Ազրպէյճանի համար Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ միակ կարեւոր հարցը «մեր երկրին նկատմամբ տարածքային պահանջներու վերացումն է», 23 նոյեմբերին յայտարարեց Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Նշելով, որ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը նախաստորագրուած է ուաշինկթընեան պատմական վեհաժողովին ընթացքին, Պայրամով դիտել տուաւ. «Համաձայնագիրին նախաբանը եւ 17 յօդուածները հիմնուած են միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն եւ սկզբունքներուն վրայ: Ազրպէյճան բացայայտ կերպով յայտարարած է, որ համաձայն է վերջնականապէս ստորագրել համաձայնագիրը միայն մէկ պայմանով` Հայաստանի Սահմանադրութենէն պէտք է վերցուին Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները»:
«Ատիկա Հայաստանի ներքին գործընթացն է, եւ անոր իրականացման ժամկէտներու որոշումը մեր կարողութիւններէն դուրս է: Ես պիտի չուզէի մեկնաբանել Հայաստանի Սահմանադրութեան վերաբերեալ այսօր ներկայացուած առաջարկը: Ատիկա Հայաստանի ներքին գործն է», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ իրենց համար կարեւորը տարածքային պահանջներու բացակայութիւնն է:
«Դատելով հրապարակուած բնագիրէն` ներկայիս նման պահանջներ չկան անոր մէջ: Մենք զայն շատ բարձր կը գնահատենք», եզրափակեց ազրպէյճանցի պաշտօնատարը:


