Գլխաւոր լուրեր

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

ԵԽԽՎ-ն Մտահոգիչ Կը Նկատէ Բարգաւաճ Հայաստանը Ազգային Ժողովէն Դուրս Ձգած Ընտրատեղամասերու Արդիւնքներու Չեղեալ Նկատուիլը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ), որուն դիտորդները հետեւած էին հայաստանեան խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններուն, այս օրերուն հրապարակած իր ամփոփիչ զեկուցումին մէջ անդրադարձաւ կարգ մը խոցելի երեւոյթներու` արտաքին միջամտութիւն, վարչական կարողութիւններու օգտագործում, ընդդիմութեան ներկայացուցիչներուն նկատմամբ քրէական վարոյթներ եւ առանձին տեղամասերու արդիւնքներու անվաւեր ճանաչում: Զեկուցումը մտահոգիչ նկատեց Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ «առանց հիմնաւոր պատճառաբանութեան ընտրական տեղամասերու արդիւնքներու անվաւեր ճանաչումն ու կրկնակի քուէարկութիւն չկատարելը»:...

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովի Մասնակիցները

Սեպտեմբեր 28-ին Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի մասնակիցները: ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ եւ Հայ դատի յանձնախումբերու Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կաթողիկոսին ներկայացուց խորհրդաժողովի աշխատանքները` անդրադառնալով Հայ դատի կառոյցներու գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն: Այնուհետեւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը տուաւ ներկաներուն` կարեւոր...

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար.  Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

Միջլիբանանեան Համագումար` Հարաւի Զօրակցութեան Համար. Բագրատունի. «Քրիստոնեայ Ներկայութեան Պաշտպանութիւնը Զայն Իր Արաբական Ու Միջինարեւելեան Շրջապատէն Մասնատել Չ՛առաջադրեր»

«Անկախներ Լիբանանի համար» հանդիպումին հրաւէրով շաբաթ, 26 սեպտեմբեր 2026-ին Պէյրութի «Լը Կրէյ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնեայ համագումար Հարաւի զօրակցութեան համար» խորագրեալ  յատուկ համագումար մը` մասնակցութեամբ լիբանանեան զանազան խմբաւորումներու եւ  կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու, հոգեւորականներու, լրագրողներու, մշակութասէր ու քաղաքական դէմքերու: «Բոլորս հայրենիքին, բոլորս Հարաւի համար» նշանախօսքով սկսած այս համագումարին ընդառաջելով իրենց զօրակցութիւնը յայտնած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը...

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Միացեալ Նահանգները Եւ Իրանը Առանձին Բանակցութիւններ Պիտի Կայացնեն Միջնորդներու Հետ

Քաթարցի միջնորդները հաւանաբար այս քանի մը օրերուն Նիւ Եորքի մէջ առանձին բանակցութիւններ պիտի վարեն Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի եւ ամերիկեան կողմին հետ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած է իրազեկ պաշտօնեայ մը: Ըստ նոյն աղբիւրին, կ՛ակնկալուի, որ բանակցութիւնները կը կեդրոնանան նախորդ շաբաթ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջանակին մէջ Իրանի ներկայացուցած առաջարկի փոփոխուած տարբերակին վրայ: Արաղչի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովէն ետք կը մնայ...

Փեսքով. «Եթէ Հայաստանը Այլեւս ՀԱՊԿ-ին  Կարիքը Չունի, Ազատ Է Որդեգրելու Համապատասխան  Որոշում Եւ Կազմակերպութենէն Դուրս Գալու»

Քրեմլին. «Ուքրանիան Գին Կը Վճարէ Ռուսիոյ Վրայ Յարձակումներուն Համար»

Ուքրանիան «գին պիտի վճարէ»` Ռուսիոյ իր հարուածներուն համար, երէկ յայտարարած է քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: «Այդ մասին նոյնպէս խօսած է նախագահը ` Ուքրանիան ստիպուած պիտի ըլլայ գին վճարել այն գործողութիւններուն համար, որոնք տեղ գտած են վերջին ամիսներուն: Այժմ նոյնինքն այդ տեղի կ՛ունենայ», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան փոխանցումով` ըսած է Տմիթրի Փեսքով: Անոր համաձայն, Ռուսիոյ զինուած ուժերը «կը շարունակեն յատուկ ռազմական գործողութիւնը,...

Խմբագրական.  44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

Խմբագրական. 44-Օրեային 6-րդ Տարելիցը Եւ Օրուան Հրամայականը

44-օրեայ պատերազմի 6-րդ տարելիցի նշումը շատ ծանր զգացողութիւններ կը յառաջացնէ, պատերազմի առթած արհաւիրքին, անոր հետեւանքներուն, զոհերուն եւ յատկապէս հայրենիքի մէկ կարեւոր հատուածին, մեր երկրորդ հանրապետութեան կորուստին առումներով: Անկախ ներկայացուող կամ ներկայացուելիք զեկուցումներէն եւ եզրակացութիւններէն, փաստեր պէտք է արձանագրել եւ փորձել պարզել այն հանգամանքները, որոնք հասցուցին այս արդիւնքին: 2018-ին պետութեան ղեկը ստանձնած ուժի ներկայացուցիչները տակաւ առ տակաւ փոխեցին մինչ այդ հաստատուած քաղաքական...

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

6 Տարի Առաջ` 27 Սեպտեմբերին, Ազրպէյճանի Շղթայազերծած Պատերազմը Առաջին Քայլը Եղաւ Արցախի Դաժան Ճակատագիրի Սկիզբին

Սեպտեմբեր 27-ը Հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ ճակատագրական թուական մը դարձաւ, որովհետեւ 6 տարի առաջ` 2020-ի այդ օրը Ազրպէյճան` Թուրքիոյ բացայայտ աջակցութեամբ եւ վարձկան-ահաբեկիչներու մասնակցութեամբ, Արցախի հետ շփման գիծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ պատերազմ շղթայազերծեց: Պատերազմը տեւեց 44 օր եւ աւարտեցաւ նոյն թուականի նոյեմբեր 9-ին` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ կողմէ եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեամբ: Այդ յայտարարութեամբ սկսաւ Հայաստանի իշխանութիւններուն յանձնուողական քաղաքականութիւնը, որուն առաջին քայլը եղաւ Ազրպէյճանի...

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախի Ժողովրդի Հիմնարար Իրաւունքների Վերականգնումը Պէտք Է Լինի Խաղաղութեան Հիմքում»

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց հետեւեալ ուղերձը յղեց 2020 թուականի սեպտեմբեր 27-ի պատերազմի 6-րդ տարելիցին առիթով. «Վեց տարի առաջ` 2020 թուականի սեպտեմբերի 27-ին, Ազրպէյճանը, կոպտօրէն ոտնահարելով հակամարտութեան կարգաւորման հիմնարար` ուժի եւ դրա սպառնալիքի չկիրառման սկզբունքը եւ խնդիրը բացառապէս խաղաղ ճանապարհով հանգուցալուծելու միջազգային ստանձնած պարտաւորութիւնները, լայնածաւալ ու արիւնահեղ պատերազմ սանձազերծեց Արցախի ժողովրդի դէմ: «44 օր շարունակ համայն հայութիւնը...

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

Թրամփ Մերժած Է Հորմուզի Նեղուցը Վերաբանալու Իրանի Առաջարկը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ մերժած է Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու Իրանի առաջարկը` զայն անընդունելի նկատելով: Մէկ օր առաջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած էր, որ Թեհրան Ուաշինկթընին «յստակ» ծրագիր ներկայացուցած է, որով անհրաժեշտ պայմաններու կատարման պարագային նեղուցը կրնար վերաբացուիլ եօթը օրուան ընթացքին: «Ես կը մերժեմ անոնց գործարքը: Անոնք կ՛ուզեն, որ նեղուցը անմիջապէս բանան, որովհետեւ շատ վատ վիճակի մէջ...

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ.  «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ»  Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ. «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Զրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ շրջանին մէջ շարունակուող ապահովական անկայունութեան եւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին վրայ: «Չեմ ուզեր յոռետեսութեամբ սկսիլ զրոյցս, բայց կրնայ ըլլալ, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ որոշ տարակարծութիւններ կային վարչակարգի թէ իշխանութեան գծով, սակայն ներկայիս հիմնական...

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

Հայ դատի համակարգի համահայկական խորհրդաժողովի բացման նիստին հնչած յայտարարութիւնները կը կեդրոնանային ներքին մարտահրաւէրին՝ գործող իշխանութիւններու կողմէ Հայ դատ հասկացողութեան դէմ բացուած համազարկին վրայ։ Իրաւամբ, հաստատելու համար այն, որ ոչ միայն ներքին առումով պայքարելու հրամայականը կը շեշտուի այս կերպով, այլ նաեւ՝ արտաքին ճակատի վրայ բազմապատկելու աշխատանքները՝ իշխանութիւններու թողած մեծ բացը լրացնելու միտումով։ Այս խնդիրը սակայն ունի իր պատմականը։ Պէտք է արձանագրել,...

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

25 սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «էլիթ փլազա» կեդրոնի «Մանթաշով» դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացումը: 25-28 սեպտեմբեր երկարող այս ժողովը կազմակերպուած է ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ, անոր կը մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ Հայ դատի յանձնախումբերու ու գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ: Բացման պաշտօնական արարողութեան արտասանած իր խօսքին մէջ ՀՅԴ Բիւրոյի...

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ առաջարկած են թեքնիք ձեւաչափով եռակողմ հանդիպում կայացնել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, հաղորդած է Վոլոտիմիր Զելենսքի: Այժմ, ըստ Ուքրանիոյ նախագահին, Կիեւ ամերիկեան կողմէն առաջարկներ կը սպասէ ժամկէտին վերաբերեալ: Զելենսքի յայտնած է նաեւ, որ Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ իր հանդիպումէն ետք, ուքրանական եւ ամերիկեան բանակցային խումբերը պայմանաւորուած են խորհրդակցութիւններ կայացնել Պրիւքսելի եւ...

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

Թեհրան Ուաշինկթընին ներկայացուցած է նոր առաջարկ մը, որը կարելիութիւն կու տայ Հորմուզի նեղուցը վերաբանալու 7 օրուան մէջ եւ վերսկսիլ հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները, Նիւ Եորքի մէջ յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին, կը տեղեկացնէ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը: «Մենք միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներուն ներկայացուցած ենք ծրագիր մը, որ եթէ որոշակի պայմաններ բաւարարուին… նեղուցը կը բացուի 7 օրէն», ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի...

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

«Ոչ ոք կրնայ խօսիլ կամ բանակցիլ Լիբանանի անունով, բացի իր կառավարութենէն եւ անոր սահմանադրական կառոյցներէն», յայտարարեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամ երէկ ՄԱԿ-ի հարթակէն արտասանած իր խօսքին մէջ: ՄԱԿ-ի 81-րդ Ընդհանուր ժողովին Լիբանանի խօսքը արտասանելով վարչապետ Սալամ հիմնական երեք կէտերու մէջ ամփոփեց իր կեցուածքը: Արդարեւ, Լիբանանի գերիշխանութեան ամրապնդման, իսրայէլեան ուժերու հեռացման, տեղահանուածներու տունդարձին եւ վերակառուցման կողքին Սալամ ընդգծեց ՄԱԿ- ի կողմէ տրուած...

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

Շարունակելու Ենք Հայ Դատի Մեր Ծաւալուն Գործունէութիւնը, Մինչեւ Մեր Ազգային Նպատակներու Լիակատար Իրագործումը

Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը Հ․Յ․Դ․ Հայ Դատի համահայկական խորհրդաժողովի պաշտօնական բացման արարողութեանը. Գերաշնորհ Սրբազան Հայր, պատուարժան հիւրեր, ընկերներ ու հայրենակիցներ, Ահաւասիկ հայրենիքի մէջ կրկին կը գումարենք ՀՅԴ Հայ Դատի համաշխարհային մեր ցանցի Խորհրդաժողովը, որ ընդհանրապէս երկու տարին անգամ մը տեղի կ’ունենայ քննարկելու համար անցնող երկու տարիներու մեր գործունէութիւնը, ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովներու ճշտած ռազմավարութեան կիրարկումի հնարաւորութիւններն...

Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

Երեւան-Անգարա երկխօսութեան արդիւնաւորման համար Անգարայի դասական նախապայմանները նախապէս կ՛ամփոփուէին երեք կէտերու մէջ. Ա.- Հայկական ուժերու հեռացում Արցախի տարածքներէն եւ հակամարտութեան լուծում` Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջագիծին մէջ, Բ.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումի աշխատանքներու դադրեցում, Գ.- Յատուկ պայմանագիրով Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ընդհանուր սահմաններու ճանաչում: Այս նախապայմանները վերափոխուած են. թուրքեւ-ազրպէյճանական միացեալ դաշինքը, դերերու բաժանումով, կ՛արծարծէր այլ նախապայմաններ, որոնցմէ ամէնէն առաջնայիններն են. Ա.-...

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

Հայաստանի մէջ 25-28 սեպտեմբերին պիտի գումարուի ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համահայկական խորհրդաժողովը: ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւիրած համահայկական այս հաւաքին պիտի մասնակցին շուրջ քսան երկիրներէ ժամանած` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ: Խորհրդաժողովի նպատակն է գնահատել կառոյցներուն նախընթաց աշխատանքները, քննարկել ու համադրել յառաջիկայ գործողութիւններու հիմնական ուղղութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարել մարտավարական որոշակի վերանայումներ: Օրակարգի...

Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր

Կառավարութիւնը Կը Հրապարակէ «Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Մասին Զեկուցումը. Ս. Էջմիածին Կը Հակադարձէ

Երէկ հրապարակուած է «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ լուծման ուղիներուն մասին» զեկուցումը: Անիկա կազմուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ, որ անցեալ տարուընէ կը փորձէ գահէն հեռացնել Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` ներկայացնելով շարք մը լուրջ մեղադրանքներ: Վարչապետի աշխատակազմին մաս կազմող Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին զեկուցումը կ՛առաջարկէ ճգնաժամի յաղթահարման հինգ քայլէ բաղկացած ճամբու քարտէս. 1.- Բարենորոգման...

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ  Ամբողջութեամբ Վերահսկել  Հորմուզի Նեղուցին»

Սաֆաւի. «Իրան Պիտի Շարունակէ Ամբողջութեամբ Վերահսկել Հորմուզի Նեղուցին»

Հորմուզի նեղուցը «երբեք պիտի չվերադառնայ իր նախկին վիճակին», եւ Իրան պիտի շարունակէ «ամբողջութեամբ կառավարել եւ վերահսկել» այս ջրային ուղին, յայտարարած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Մոջթաբա Խամենէիի ռազմական հարցերով խորհրդական հազարապետ-զօրավար Եահիա Ռահիմ Սաֆաւի: Տեսանիւթի մը մէջ, զոր հրապարակած են իրանական «Ֆարս» եւ «Թասնիմ»  լրատու գործակալութիւնները, Սաֆաւի կը պնդէ, որ Իրանն ու Օմանը «համաձայնութեան եկած են նեղուցի կառավարման եղանակին շուրջ,...

Page 1 of 795 1 2 … 795

Արխիւներ