Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ. «Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Մինչեւ Յունուարի Վերջ Ֆինանսաւորումը Ապահովուած Է»

November 26, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի դէմ զինուորական գործողութեան մինչեւ յունուարի վերջ ֆինանսաւորումը ապահովուած է: Այս մասին «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ:

«Մինչեւ յունուարի վերջ, ըստ էութեան, ֆինանսաւորում յատկացուած է», ըսած է Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը խոստովանած է, որ յունուար 2027-ի սկզբնաւորութեան Քոնկրեսի վերահսկողութիւնը դեմոկրատականներուն ձեռքը անցնելէն ետք, Իրանի դէմ մարտական գործողութիւններ վարելու իր կարելիութիւնները կրնան սահմանափակուիլ:

Թրամփ պնդած է, որ այժմ Միացեալ Նահանգներ Իրանի վրայ լիակատար յաղթանակ կ՛արձանագրէ, սակայն մտավախութիւն յայտնած է, որ դեմոկրատականները կրնան «զայն պարտութեան վերածել»:

«Եթէ դեմոկրատականները ատիկա ընեն, անոնք պարզապէս պիտի վերցնեն յաղթանակը եւ զայն պարտութեան պիտի վերածեն», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

Նախքան այդ, «Էն.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը, յղում կատարելով աղբիւրներուն, յայտնած էր, որ ամերիկեան վարչակազմի բարձրաստիճան ներկայացուցիչները կը քննարկեն, թէ արդեօք կ՛արժէ՞, որ Միացեալ Նահանգները հարուածներ հասցնեն իրանեան ղեկավարութեան:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Էն.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Թրամփի վարչակազմը կը քննարկէ իրանցի բարձրաստիճան ղեկավարներ թիրախաւորելու հարցը` իրանեան վարչակարգի ծայրայեղականները հեռացնելու համար»:

«Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Իսրայէլ Քաց յայտարարած է. «Իրանի դէմ այս տարի Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կատարած զինուորական գործողութիւններէն ետք, Թեհրանը ներկայիս քիմիական զէնք կը մշակէ, իսկ Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները կը պատրաստուին հաւանական յարձակման»:

Ան նաեւ նշած է, որ թէեւ յունիս 2025 թուականին իրանեան հիւլէական կառոյցներուն Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու հասցուցած հարուածներէն ետք Իրան չէ վերսկսած իր հիւլէական ծրագիրը, սակայն «կան նշաններ, որ կը փորձէ այդ մէկը ընել»:

Քաց ըսած է, որ Իրան «քիմիական զէնք կը մշակէ», թէեւ չէ յստակացուցած, թէ ենթադրեալ ծրագիրը որքա՛ն յառաջընթաց արձանագրած է եւ այդ աշխատանքները ո՛ւր կը կատարուին:

«Իսրայէլ Իրանին պիտի չարտօնէ քիմիական զէնք ձեռք բերել», ըսած է ան` աւելցնելով, որ այս տարուան զինադադարէն ետք իրանցիները «փապուղիէն դուրս եկան եւ տեսան, թէ իրենց ի՛նչ պատահած է»:

«Անոնք կը ձգտին ստեղծել զէնք, որ պիտի արտօնէ մեր դէմ որոշակի հաւասարակշռութիւն ստեղծել», նշած է Քաց:

Իսրայէլի պետական «Քան» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտնած է, որ Իսրայէլը աւելի քան մէկ տասնամեակէ ի վեր տեղեակ եղած է Իրանի կողմէ քիմիական զէնքի մշակման մասին:

Պատկերասփիւռի կայանին հաղորդումով` քիմիական զէնքի ծրագիրին վերաբերող նիւթերը յայտնաբերուած են 2018 թուականին Իսրայէլի կողմէ գրաւուած իրանեան հիւլէական արխիւի որոշ փաստաթուղթերուն մէջ, սակայն անոնք չեն գրաւուած հիւլէական ծրագիրին աւելի անմիջականօրէն վերաբերող միւս փաստաթուղթերուն հետ:

Իրան կը հերքէ քիմիական զէնք մշակելու պնդումները: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղային նման տեղեկութիւնները կոչած է «կեղծիք» եւ Միացեալ Նահանգները մեղադրած երկարատեւ պատերազմ սկսելու համար անհիմն հիմնաւորումներ ստեղծելու մէջ:

Նախորդը

Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց

RelatedPosts

Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ  Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ  Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Ձախակողմեան Ժողովրդավարներ Կուսակցութիւնը Այզենքոթի Հետ Բանակցութիւններու Առկախումը Յայտարարեց

November 26, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն  Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Քըլըչ. «Պատմական Փոփոխութիւն Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ»

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։