Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նիսի քաղաքապետ Էրիք Սիոթի կոչ ուղղեց անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու ազատ արձակելու Ազրպէյճանի մէջ ապօրինի կերպով պահուող 20 հայ գերիները: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց քաղաքապետական խորհուրդի ժողովէն ետք, որուն ընթացքին խորհուրդը որոշեց քաղաքի պատուոյ քաղաքացիներ դարձնել գերիները:

Որոշումին համաձայն, գերիներէն իւրաքանչիւրին խորհրդանշական կնքահայր կամ կնքամայր դարձած է քաղաքապետական խորհուրդի անդամներէն մէկը:

«Քսան հայեր, որոնք դատապարտուած են շինծու մեղադրանքներով, տակաւին կը պահուին Պաքուի բանտերուն մէջ: Ազրպէյճանական վարչակարգը կը ձգտի ջնջել զանոնք մեր յիշողութենէն, բայց մենք Նիսի հայ համայնքին հետ կը պահանջենք անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը», գրած է Սիոթի Դիմատետրի իր էջին վրայ:

Հայ գերիներուն հետ համերաշխութեան իբրեւ նշան` Նիսի քաղաքապետարանի մուտքին ցուցադրուած են 20 հայ գերիներու դիմանկարները` զարդարուած հայկական դրօշակի գոյներու ժապաւէններով:

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարինա Պետրոսեան, որ մասնակցած էր քուէարկութեան, յայտնած է, որ ինք դարձած է Ռուբէն Վարդանեանի խորհրդանշական կնքամայրը` ընդգծելով, որ այս որոշումը կարեւոր բարոյական աջակցութիւն է գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ խորհրդանշական այս քայլը կը վերածուի իրաւական գործողութիւններու:

Քաղաքապետական խորհուրդի նիստին ներկայ եղած է նաեւ Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան` Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անգինէ Կիրակոսեանի նախաձեռնութեամբ: Պետրոսեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Սիոթիին եւ նախաձեռնութեան աջակցած քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն:

 

Նախորդը

Աուն – Սալամ Հանդիպում

RelatedPosts

Աուն – Սալամ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Աուն – Սալամ Հանդիպում

November 25, 2026
Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ.  Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ  Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Շնորհաւորական Նամակներ Ստացաւ. Մաքրոն. «Ֆրանսան Պիտի Շարունակէ Ներկայ Վճռորոշ Փուլին Լիբանանի Եւ Անոր Ժողովուրդին Կողքին Կանգնիլ»

November 25, 2026
Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։