Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի աւագ խորհրդական Մոհամետ Մոխպերը զգուշացուց` Թեհրանը թոյլ պիտի չտայ, որ շրջանային այլընտրանքային ուղիները շրջանցեն իր աշխարհաքաղաքական շահերը, այդ պարունակին մէջ անդրադառնալով նաեւ «Թրամփի ուղի» նախագիծին:
«Կեղծ ուղիները» չեն կրնար փոխարինել «իրական միջանցքները»` ըլլայ ատիկա Իրանի հարաւը կամ հիւսիսը, ըլլայ Հորմուզի նեղուցի հարաւային ուղին կամ «Թրամփի ուղի»-ն («Զանգեզուրի միջանցքը»)», ԻՐՆԱ լրատուական գործակալութեան համաձայն գրած է Մոխպեր «Էքս»-ի իր էջին վրայ:
Ան ընդգծած է, որ շրջանին մէջ Իրանի աշխարհաքաղաքական շահերը կարմիր գիծ են` աւելցնելով, որ Թեհրան պիտի չարտօնէ զանոնք շրջանցել: Ան յորդորեց այլոց դասեր քաղելու Հորմուզի նեղուցէն:
Իրանեան այս արձագանգը երկրորդն է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ օր մը առաջ ազդարարուած` Սիւնիքի մէջ «Թրամփի ուղի» նախագիծի գործնական փուլի մեկնարկէն ետք:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային նախագիծի մեկնարկի յայտարարութեան օրն իսկ դիտել տուաւ, որ Իրանը մտադիր չէ բաւարարուիլ «Թրամփի ուղի» ծրագիրին իրականացման վերաբերեալ բացառապէս հայկական կողմին հաւաստիացումներով եւ պիտի շարունակէ ուշադիր հետեւիլ անոր ընթացքին:
Ասկէ բացի, հակառակ Իրանի աշխարհիկ իշխանութիւններու յայտարարութիւններուն, թէ «Թրամփի ուղի»-ին հարցով «կը վստահին հայ եղբայրներուն», շաբաթներ առաջ երկրի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերով խորհրդականը խիստ կերպով քննադատեց Հայաստանի վարչապետը եւ զայն մեղադրեց «Արեւմուտքէն կախեալութիւնը աւելցնելու մէջ»` պնդելով, որ ատիկա «թշնամութեան եւ լարուածութեան նոր գլուխ է Հարաւային Կովկասի մէջ»:
Անկէ քանի մը օր ետք Երեւան այցելած Իրանի փոխնախագահ Սէյիտ Համիտ Փուրմոհամետին Վելայաթիի քննադատութեան վերաբերեալ «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան մասնաւորաբար ըսաւ. «Հայաստանը եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը մեզի համար վստահելի են, եւ մենք իրենց հետ կապի մէջ ենք»:


