ այլն: Փաստօրէն, հարուածել Սամուէլ Կարապետեանն ու նման անհատները, կը նշանակէ տկարացնել ամբողջ Հայաստանը, վախ ու անհանգստութիւն ձեւաւորել դուրսը ապրող այն հայերուն մօտ, որոնք մտադիր են գալ ու տնտեսական ներդրումներ կատարել, կամ բարեգործութեամբ զբաղիլ: Փաշինեանը ասով կ՛ուզէ Հայաստանը կախեալ պահել իր կամքէն եւ տանիլ իր ուղղութեամբ», վստահեցուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Անոր համաձայն, պէտք է աչալուրջ ըլլալ, որովհետեւ հաւաքական արժէքներու կորուստը, հաւաքական կամքի ջլատումը կրնայ անդառնալի հետեւանքներ ունենալ: Բագրատունի նշեց, որ նոյն քաղաքականութիւնը փորձ կը կատարուի սփիւռքի մէջ տարածել` ներքին պառակտումներ ստեղծելով, լաւի ու վատի, սեւ ու սպիտակի բաժնելով, կազմաքանդելով սփիւռքի միասնական համակարգը: «Ազգագործան քաղաքականութիւն է», վստահեցուց Բագրատունի:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ցաւով նկատեց, որ աշխարհը կանգնած է պատերազմի շեմին, շրջանը լուրջ սպառնալիքներու առջեւ  կանգնած է, մինչդեռ Փաշինեան ժողովուրդը երկրորդական հարցերով կը զբաղեցնէ` շատ յաճախ անհասկնալի ու անընդունելի արտայայտութիւններ թոյլ տալով:

«Համաժողովրդային պայքար ու պոռթկում անհրաժեշտ է», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` ընդգծելով. «Քաղաքական տարբեր հարցերու շուրջ կրնանք տարբեր դիրքորոշում ունենալ, գաղափարական տարբեր ուղղութիւններով շարժիլ, սակայն եկեղեցին միակ հեղինակութիւնն է, որուն շուրջ համայն հայութիւնը անզիջող է», ընդգծեց Բագրատունի:

Նախօրէին Սամուէլ Կարապետեանի որդին աշխարհասփիւռ հայութեան դիմած էր խնդրանք-կոչով. «Երկիր»-ը ՀՅԴ Բիւրոյի անդամին կարծիքը ուզեց այս հարցով սփիւռքի արձագանգի կարեւորութեան եւ անոր վճռորոշ ըլլաուն մասին: Ան ըսաւ, որ պէտք չէ տարանջատել սփիւռքն ու Հայաստանը, որովհետեւ Հայաստանի, սփիւռքի, Արցախի հարցերը, խնդիրները, ցաւը համահայկական են:

«Շատ բնական է, որ սփիւռքը պէտք է արձագանգէ Սամուէլ Կարապետեանի ձերբակալման եւ անոր հանդէպ անօրինական գործողութիւններուն: Սփիւռքը պէտք է արձագանգէ Էջմիածինի կաթողիկոսութեան դէմ այս արշաւին ու իր զօրակցութիւնը յայտնի մեր եկեղեցիին, որովհետեւ եթէ անտարբեր ըլլանք ու չպայքարենք, այդ հարուածը պիտի հասնի համայն հայութեան», վստահեցուց Յակոբ Բագրատունի:

Նախորդը

Փափազեան. «Փաշինեան Վախի Սփռման Քաղաքականութիւն Կ՛իրականացնէ Սեփական Ժողովուրդին Նկատմամբ»

Յաջորդը

Երեւան Հիասթափուած Է Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Պոլսոյ Փաստաթուղթերու Ձեւակերպումներէն

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Թրամփ. «Եթէ Իրանի Դէմ Զինուորական  Միջամտութեան Մը Կարիքը Զգացուի Պիտի Միջամտենք,  Եւ Իսրայէլ Անոր Պիտի Մասնակցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Խրիմին Վերատիրացում Եւ Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւն Տեղի Պիտի Չունենայ»

Օգոստոս 19, 2025
Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ  Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա Դարձեալ Հարուածած Է Օտեսայի Մէջ Ազրպէյճանական ՍՈՔԱՐ-ի Կառոյցները

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?