Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 136-ամեակի այժմէական խորհուրդներէն հաւանաբար ամէնէն առանցքայինը կը վերադառնայ իր ակունքներուն` հիմնադրութեան բուն շարժառիթին: Դաշնակցութիւնը կը համախմբէ ազգային առողջ ուժերը. անոնք, որոնք վճռած են անսակարկ, անզիջում, անտեղիտալի եւ անմնացորդ նուիրուիլ հայրենիքի ազատագրութեան դատին:
Համախմբելը դիւրին գործ չէր. կային գաղափարական տարբերութիւններ, ուղղուածութեան տարբեր հակումներ, գործելաձեւի լուրջ խնդիրներ: Սակայն մէկ էր նպատակը. փրկել հայը ամէն տեսակի շահագործումէ: Այդ շահագործումը ունէր թէ՛ ընկերային, թէ՛ մարդկային, թէ՛ աշխատաւորական, թէ՛ ազգային եւ թէ՛ քաղաքական բնոյթ: Հետեւաբար ազատագրումը այդ բոլոր ուղղութիւններով էր: Աշխատանքի ազդեցիկութիւնը ապահովելու համար չէր միայն միութիւնը, կամ յեղափոխականները մէկ դրօշի տակ բերելու որոշումը: Ազգի համախմբման գաղափարախօսութիւնն էր Դաշնակցութիւնը, որ յաջողեցաւ ի մի հաւաքել այս գաղափարով տոգորուած բոլոր ուժերն ու անհատները եւ պարզել ազատութեան դրօշը. իսկական յեղափոխութեան դրօշը:
Դաշնակցութեան հիմնադրութեան շարժառիթներուն եւ յայտարարած նպատակներուն ետին գոյութիւն ունեցող արժէքները` թէ՛ գաղափարախօսական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ մարդկային եւ թէ՛ ազգային առումներով` այսօր ենթարկուած են արմատական փոփոխութիւններու: Պետութիւններ աշխատած են արժէքափոխութիւնը իրականացնելու համար: Գաղափարազրկելու համաշխարհային ալիքը հարուածած է նաեւ մեր հայրենիքը, ուր հետզհետէ պետական մակարդակի վրայ տեղաւորուած են այս նոր ապարժէքները: Ապարժէքացման այս արշաւին համար այսօր թիրախաւորուած է Անկախութեան հռչակագիրը, ուր իբրեւ իրաւադրոյթ ամրագրուած էին ՀՅԴ Ծրագիրին մէջ ձեւակերպուած առաջադրանքերը` Ցեղասպանութեան ճանաչում, Արցախի վերամիաւորում, համայն հայութեան իղձերու կենսագործում, պատմական արդարութեան վերականգնում եւ Մայիս 28-եան աւանդներու իրաւաժառանգութիւն: Դաշնակցութեան ծրագրային առաջադրանքներու պետականացումը` Անկախութեան հռչակագիրով, Դաշնակցութեան հիմնադրութեան բուն շարժառիթին` ազգի համախմբման պետաիրաւական ուժի ապահովումն էր: Հիմա, համազգային այդ գաղափարախօսութիւնն է, որ թիրախաւորուած է:
Հետեւաբար դարձեալ ազգային ուժերու համախմբման եւ Անկախութեան հռչակագիրի պահպանման խնդիր ունինք բոլորս: Դաշնակցութեան ակունքային էութիւնը վերաիմաստաւորուելու եւ վերագործարկուելու հրամայականին առջեւ կանգնած է այսօր. համախմբուիլ եւ յառաջ տանիլ հայրենիքի փրկութեան գործը:
Դաշնակցութեան աշխարհացրիւ կառոյցներէն` Լիբանանի կազմակերպութիւնը միշտ յառաջատար եղած է համակուսակցական գործունէութեան մէջ: Համայնքային իր իւրայատկութիւններով, քաղաքական գործօնի հանգամանքով, համայնքը համախմբելու կարողականութեամբ, համայնքի անվտանգութիւնը պաշտպանելու հմտութիւններով` ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը տասնամեակներ շարունակ ամբարած է հսկայական փորձառութիւն` տարբեր բնոյթի ճգնաժամեր դիմակայելու եւ յաղթահարելու իր դէմ ցցուող բոլոր արգելքները:
Ամէնէն համախումբ այս համայնքը, Դաշնակցութեան ջանքերով, պիտի կանգնի Անկախութեան հռչակագիրի պահպանման պայքարի առաջին գիծին վրայ` ամրօրէն հաւատացած, որ ձախողութեան պիտի մատնուին ազգի պառակտման սպառնացող ծրագրուող հանրաքուէի կազմակերպման ուղղուած բոլոր նախաձեռնութիւնները:
ՀՅԴ Մանիֆեստի բառերուն հետեւողութեամբ` «Սպասելու ժամանակ չէ… Համախմբուե՛նք, հայեր, եւ քաջութեամբ առաջ տանենք Անկախութեան հռչակագիրի պահպանման սուրբ գործը»:


